Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ամառնային Ծրագիրը Մեծ Ոգեւորութիւն Պատճառեց Մասնակիցներուն

August 12, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրը, որ այս տարի կը կրէ «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3» անունը, ընթացք առաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ, 7 յուլիսին եւ պիտի երկարի մինչեւ 16 օգոստոս: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու համար «Ազդակ» զրուցեց ամառնային դպրոցի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մակի Պօղոսեանի, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի, ինչպէս նաեւ ամառնային դպրոցի այլ պատասխանատուներու հետ:

«Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ի մօտ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մակի Պօղոսեան նկատել տուաւ, որ երրորդ տարին ըլլալով` ամառնային դպրոցի ծրագիրը ընթացք առաւ աշխուժ թափով, եւ որուն գերագոյն նպատակն է զարկ տալ հայ մանուկին արուեստի հմտութիւնները զարգացնելու եւ յայտնաբերելու անոր կարողականութիւնները` զանազան գործունէութիւններու ընդմէջէն, ինչպէս` պար, երգ, թատրոն, գծագրութիւն, մոզայիք, մոմ, կարպետագործութիւն, լուսանկարչութիւն, ձայնի հաղորդավարութիւն, քանդակագործութիւն, երաժշտական գործիքներու ծանօթացում: Ան ըսաւ, որ աշակերտները ունին նաեւ արտադասարանային դաստիարակչական պտոյտներ, դասախօսութիւններ եւ պատմութիւններ: Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի բոլոր պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ բարերարներուն, որոնց տքնաջան եւ նուիրեալ աշխատանքով կարելի եղած էր յաջողցնել սոյն օգտաշատ ծրագիրը:

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան  նկատել տուաւ, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի ուզեց անուանել դպրոցը «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3», որովհետեւ պատանիները ուղղակիօրէն արուեստի եւ մշակոյթի կեանքով կ՛ապրին, եւ վեց շաբթուան փորձառութիւնը անոնց  մէջ արուեստի սէրը արթնցնելով` ձմրան եղանակին կը միանան Համազգայինի

