«Անմահներու փառապանծ ուղին եզերք ու հանգրուան չունի, անիկա սերունդներուն ուղղուած Պատուի ու Պարտքի յարատեւ պատգամն է` ուղղուած առ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, առ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, ուրբաթ, 28 յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կայացաւ հայրենի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՋԱՀ յանձնախումբի ատենապետ Նարէ Գալեմքերեան: Ան նախ ողջունեց ներկաները, ապա նշեց, որ զուգադիպութիւն չէ «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Լիզպոնի տղոց հերոսական արարքի 40-ամեակի յիշատակութեան առիթով ցուցադրուիլը, որովհետեւ ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեամբ դաստիարակուած տղոց անձնազոհութեան գաղափարը:
Այնուհետեւ խօսք արտասանեց հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան: Ան հիմնականօրէն բացատրեց, որ ժապաւէնը կը նկարագրէ իրական պատկերներ` նախքան գումարտակին մեկնիլը ռազմաճակատ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս շեշտը դրուած է Դաշնակցութեան վաշտերուն մեկնումին վրայ:
Ան դիտել տուաւ, որ շատ կարեւոր է, որ մենք մեր հերոսութիւնները լուսարձակի տակ պահենք, որովհետեւ այդ հերոսութիւններուն ընդմէջէն է, որ նոր սերունդները պիտի կազմաւորուին եւ աւելի յոյսով մեծնան:
Ս. Թադէոսեան նաեւ խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին: Ան ըսաւ, որ թէեւ դժուարութիւններու մէջ է գաղութը, բայց տակաւին յոյսը, կորովը, հաւատամքը պահած է` իր սկզբունքներուն եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ: Ան ողջունեց հայրենի հողին համար պայքարած լիբանանահայ երիտասարդները, յատկապէս յիշեց Գէորգ Հաճեանը, որ հակառակ ոտքէն վիրահատուած ըլլալուն` միացաւ Պռօշեանէն մեկնող կամաւորական ջոկատին եւ հերոսաբար զոհուեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ: Բեմադրիչը ողջունեց նաեւ Գէորգ Հաճեանի որդին` Թաթուլ Հաճեանը, որ ներկայ էր սրահին մէջ:
Ապա ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որուն մէջ նկարագրուած է «Կամաւորական շարժում» գումարտակի առաջին վաշտին մեկնումը յատկապէս շեշտը դրուած ու նուիրուած է «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկներուն վրայ, որոնք 44-օրեայ պատերազմին Վարանգաթաղի մարտագիծին վրայ բացառիկ սխրանքով կասեցուցին թուրք գրոհայիններու լայնածաւալ յարձակումը` թոյլ չտալով գարշելի ելուզակներուն թափանցել Մարտակերտ եւ Եղնիկներու պաշտպանական գօտի: Այդ հերոսական կռիւին զոհուած 24 մարտիկներուն 20-ը Պռօշեան համայնքէն էին, անոնց կարգին էր լիբանանահայ, Այնճարի ծնունդ, օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանը:
Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին մէջ կան իրական իրադարձութիւններ, ջոկատներ, կարեւոր ճակատամարտեր եւ անիկա յատկապէս ձօնուած է Պռօշեան համայնքի քսան զոհուած կամաւորականներու սխրանքին ու անմար յիշատակին: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 20 նահատակներուն ճակատագիրը:
«Անմահների ժամանակը» վաւերագրական ժապաւէնի Լիբանանի մէջ երկրորդ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:
Այնուհետեւ ժապաւէնը ներկայացուեցաւ նաեւ ԼԵՄ-ի բանակումի մասնակիցներուն, որոնք ոգեշնչուեցան ո՛չ միայն ժապաւէնին հպարտալի, յուզիչ, սակայն` խրախուսալի պատգամէն, այլեւ գոհունակութեամբ ունկնդրեցին Սամուէլ Թադէոսեանի տուած լրացուցիչ մեկնաբանութիւնները` ժապաւէնին մասին: