Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիսանդրիի Բացում Եւ Սենեակի Անուանակոչութիւն. Գաղափարի Մարտիկ, Հրապարակախօս Սարգիս Զէյթլեան Մնայուն Ներկայութիւն Եւ Փարոս «Ազդակ»-ի Մէջ

August 12, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 9 օգոստոսին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարի մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուան խմբագրասենեակի անուանակոչում եւ կիսանդրիի բացում:

Բացման խօսքը «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ ըսաւ, թէ «Ազդակ»-ի մէջ որդեգրուած աւանդութեան ծիրին մէջ խմբագիրներու սենեակներէն մէկը կ՛անուանակոչուի դաշնակցական մամուլի ռահվիրայ համարուած, «Ազդակ»-ի մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած եւ գաղափարական հրապարակագրութեան մէջ առաջնորդի հանգամանք վաստակած Սարգիս Զէյթլեանի անունով:

Ան նշեց, որ Զէյթլեանի ստորագրութիւնը կրող յօդուածները լուսաւոր ուղիներ են, որոնք անցեալէն կու գան, ներկային ուղերձ կը փոխանցեն եւ ապագային կը նային, յատկապէս` ներկայ ճգնաժամին մէջ, երբ  ազգային արժեհամակարգը հաստատուն պահելու, հայոց դիմադրողականութիւնը զօրացնելու եւ հայկական արեւելումէն չշեղելու համար Սարգիս Զէյթլեանի հրապարակագրութիւնը կողմնացոյց է բոլորին` համազգային երթը շարունակելու համար:

Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց կուսակցական, հասարակական գործիչ եւ քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեանի, որ քանդակին հեղինակն է, հաստատելով, որ այսուհետեւ Սարգիս Զէյթլեան, որ արդէն ներկայութիւն է թէ՛  «Ազդակ»-ի արխիւային էջերուն ընդմէջէն, թէ՛ իր յղած պատգամներու այժմէականութեամբ, նաեւ ֆիզիքական ներկայութիւն պիտի դառնայ այդ կիսանդրիով:

«Մամուլի երախտաւորներու յիշատակին յաւերժացման քայլերը պիտի շարունակուին «Ազդակ»-ի կողմէ` ոչ միայն անոնց վաստակին իբրեւ յարգանք, այլ նաեւ իբրեւ ուղեցոյց եւ կոչ` մամուլի գործիչներուն, որպէսզի  քար մը աւելցնեն սարգիսզէյթլեաններու կառուցած գաղափարական համալիրներուն», եզրափակեց Վ. Էմմիեան:

Ապա ան հրաւիրեց քանդակագործը, «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն եւ Սարգիս Զէյթլեանի գործակից Երուանդ Փամպուքեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանը` քողազերծելու կիսանդրին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ առաջին հերթին լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանին հետ  ունեցած իր կապը` իբրեւ տնօրէն, գաղափարի դաստիարակ, կուսակցական ղեկավար ու գործակից ընկեր, հետագային նաեւ` բարեկամ ու նոյնիսկ մտերիմ, որ շատ մարդկային, ընկերային անձնաւորութիւն մըն էր: Ան դիտել տուաւ, որ Զէյթլեան երբեք չշեղեցաւ իր ազգային ու համամարդկային սկզբունքներէն` միշտ վեր դասելով ազգային ու կուսակցական շահերը անհատական ու հատուածական շահերէն, հաւատալով ազգային ուժ ստեղծելու անհրաժեշտութեան եւ յոյսը դնելով միասնականութեան ու սեփական ուժի վրայ:

Ապա Մ. Հերկելեան խօսեցաւ կիսանդրիի հեղինակ, կերպարուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանին մասին` նշելով, որ ան կեանքին մեծ մասը նուիրած է ազգային, հասարակական գործերու, որովհետեւ անդրադարձած է թէ կերպարուեստի մէջ որքան մեծ տաղանդ ունի, բայց եւ այնպէս, վերջին տարիներուն նուիրուեցաւ արուեստին եւ ստեղծեց այնպիսի վաստակ մը, որ մեր արուեստի պատմութեան մէջ կը մնայ իբրեւ ամէնէն կայացած, ամէնէն տաղանդաւոր արուեստագէտներէն մէկը:   «Յատկապէս անոր վերջին գործերը ցոյց կու տան, որ Ճանպազեան ոչ միայն կրնայ նմանութիւնը տալ, այլ նաեւ կրնայ հոգին ճանչնալ, դրսեւորել զայն եւ վերակենդանացնել այդ անձնաւորութիւնը: Սարգիս Զէյթլեանի այս քանդակը այդ իրականութեան վկայութիւններէն մէկն է», ըսաւ Մ. Հերկելեան` աւելցնելով, որ աչքերուն մէջէն կ՛արտացոլայ այն, ինչ որ Զէյթլեան գրած ու պատգամած է:

Ան ըսաւ, որ Յակոբ Ճանպազեանը  յուշարձանի առումով եւս ունեցած է ստեղծագործական բեղուն կեանք, անոր խաչքար-յուշարձաններուն եւ առանձին յուշակոթողներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւն ու յաջողը կը նկատուի Արամ Մանուկեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով Սարդարապատի համալիրի ծիրէն ներս զետեղուած յուշակոթողը, որ թէ՛ իր ոճով ու արտայայտչաձեւերով կը մերուի յուշահամալիրին հետ, եւ թէ՛ միաժամանակ կը տարբերի անկէ` իբրեւ ուրոյն յղացք:

«Այնուամենայնիւ, որպէսզի իմ գնահատանքները ազգային սնապարծութիւն չթուին ձեզի. հետեւեալ վկայութիւնը կ՛ուզեմ մէջբերել: 2010-ին քանատական կառավարութիւնը մրցոյթ կը յայտարարէ`  յուշարձան զետեղելու Աֆղանիստանի մէջ նահատակուած քանատացի հերոսներու յիշատակին:

«Տեղի ունեցաւ մրցում, Քանատայի տարբեր շրջաններէն մասնակցած բազմաթիւ կերպարուեստագէտներու ներկայացուցած ստեղծագործութիւններէն լաւագոյնը նկատուեցաւ Յակոբ Ճանպազեանի յղացքը եւ զետեղուեցաւ Թորոնթոյի մէջ: Ընտրողները օտարներ էին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ան համաքանատական այլ յուշարձաններ ալ զետեղէ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Յ. Ճանպազեան դուրս եկած է մեր հայկական շրջանակէն եւ հասած է օտարներուն», ըսաւ դոկտ. Հերկելեան` շեշտելով, որ ան երբեք նիւթաբարոյական ակնկալութիւն չէ ունեցած, այլ յաճախ ինք օժանդակող եղած է:

Ան շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի ընտանիքը` դիտել տալով, որ այդ քանդակով խմբագրատան մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Սարգիս Զէյթլեան:

Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեան, որ յայտնեց, թէ Սարգիս Զէյթլեան գաղափարի մարտիկ էր, որուն մասին շատ բան ըսուած է ու տակաւին պիտի ըսուի,  վկայելով, որ ինք Զէյթլեանի մօտիկ ընկերը եղած է, մղիչ ուժը` իր եւ շատ ուրիշներու, լծուելու կուսակցական, ազգային լրջագոյն գործերու, որոնք կը մնան որպէս յուշարձաններ իր ներաշխարհին մէջ:

«Կ՛ապրի մէջս ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը ամէն օր, ինչպէս` մեր բազում ղեկավարները, որոնք անցաւորաց փաղանգին կը պատկանին անդենականին մէջ: Ան խրոխտ, խիզախ, բայց նաեւ թաւշային նրբութեամբ իր ծրագիրները եւ իր աշխատանքները նուիրաբերեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` իր շատ համեստ կուսակցականի օրերէն մինչեւ իր ղեկավարի բարձր տրամադրութիւններով ստանձնած պարտականութիւններուն ընդմէջէն: Ես անձնապէս իմ ազգային դաստիարակութիւնս եւ ընկալումներս կը պարտիմ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանին», ըսաւ քանդակագործը:

Անդրադառնալով մերօրեայ կացութեան եւ մարտահրաւէրներուն` Ճանպազեան նշեց, որ եթէ մեր երիտասարդները իրենց առօրեային մէջ կարենան կենսագործել Սարգիս Զէյթլեանի եւ նմաններու անմար ոգին, մեր ժողովուրդը, մեր կուսակցութիւնը չի կրնար ընկրկիլ կամ դանդաղիլ` հաստատելով, որ սփիւռքի գաղութներու սարգիսներու նման տաղանդաւոր եւ հեռանկար ունեցող ղեկավարներու շնորհիւ է, որ կերտուեցան: Խօսելով կիսանդրիին մասին` ան ըսաւ, որ իր ամբողջ տաղանդը ներդրած է Զէյթլեանի աչքերուն մէջ: «Երբ կը նայիմ այս աչքերուն խորը, կը տեսնեմ իր ներկայութիւնը այսօր այս սենեակին մէջ: Եւ թող որ այս  կիսանդրին միայն պատահական կիսանդրի չմնայ: Անոր դիմացէն անցնողները թող զայն լուսաճաճանչ փարոս նկատեն եւ իր ձգած յիշատակներուն ընդմէջէն նուիրաբերուին այս տունէն արձագանգող իւրաքանչիւր բառի, նախադասութեան, գաղափարի շուրջ: Մնացէք առողջ, զգօն եւ ապահով: Մենք կը դիտենք այս սենեակը հեռուէն, ինչպէս ըսի, որպէս փարոս, եւ փարոսի ներկայութիւնը այսուհետեւ նաեւ պիտի զգենու ընկ. Սարգիսի այս կիսանդրին», եզրափակեց Յ. Ճանպազեան:

Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանի նկարագրային հիմնական գիծերը` գաղափարի մարտիկ, բազմակողմանի յատկանիշներու տէր, գաղափարական, քաղաքական, կազմակերպական կարողութիւններ ունեցող անհատականութիւն, խմբագիր, հրապարակագիր եւ վերլուծող: «Եւ տարօրինակ չէ, որ հոս ըլլայ այդ մէկը` «Ազդակ»-ի մէջ: Դաշնակցութեան մամուլի պատմութեան մէջ, թէ առ հասարակ հայկական հրապարակագրութեան մէջ յստակ եւ նշանակելի է Սարգիսի գրիչը, որ կը փայլի առաջին հերթին, բացառիկ անկեղծութեամբ, բծախնդրութեամբ, տրամաբանութեան ճշգրիտ մտաշարով, ճիշդ արեւմտահայերէնով, խօսքի ուղիղ ճակտէն ճիշդ ուղղուածութեամբ, աւելորդաբանութիւններէ զերծ, խիզախ արտայայտութեամբ,  դիւանագէտի հմտութեամբ, բայց` ոչ դարձդարձիկ ճոռոմաբանութեամբ, վարքագիծի ուղղութեամբ, գաղափարի թէ գաղափարական սկզբունքներու անզիջող ու յատուկ պաշտպանութեամբ, անվախ համարձակութեամբ, յանդգնութեամբ, եւ միշտ իր մտասեւեռումը ունենալով համահայկական հորիզոնները ու ազատ, անկախ եւ ամբողջական ժողովրդավար Հայաստանը», ըսաւ ան:

Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Սարգիս Զէյթլեանը ուզեցին լռեցնել, որպէսզի անոր գրիչի մելանը դադրի հոսելէ, բայց ձախողեցան կասեցնել ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի մտքի թռիչքը, սաւառնումը` Լիբանանէն Երեւան, Արցախ եւ ամէն տեղ, ուր շնչող հայ կայ եւ մտածող հայ միտք:

«Այսօր այս խորհուրդով կ՛անուանակոչենք «Ազդակ»-ի այս խմբագրասենեակը` Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի ներկայութեան: Ասիկա օրինակ է հոս, ներշնչումի աղբիւր, թռիչքի ուղղութիւն եւ ընդհանրապէս դպրոց` մամուլի մեր բոլոր ծառաներուն: Այդպէս եղած էր ընկ. Սարգիս մեր սերունդին համար, եւ հպարտ ենք ես եւ իմ նմանները, որ մամուլի մեր աշխատանքներուն մէջ աշակերտած ենք ընկ. Սարգիսի նման հսկայի մը հովանիին ներքեւ: Այսպէս պէտք է ըլլայ հոս, այս խմբագրասենեակին մէջ, կամ ընդհանրապէս «Ազդակ»-ի տարածքին ներկայ խմբագիրներուն համար եւ այսպէս պէտք է ըլլայ մեր սիրելի ապագայ լրագրողներուն համար», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` յոյս յայտնելով, որ կիսանդրին` իբրեւ փարոսը, շողայ, շարունակէ ճառագայթել գալիք սերունդներուն համար, որպէսզի ընկ. Սարգիսի յիշատակը չէ, որ թարմ մնայ, այլ ընկ. Սարգիսի մտքերը, թռիչքը, հոգին շարունակեն մնալ մեր, մեզմէ ետք գալիք եւ ատկէ ետք գալիք բոլոր սերունդներուն, մինչեւ որ ընկ. Սարգիսի բոլոր երազները իրականանան:

Նախորդը

Ս. Պատարագ` Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Էմիլ Օտերօ Փոխ Տրուեցաւ Ինթեր Միլանի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.