Գեղարուեստի դպրոցներուն: Ան բացատրեց, որ Համազգայինի ամառնային դպրոցի ծրագիրը կը տարբերի միւս դպրոցներէն, որովհետեւ զուտ մշակութային դպրոց է, արուեստ ջամբող, արուեստ ներկայացնող: Դասացուցակը կ՛ընդգրկէ` ձեռային աշխատանք, հիւսք, մոզայիք, մոմ, երգ, պար, թատրոն, գծագրութիւն, կաւագործութիւն, դաստիարակչական խաղեր, դասախօսութիւններ: Իւրաքանչիւր շաբաթ կը հիւրընկալենք հիւր մը, որ կ՛անդրադառնայ նիւթի մը, որ կը նպաստէ մանուկներուն  զարգացման, նաեւ` ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցման: Հարպոյեան ըսաւ, որ նոյնիսկ ներկայացուած պատմութիւնը գիրքի ընթերցում չէ, այլ` բան մը սորվեցնել, կեանքի դաս մը փոխանցել է, մանուկներուն լուսաբանութիւններ տալ է, որմէ ետք առիթ կը տրուի անոնց հարցումներ ուղղելու եւ արտայայտուելու, որպէսզի գիտնանք, թէ մանուկները ինչպէ՛ս կը մտածեն եւ ի՛նչ ունին ըսելիք` օրուան նիւթին հետ կապուած: Հարպոյեան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր շաբաթ նաեւ երաժշտական գործիքի ծանօթացում կ՛ըլլայ, որպէսզի մանուկները սորվին, թէ կեդրոնէն ներս ի՛նչ գործիքներ կը դասաւանդուին, եւ եթէ այդ գործիքին հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն ունին, արձանագրուին: Շաբաթական դրութեամբ իրենց նաեւ կը ներկայացուի Համազգայինի հետ առնչուած նիւթ մը, որուն մասին գրութիւն մը կը պատրաստեն: Շաբթուան մէջ երկու անգամ ծրագիրներ կան, որոնք կը միտին աշակերտներուն սորվեցնել խմբային աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, իրարու գաղափար յարգելը, իրարու տեսակէտները ընդունիլը, փոխադարձ յարգանքը: Անշուշտ ծրագիրը կը ներառէ նաեւ այցելութիւններ եւ պտոյտներ, որոնք դարձեալ կը փոխանցեն մշակոյթ եւ արուեստ: Հարպոյեան այդ այցելութիւններէն նշեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ այցը, որուն նպատակն էր մանուկներուն ցոյց տալ, թէ Համազգային Գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային հետեւելով` կրնան ապագային արուեստագէտներ դառնալ, եւ իրենց գործերը եւս կրնան ցուցադրուիլ սոյն ցուցասրահին մէջ, նաեւ` Համազգային «Վահէ Սէթեան» տպարան, որուն ընթացքին մանուկները մօտէն ծանօթացան տպարանի աշխատանքներուն եւ նուէր գիրքեր ստացան տպարանի տնօրէնութեան կողմէ: Աշակերտները այցելեցին նաեւ «Աղբալեան» համալիրին մէջ գործող Համազգայինի կեդրոնը եւ մօտէն ծանօթացան աշխատանքներուն: Հարպոյեան բացատրեց, թէ իւրաքանչիւր թեմա, թէ կը ներկայացուի որպէս դասապահ, ունի իր նպատակը, ինչպէս, օրինակ, հիւսքը, որ կը ծանօթացնէ կարպետագործութեան աշխատանքը, եւ կը ներկայացուի կարպետի դասընթացքը, որուն մասին դասախօսութիւն կը տրուի եւ ծանօթացում կ՛ըլլայ: Շաբաթը անգամ մը մարզանքի դասապահը զիրենք նստակեաց կեանքէն դուրս կը հանէ եւ կը զգան, որ առողջ մարմին ունենալով` կրնան առողջ միտք ունենալ: Դաստիարակչական խաղերով կը զարգանայ աշակերտներուն մտածելակերպը: Հարպոյեան ըսաւ, որ այս տարի ամառնային դպրոցի մասնակիցները բաժնուած են երկու խումբի` «95-ամեակ»-ի խումբ` նկատի ունենալով Համազգայինի 95-ամեակը, որուն նուիրուած էին տարուան ընթացքին կայացած բոլոր ձեռնարկները, եւ` «Եարխուշտա» խումբ, ուր պարի աշխարհէն ներս ծանօթացան պարի տեսակներուն եւ եղանակներուն: Հարպոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ուսուցիչներուն, պատասխանատուներուն, գեղարուեստի ղեկավարներուն, այցելու ուսուցիչներուն, որոնք երաժշտական գործիքներ ծանօթացուցին, անձնակազմին, ամառնային դպրոցի յանձնախումբին, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք  սատարեցին սոյն ծրագիրի յաջողութեան: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատու հաստատութիւններուն եւ բարերարներուն, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ ճաշ տրամադրեցին աշակերտներուն:

Ամառնային դպրոցի ձայնի հաղորդավարութիւն դասաւանդող ուսուցիչ Յովսէփ Թերզեան ըսաւ. «Կ՛ուզեմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ ինծի առիթ տուաւ մաս կազմելու ամառնային այս ծրագիրին եւ վայելելու այս նոր ու գեղեցիկ փորձառութիւնը: Երբ փոքրիկներուն կը դասաւանդեմ ձայնային աշխատանքի ձեւերը, անբացատրելի ուրախութիւն մը կը ծնի մէջս, երբ կը նկատեմ ուրախութիւն իրենց մանկական անմեղ աչքերուն մէջ, որ զիս կը մղէ տալու աւելին եւ լաւագոյնը միշտ ու միշտ: Դարձեալ շնորհակալութիւն` Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, որ առիթը շնորհեց գաղութի փոքրիկներուն վայելելու եւ փորձառութիւն ունենալու այս մարզին մէջ, ուր, վստահ եմ, շատ ուրախ ժամանակ կ՛անցընենք միասին: Կը մաղթեմ յարատեւ յաջողութիւն եւ վերելք: Կ՛ուզեմ աւարտել խօսքս` ըսելով, որ երաժշտութիւնը կը զգանք եւ կը վայելենք, երբ անշուշտ ամբողջ հոգիով եւ սրտով նուիրուինք: Շնորհակալութիւն»:

Ալիք Սուլեան` ամառնային դպրոցի պարի ուսուցչուհի, ըսաւ. «Համազգայինի անունը ինքնին արդէն կը յատկանշուի մշակոյթի հետ առնչուած դաստիարակութեան: Ըլլալով ամառնային դպրոց` մենք փորձեցինք իւրայատուկ ձեւով, ժամանցով եւ հաճելիօրէն հայ մշակոյթը փոխանցել մեր աշակերտներուն` հիմնաւորելով հայապահպանման գաղափարները: Մեր ամառնային դպրոցը կը տարբերի միւսներէն, որովհետեւ ան պարզապէս ժամանցի վայր չեղաւ, այլ ան իւրաքանչիւր աշակերտի խմցուց հայ արուեստի բաժակէն:

Ամառնային դպրոցի մոմի եւ հիւսքի ուսուցչուհի Աշխէն Աբրահամեան ըսաւ. «Երկրորդ տարին ըլլալով, որպէս դասատու` կարպետի, հիւսքի եւ մոմի պատրաստութեան, կրկնապատկուած հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն նկատեցի աշակերտներուն մէջ այս երկու նիւթերուն հանդէպ, մանաւանդ` տղոց, որոնք յաճախ ծիծաղելով ապագային «հարուստ գորգավաճառ» ըլլալ ցանկացին: Մոմի պարագան նոյնն է: Կարպետի հիւսքի նման արուեստախառն արհեստ է: Երբ պատրոյգը թաթխենք հալած մոմի փարաֆին կամ հալած մոմը փարաֆի պարպենք գաւաթի մէջ, կարծրանալէ ետք կը ստանանք պարզ մոմ: Բայց երբ գունաւորենք` խմորի վերածելով մատներու ճկուն շարժումներով, գեղեցիկ ձեւ տանք անոր կամ փորագրենք,  կը ստանանք արուեստի կտոր: Դասարանին մէջ աշակերտները հաճոյքով կը հետեւին մոմի պատրաստութեան եւ առանձին առանձին կը փորձեն»:

Ամառնային դպրոցի կաւով աշխատանքներու ուսուցչուհի Օսան Ղազարեան ըսաւ. «Համազգայինի «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ը շատ լաւ դպրոց մըն է մանաւանդ մանուկներուն համար, որովհետեւ անոնք կը ծանօթանան նոր ընկերներու, իրենց ժամերը կ՛անցընեն ուրախ մթնոլորտի մէջ` սորվելով իրենց նախասիրած բաները եւ այսպիսով կը զօրացնեն իրենց ունեցած տաղանդը եւ կ՛ըլլան տաղանդաւոր աշակերտներ, ապագայ տաղանդաւորներ եւ մեր մշակոյթը պահպանող անձեր: Կը գնահատեմ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած ամառնային դպրոցը: Վարձքը կատար` բոլոր պատասխանատուներուն: Կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ»:

Ամառնային դպրոցի գծագրութեան ուսուցչուհի Նարինէ Մարգարեան ըսաւ. «Յատուկ է յատկապէս ինծի համար պաշտօնավարել Համազգայինի «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3» դպրոցին մէջ, իբրեւ գծագրութեան ուսուցչուհի` ես ինքս շրջանաւարտ ըլլալով Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցէն: Այս ամառնային դպրոցը կը տարբերի միւս ամառնային դպրոցներէն` տրուած ըլլալով, որ հոս աշակերտը աւելի մօտէն կը ծանօթանայ մասնաւորապէս հայկական արուեստին ու մշակոյթին: Ես` իբրեւ գծագրութեան ուսուցչուհի, ինչպէս նաեւ` պաշտօնակիցներս,  մեր պարտականութիւնն է աշակերտին օգնել` զարգացնելու իր երեւակայութիւնը, արուեստի ճամբով արտայայտելու իր միտքն ու գաղափարը, ինչպէս նաեւ` քաջալերելու զինք, որպէսզի ստեղծագործէ` միեւնոյն ատեն զուարճանալով եւ ուրախ տրամադրութեամբ վերադառնայ տուն: Գնահատելի է, որ ծնողները  կը քաջալերեն իրենց զաւակները, որպէսզի ծանօթանան հայկական արուեստին ու մշակոյթին: Կը շնորհաւորեմ Համազգայինը 95-ամեակին առիթով` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ ու վերելքներ»:

Լուսանկարչութեան ուսուցիչ Ալեքս Կիւրիւնեան ըսաւ. «Ինծի համար շատ անակնկալ էր, երբ առաջարկուեցաւ, որ ամառնային դպրոցին մէջ լուսանկարչութիւն դասաւանդեմ: Հետաքրքրուեցայ աշակերտներուն տարիքով եւ բացատրութեան յատուկ ձեւ մը որդեգրեցի, որպէսզի դիւրին ըմբռնեն: Շատ լաւ կը հետեւին դասին: Իրենց տուի` լուսանկարչական դասեր, վիտէօ, տրոն, zoom, stands, roaming: Դասապահերս շաբաթը երկու անգամ են, եւ ամէն անգամ այլ գործիք մը կը տանիմ ու անոր մասին բացատրութիւն կու տամ: Խօսեցանք արբանեակներու մասին, քամերայի պատմութեան մասին, եւ աշակերտները բաւական տպաւորուեցան: Դրական երեւոյթ է, որ արհեստ եւ արուեստ միասին խառնուեցան այս անգամ, եւ կը կարծեմ, որ առաջին անգամն է, որ Համազգայինը նման բան կազմակերպած է: Այլ վարժարաններէ նման առաջարկ չէ ներկայացուած: Ուրախ եմ, որ Համազգայինի նման դպրոցի մը ուսուցիչ եմ: Մեզի համար արուեստը ամէն բանէ վեր է, Համազգայինը ամէն բանէ վեր է, որովհետեւ մեր մշակոյթը պահողը միայն Համազգայինն է»:

Նեկտար Փալազեան` ամառնային դպրոցի երգի ուսուցչուհի, ըսաւ. «Հայկական քանի մը վարժարաններէ ներս եղած եմ երաժշտութեան դասատու: Միշտ փափաքած եմ հայ երգը սորվեցնել հայ մանուկին: Կը զգամ, որ երգով մեր մշակոյթը կը վերապրի, եւ մեր ազգային ժառանգութիւնը այս ձեւով կը փոխանցենք սերունդէ սերունդ: Այս մէկը ընելու համար լաւագոյն վայրը կարելի է նկատել հայ մշակութային կեդրոններուն մէջ Համազգայինի «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ը, ուր փոքրիկները կը ծանօթանան հայկական արհեստին, արուեստին, ինչպէս նաեւ` հայկական երաժշտութեան: Այս տարի իմ երկրորդ տարիս ըլլալով, առիթը ունեցայ աշխատիլ այս փոքրիկներուն հետ` իրենց սորվեցնելով հայ երգը: Երգը իր դրական ազդեցութիւնը ունի հայ մանուկի հոգիին համար: Կը հաւատամ, որ երաժշտութիւնը կը զարգացնէ փոքրիկին ճաշակն ու կեդրոնացումը, միեւնոյն ժամանակ երգը առիթ չի տար, որ փոքրիկը մտածէ իր առօրեայ մտահոգութիւններուն մասին: Միշտ կը յիշեմ եւ կ՛ուզեմ այսօր դարձեալ յիշել Արամ Սաթեանի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Երբ կը լսես լաւ երգ, վատ արարքներ չես գործեր»: Ես հաւատացած եմ ասոր եւ կը կարծեմ, որ փոքրիկները երբ կ՛երգեն,  իրենց ամէնէն ուրախ ժամանակը կը վայելեն կեանքի մէջ: Երաժշտութիւնը հոգիին սնունդն է: Երգը  երաժշտութեան մաս կը կազմէ, որ ունի մեղեդի, չափ եւ բառեր: Աստուած շատ լաւ գործիք մը  ստեղծած է, որն է մեր կոկորդը, եւ ես կը նկատեմ զայն երաժշտութեան լաւագոյն գործիքը, որովհետեւ երբ մենք կ՛երգենք, կը գործածենք մեր կոկորդը, եւ միեւնոյն ժամանակ մեղեդին, չափը եւ բառերը դուրս կ՛ելլեն մեր կոկորդէն: Ասիկա հրաշալի գործիք մը կը նկատեմ եւ, ինչո՞ւ չէ, մեր մանուկները այս գործիքը գործածեն հայ երգը երգելով: Շատ մեծ հաճոյքով կ՛ուզեմ փոքրիկներուն սորվեցնել հայ երգը եւ լսել իրենց անմեղ եւ անուշ մեղեդիները: Կ՛ուզեմ, որ Աստուած ինծի այս նոյն ուժը եւ եռանդը տայ, որպէսզի նոյն ձեւով շարունակեմ այս առաքելութիւնը, սորվեցնելով հայ երգը ճիշդ ձեւով, որպէսզի նրբանայ իրենց ճաշակը եւ ազնուանան իրենց հոգիները»:

Ձեռային աշխատանքի ուսուցչուհի Թալին Մոսիկեան ըսաւ. «Համազգայինի «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ը մասնակցող փոքրիկներուն մօտէն կը ծանօթացնէ զանազան արուեստներու եւ հայկական մշակոյթին: Հետեւաբար այս ծրագիրով փոքրիկներուն առիթը կը տրուի իրենց ձիրքերը բացայայտելու եւ զարգացնելու: Շնորհակալութիւն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ տնօրէնութեան, որոնք նոյնիսկ ամրան տաք եղանակին զանոնք կը համախմբէ իր յարկին տակ ու լաւագոյնը փոխանցելով անոնց կը պարգեւէ հաճելի ժամեր եւ ուրախ մթնոլորտ»:

Թատրոնի ուսուցիչ Սուրէն Խտըշեան ըսաւ.

«Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ը իւրայատուկ է իր ձեւին մէջ, նախ` որովհետեւ աշակերտներուն մէջ կ՛արթնցնէ արուեստի սէրը եւ հետաքրքրութիւնը դէպի արուեստ, եւ այս մէկը շատ կարեւոր է, որպէսզի գաղութ պահուի, մշակոյթ պահուի, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ: Թատրոնը ինքն իր մէջ կ՛ընդգրկէ բոլոր արուեստները: Կարեւոր է, որ ոեւէ երեխայ, պատանի, թատրոնի դասեր առնէ, որովհետեւ թատրոնը նախ աշակերտին մէջ կ՛արթնցնէ ինքնավստահութիւնը, որովհետեւ երբ ան իր մարզանքները կը կատարէ իր դասընկերներուն դիմաց, այդ մէկը մեծ ինքնավստահութիւն կ՛արթնցնէ իր մէջ, երկրորդ` յիշողութիւնը կը զօրացնէ, երբ իր տողերը պիտի սորվի եւ արտասանէ, նաեւ կը սորվեցնէ խօսելու արուեստը` կէտադրութիւնը, ձայնը, բառեր արտասանելը, իսկ կարեւորագոյն բանը, որ կը սորվեցնէ,  կարգապահութիւնն է, որովհետեւ թատրոնը կարգապահութիւն կ՛ուզէ, եւ ներկայ սերունդին մէջ պակաս է կարգապահութիւնը: Թատրոնը կը նպաստէ, որ աշակերտը ապագային կարենայ հաղորդակցիլ իր ընկերներուն հետ: Կը սորվի պատասխանատու ըլլալ, որովհետեւ երբ ստանձնէ դեր մը, պատասխանատու կ՛ըլլայ անոր, որպէսզի կարենայ զայն լաւապէս կատարել: Թատրոնը աշակերտին մէջ կ՛արթնցնէ նաեւ ստեղծագործ հոգին»:

 

 

Նախորդը

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Դ. – ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Ռաուտայի Մէջ

Յաջորդը

Ս. Պատարագ` Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.