Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Վարդան Աւեսեանն Ու Մկրտիչ Միքայէլեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Վարդան Աւեսեանն Ու Մկրտիչ Միքայէլեանը

Արամ Ա. կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանն ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, հինգշաբթի, 15 փետրուար 2024-ի երեկոյեան: Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ): Բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ական Կալի Աւագեան, որ ընդգծեց արուեստի ու մշակոյթի կարեւորութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման մէջ...

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը Նշեց Վարդանանքը

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը Նշեց Վարդանանքը

Սուրբ Էջմիածինի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 5 փետրուար 2024-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի 5-րդ յարկի սրահին մէջ: Հանդիպումը կը զուգադիպէր Աւարայրի հերոսամարտի տարելիցին եւ վարչութիւնը յատուկ հրաւիրած էր Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը, որպէսզի Վարդանանցի պատգամներով ոգեւորէ ներկաները: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Յասմիկ Քէշիշեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հաւաքին առիթով յատուկ հրաւիրուած պատգամաբեր վարդապետը: Ապա խօսք առաւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն

Ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպման ընթացքին ընդհանրապէս քննարկուեցան Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Կեդրոնական կոմիտէն շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն Լիբանանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ գործնական զօրակցութեան համար: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Լիբանանի հայ համայնքին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող դրական նախաձեռնութիւնները` կարեւորութեամբ շեշտեց մեր...

Նարինէ Գրիգորեան Պէյրութի Մէջ «Գոմէշ»-ը Վիպակի Իր Առաջին Մենաներկայացումը Կատարեց

Նարինէ Գրիգորեան Պէյրութի Մէջ «Գոմէշ»-ը Վիպակի Իր Առաջին Մենաներկայացումը Կատարեց

Երէկ` ուրբաթ, 16 փետրուարին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմը համահունչ դարձած էր Հրանդ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» վիպակի միջավայրին: Խոտերով ու խուրձերով ծածկուած բեմահարթակին վրայ, Հայաստանէն ժամանած հայրենի արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան մենակատարութեամբ ներկայացուց Մաթեւոսեանի վիպակը: Մէկ ժամուան սահմաններուն մէջ, Գրիգորեան ճարտար ու նուրբ շարժումներով իր արուեստագիտական փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ լիբանանահայ հանդիսատեսի կախարդման: Արուեստասէր ընթերցողին ուշադրութեան յանձնենք, որ թատերախաղը ունի երկրորդ ներկայացում...

Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած  Ժողովրդային Տօնակատարութիւն Այնճարի Մէջ

Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Ժողովրդային Տօնակատարութիւն Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան նուիրուած  ժողովրդային տօնակատարութիւն: Բացման խօսքը արտասանեց Մարիա Աբէլեան, որ յիշելով տօնակատարութեան երեք առիթները` ըսաւ. «Արցախեան կորուստի ցաւը այնքան մեծ է, որ մենք ազգովին կքած ենք ցաւի եւ յուսահատութեան բեռին տակ: Վիճակը շատ ծանր է,...

«Ազդակ»-ի 64-րդ Առցանց Լսարան.  Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Յայտնաբերումներ Ներկայացուց Ներսէս Շնորհալիի Մասին

«Ազդակ»-ի 64-րդ Առցանց Լսարան. Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Յայտնաբերումներ Ներկայացուց Ներսէս Շնորհալիի Մասին

«Ազդակ»-ի 64-րդ առցանց լսարանի թեման էր «Ս. Ներսէս Շնորհալոյ երաժշտական աւանդը` նմոյշներ եւ նկատողութիւններ»: Դասախօսն էր նուագավար, երգչախմբավար եւ երաժշտագէտ, Փրակի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան, որ երկրորդ անգամն ըլլալով կը դասախօսէ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին: Առաջին դասախօսութեան հետեւած էին բազմաթիւ արձագանգներ` «Ազդակ»-ի լսարանի պատասխանատուներուն առաջարկելով, որ դոկտ. Իւթիւճեան յաճախակիօրէն հրաւիրուի դասախօսելու: Այդ առաջարկները վերահաստատուեցան  «Ազդակ»-ի 64-րդ լսարանին...

Տեառնընդառաջի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Թող Քրիստոս մեր ազգին համար միշտ լոյս դառնայ եւ լոյս մնայ մեր ընտանիքներու կեանքին մէջ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

Տեառնընդառաջի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Թող Քրիստոս մեր ազգին համար միշտ լոյս դառնայ եւ լոյս մնայ մեր ընտանիքներու կեանքին մէջ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ  հաւատացեալներու խիտ շարքերու ներկայութեան նշուեցաւ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման` Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը, երեքշաբթի, 13 փետրուար 2024-ի երեկոյեան: Միաբան հայրերու կողմէ աստուածաշնչական ընթերցումներէ եւ անդաստանի հոգեզմայլ արարողութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ընդգծեց Յիսուս Մանուկին տաճար ընծայման իմաստը ներկայ ժամանակներուն եւ ըսաւ, որ Աւետարանի իւրաքանչիւր նախադասութիւն...

«Մեր Կեանքին Մէջ Կուտակուող Խաւարը Կարենալ Փարատելու Համար Պէտք Է Ունենանք Լոյս»  Պատգամեց Շահէ Արք Փանոսեան

«Մեր Կեանքին Մէջ Կուտակուող Խաւարը Կարենալ Փարատելու Համար Պէտք Է Ունենանք Լոյս» Պատգամեց Շահէ Արք Փանոսեան

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ բացատրեց, որ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը ունի երկու երես. մին` եկեղեցական, իսկ միւսը` ժողովրդային, երկուքը իրարմով նուիրականացած` դարերու աւանդութեամբ եւ աղօթասացութեամբ: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ այդ ժամանակաշրջանին Երուսաղէմի մէջ ապրող Սիմէոն...

Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան Այցելեց «Ազդակ»

Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Խ․ Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական հիմնարկի տնօրէն փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան։ Փրոֆ․ Դանիէլեան Պէյրութ ժամանած է իբրեւ բանախօս «Ազդակ»-ի կողմէ կազմակերպուած՝ «Ազդակ»-ի աշխատակից դոկտ․Հրայր Ճէպէճեանի լոյս ընծայած նոր հատորի շնորհահանդէսին։ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» խորագիրը կրող հատորին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ»...

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ին Առաջին Հանդիպումը

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ին Առաջին Հանդիպումը

Չորեքշաբթի, 31 յունուար 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին  ձեռնարկած «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ին առաջին հանդիպումը: Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց, որ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ, գործակցաբար Սեն Ժոզեֆ համալսարանին, ձեռնարկած է «Օգնական...

«Ազդակ»-ի Առցանց Աշխատանքները Նոր Մեկնարկ Կ՛ապահովեն

«Ազդակ»-ի Առցանց Աշխատանքները Նոր Մեկնարկ Կ՛ապահովեն

«Ազդակ»-ի առցանց բաժինի աշխատակիցները երկուշաբթի երեկոյեան ունեցան առցանց նիստ մը։ Կը մասնակցէին «Ազդակ»-ի տնօրէնը, «Ազդակ»-ի առցանց լսարանները համակարգող եւ «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքը վերահսկող Մինաս Հանս Քէհեան (Երեւան), «Ազդակ»-ի կայքի ձեւաւորման պատասխանատու Սէրուժ Պաղտասարեան (Երեւան), «Ազդակ»-ի նիւթերը ընկերային ցանցերու վրայ տարածող Գէորգ Պուտագեան (Պէյրութ) եւ տարբեր հարթակներու վրայ ընթերցող լսարանի թիւի աճի  եւ թուային վիճակագրութեան հետեւող Քրիս Ժապպուր (Մարսէյ)։ Խորհրդակցական հանդիպումը...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան տարբեր շրջաններու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ վերջերս բազմացած են ապահովական միջադէպերը, այն աստիճան, որ շրջանին մէջ ստեղծուած է մտահոգիչ եւ լարուած մթնոլորտ: Նկատի ունենալով այս իրողութիւնը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կապ հաստատած է ապահովական բոլոր կառոյցներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջած աշխուժացնել շրջանին մէջ իրենց ներկայութիւնը` կացութիւնը զսպելու եւ շրջանին ապահովութիւնը պահպանելու նպատակով: Այս իմաստով քաղաքապետութիւնը կը յուսայ, որ գետնի...

Շնորհահանդէս` Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի Եռահատորին

Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի «Քաղաքներու Կախարդանքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախաձեռնութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի, ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի եռահատորին շնորհահանդէսը: «Ազդակ»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան: Ան դիտել տուաւ, որ գրողի մը առաքելութիւնը իր ներաշխարհի, միջավայրի, ժամանակաշրջանի ու շրջապատի հարազատ արտայայտութիւնն է, որոնց ազդեցութիւնը կարելի է շօշափել անոր տողերուն տակ, ուր կ՛անմահանան բարեկամի...

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, երեքշաբթի, 6 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ողջունեց թեմի հոգեւորական դասը եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները, որոնք իրենց աշխատանքով առիթ կ՛ընծայեն, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի քրիստոսադրոշմ կեանքը յարատեւէ, նաեւ` սփիւռքեան մեր...

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Յակոբ  Բագրատունին Եւ Իշխան Սաղաթէլեանը

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Իշխան Սաղաթէլեանը

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան առնչուած խնդիրներ ու մտահոգութիւններ, եւ շեշտուեցաւ երկրին ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու հրամայականը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առաւել ծաւալման կարելիութիւններուն, յատկապէս մեր...

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.   Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հաւատարիմ Մնանք Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Խորհրդանիշներուն»

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հաւատարիմ Մնանք Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Խորհրդանիշներուն»

Հայոց պատմութեան դարաւոր անցեալը վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց մղուած խիզախ օրինակներով լեցուն անցեալ մըն է: Որքան ալ տարիներու թաւալումով հեռանանք հայրենասիրութեան եւ արիութեան թարգման հանդիսացող վաղ անցեալի դէպքերէն, նոյնքան կը զգանք կարիքը մօտենալու անոնց պատգամին` կերտել կարենալու համար արդի մեր պատմութեան նոր յաղթանակները: Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Սրբոց Վարդանանց տօնը կը նշուի ամէն տարի` սուրբ պատարագի...

«Այս Աշխարհին Մէջ Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ուժով Ձեռք Կը Բերուին Եւ Հաւատքով Ու Նուիրումով Կը Պահուին»  Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

«Այս Աշխարհին Մէջ Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ուժով Ձեռք Կը Բերուին Եւ Հաւատքով Ու Նուիրումով Կը Պահուին» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, նաեւ Նորաշէնի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Պատարագին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի  ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի,  երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգային առաջնորդարանի յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն...

Վարդանանք Եւ Ղեւոնդեանք.  «Այս Հաւատքէն Մեզ Ո՛չ Մէկ Ուժ Կրնայ Խախտել»

Վարդանանք Եւ Ղեւոնդեանք. «Այս Հաւատքէն Մեզ Ո՛չ Մէկ Ուժ Կրնայ Խախտել»

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ եւ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան «Աւարայրէն Արցախ» խորագիրով Սրբոց Վարդանանց տօնահանդէսն ու Արցախի հերոս նահատակներու ոգեկոչումը: Հանդիսութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցիչը` Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, Գաբրիէլ...

Սրբոց Վարդանանցի Առիթով Հայ Աւետարանական Պաշտամունք

Սրբոց Վարդանանցի Առիթով Հայ Աւետարանական Պաշտամունք

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Լիբանանի Հովուական ժողովին կազմակերպութեամբ` Սրբոց Վարդանանց միացեալ պաշտամունքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 8 փետրուար 2024-ի առաւօտ` Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս: Պաշտամունքը ի մի բերաւ Պէյրութի եւ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցիները եւ ժողովուրդը, ոգեկոչելու համար հայ ազգին վճռորոշ դէպքերէն մէկը` Աւարայրի ճակատամարտը, եւ հայոց միասնական պայքարը իր հայ ու քրիստոնեայ ինքնութիւնը պահելու...

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտները Տպաւորիչ Յայտագիրով Ոգեկոչեցին Վարդանանց Տօնը

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտները Տպաւորիչ Յայտագիրով Ոգեկոչեցին Վարդանանց Տօնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեանց, ներկայութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, կ. ա. ժամը 11:00-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց աշակերտական տօնակատարութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Միացեալ...

Page 72 of 365 1 … 71 72 73 … 365

Արխիւներ