Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքը Ազգային Բուժարանին Մէջ` Մայիս-Յունիս Ամիսներուն

August 3, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս եւ յունիս ամիսներուն Ազունիէի Ազգային բուժարանը ունեցաւ աշխուժ գործունէութիւն, իսկ խնամակալութիւնը տուաւ պաշտօնական այցելութիւններ:

– Արդարեւ, ուրբաթ, 19 մայիս 2023-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութիւնը, որուն ատենապետը` Յակոբ Լատոյեան, լայն զեկոյց մը ներկայացուց կաթողիկոսին` իրենց տարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Արամ Ա. իր բարձր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն համար, յատկապէս` ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Ազգային բուժարանին մասին լայն եւ հետեւողական տեղեկութիւններ տալ ժողովուրդին:  Ան նաեւ թելադրեց, ընթացք տալու առընթեր, նաեւ յատուկ ծրագիրներ մշակել, որպէսզի աւելի լայն կարելիութիւններ ստեղծուին բուժարանի ծառայութեան:

– Չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին Ազգային բուժարանի խնամակալութիւնը, ընկերակցութեամբ բուժարանի նորընտիր տնօրէն Վահէ Գամպուրեանին,  իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին` Հայկազեան համալսարանի մէջ:  Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան նկարագրեց բուժարանի մէջ խնամուած տարեցներու եւ հիւանդներու համար տարուած գլխաւոր աշխատանքները: Ան դիտել տուաւ, որ վերջին հարիւր տարիներուն Ազգային բուժարանը խիստ կարեւոր դեր կատարած է լիբանանահայ գաղութին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ թոքախտի եւ այլ հիւանդներուն: Հայ առաքելական եկեղեցին (Կիլիկիա) եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը (ՄԱՀԱԵՄ) միասնաբար կը հովանաւորեն բուժարանը, որ այս տարի կը նշէ իր 100-ամեակը:

Լատոյեան յայտնեց, որ ապագայի առումով, Ազունիէի խնամակալութիւնը եւ երկու եկեղեցիներու պետերը բազմակողմանի ծրագիրի մը կը ձեռնարկեն` նպատակ ունենալով բուժարանը վերաշխուժացնել եւ զայն օժտել այնպիսի պայմաններով, որ հայերու եւ շրջանի ժողովուրդին իր կարեկցական ծառայութիւնը կարենայ մատուցել յառաջիկայ տարիներուն:

– Ազգային բուժարանի տնօրէն  Վահէ Գամպուրեան եւ խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան ներկայ գտնուեցան Ամերիկայի Հայ աւետարանչական (ԱՀՄԸ) գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ 12 յունիս 2023-ին, ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնին մէջ:

– Նախաձեռնութեամբ Հայ ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան, գործակցաբար Ազունիէի Ազգային բուժարանի տնօրէնութեան, 15 յունիս 2023-ին պատսպարեալներուն օդափոխութեան միօրեայ պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ Այնճար հայաւանին մէջ, ուր անոնք ծանօթացան տեսարժան վայրերուն, ապա կէսօրին ճաշեցին ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ:

Վերոյիշեալ ձեռնարկին ներկայ էին` Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը  եւ բուժարանի տնօրէն Վահէ Գամպուրեանը: Ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն էր, որ հրճուանքով լեցուց պատսպարեալներուն սրտերը:

– Երկուշաբթի, 19 յունիս 2023-ին բուժարան այցելեց վարսայարդար Ռազմիկ Հապէշեան (Razmig Gents Hairstylist)` ընկերակցութեամբ իր օգնական Յարութ Փոլատեանի: Այցելութեան նպատակն էր բուժարանի պատսպարեալներուն տրամադրել մազերու խնամք եւ յարդարում:  Վարձքը կատա՛ր Ռազմիկին եւ իր օգնական Յարութին, որոնց աշխատանքի աւարտին յստակ էր արդիւնքը մեր տարեցներու դէմքերուն վրայ:

– Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի 7-12-րդ դասարաններու աշակերտները, իրենց տարեվերջի  պտոյտի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 21 յունիս 2023-ին դէպի Պարուք, այցելեցին Ազգային բուժարանի պատսպարեալներուն` իրենց հետ ունենալով հիւրասիրութիւն (կարկանդակ), մօտէն կապ հաստատելով պատսպարեալներուն հետ: Երկկողմանի ուրախ եւ գոհունակ սրտով բաժնուեցան իրարմէ, եւ աշակերտները բուժարանին նուիրեցին 1.500.000 լ. ոսկի:

– Հովանաւորութեամբ Ազգային բուժարանի խնամակալութեան, հինգշաբթի, 29 յունիս 2023-ին, Ատհայի տօնին առթիւ, խրախճանք մը կազմակերպուեցաւ բուժարանի տնօրէնութեան կողմէ` ի պատիւ բուժարանի պաշտօնէութեան:

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած այս հաւաքին խօսք առաւ բուժարանի տնօրէն Վահէ Գամպուրեան, որ բուժարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անունով շնորհաւորեց Ատհայի տօնը` պաշտօնէութեան եւ անձնակազմին շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին եւ թափած ճիգին համար:

Ապա ներկաները ճաշակեցին բուժարանին կողմէ պատրաստուած աղանդերները եւ խորովածը` ճոխ մթնոլորտի մէջ երգելով եւ պարելով:

Վարձքը կատար բոլորին:

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԱԶՈՒՆԻԷԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների Ժամանակը» Փաստագրական Ժապաւէնը` Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Դ.

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.