Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Դ. – ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Ռաուտայի Մէջ

August 12, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութեան առողջապահական կարիքները գոհացնելու համար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ձեռնարկած անվճար ծառայութիւններու արշաւին չորրորդ հանգրուանը եղաւ Ռաուտան:

Ուրբաթ,  4 օգոստոս 2023-ին կեդրոնէն բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Ռաուտա եւ տեղւոյն հայութեան մատուցեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:

Առողջապահական օրը  վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ կեդրոնին տնօրէնութեան կողմէ` գործակցաբար ԼՕԽ-ի տեղւոյն «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան:

Արդարեւ,  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկը, հիւանդապահուհիներն ու ընկերային ծառայողները ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան ակումբին մէջ ընդունեցին ներկայացող պարագաները եւ առողջապահական խնամք մատուցեցին անոնց: Կատարուեցան ընդհանուր մարմինի, արեան ճնշումի եւ շաքարի քննութիւններ, որոնց արդիւնքներու լոյսին տակ յառաջիկայ օրերուն պիտի կատարուին  համապատասխան հետապնդումներ:

Պատուիրակութիւնը կատարեց նաեւ տնային այցելութիւններ` շրջանին մէջ բնակող հայորդիներու:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը Լիբանանի այս տագնապալի օրերուն նախանձախնդիր է հայազգի զաւակներուն  ընկերային եւ առողջապահական կարիքները հոգալու:

Ուստի յիշեալ նախաձեռնութիւնը, ՀՅԴ կոմիտէութիւններու եւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու հետ գործակցաբար,  յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի շարունակուի նաեւ  հայաշատ հեռակայ այլ շրջաններու մէջ: Շաբաթ, 19 օգոստոսին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւնը իր անվճար ծառայութիւնները պիտի մատուցէ Ֆանարի հայութեան:

                                                                                                      ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ

Նախորդը

Ինչո՞ւ Ամառը Անտառներուն Մէջ Հրդեհներ Կը Յառաջանան

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ամառնային Ծրագիրը Մեծ Ոգեւորութիւն Պատճառեց Մասնակիցներուն

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.