Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ, չորեքշաբթի, 19 յուլիս 2023-ին տեղի ունեցած կարպետներու գողտրիկ ցուցահանդէսով աւարտին հասաւ Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց գրասենեակի կազմակերպած «Դուն քու կարպետդ հիւսէ» խորագրեալ աշխատանոցը:
Արդարեւ, 5-18 յուլիս երկարող շրջանին լիբանանահայ Ազգային Միացեալ, Հայ աւետ. քոլեճ, Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան, Հայ աւետ. կեդր. բարձր., Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ, ՀԲԸՄ, եւ Վահան Թէքէեան վարժարաններու 35 աշակերտներ եւ քանի մը ուսուցիչներ մասնակցեցան կարպետ հիւսելու դասընթացքին, որուն ընթացքին անոնք ոչ միայն ծանօթացան կարպետին եւ սորվեցան զայն հիւսելու վարպետութիւնը, այլեւ հիւսեցին եւ իրենց հիւսած աւելի քան 60 կարպետները հանրութեան ներկայացուցին վերոյիշեալ ցուցահանդէսին:
Մասնակից աշակերտները ջերմութեամբ կապուեցան կարպետագործութեան: Անոնք Հայկազեան համալսարանին մէջ օրական երեք ժամ տեւող աշխատանքէն ետք տուն տարին իրենց գործերը` տունը շարունակելու նպատակով: Գրեթէ բոլորը աւարտեցին իրենց առաջին կարպետները եւ անցան երկրորդին: Եղան ոմանք, որոնք սկսան իրենց երրորդ կարպետի հիւսքին, ուրիշներ իրենք որոշեցին իրենց հիւսքի նախշը, բուրդերուն գոյնը, ոմանք հիւսեցին իրենց անունը:
Աշակերտական առաւօտեան աշխատանոցին կողքին, յետմիջօրէին կազմակերպուած չափահասներու հնգօրեայ աշխատանոցին մասնակցեցան շուրջ 15 հոգի, որոնց գործերը եւս ցուցադրուեցան վերոյիշեալ ցուցահանդէսին` ընդհանուր թիւը հասցնելով 75 ցուցանմուշի:


