Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանք Եւ Ղեւոնդեանք. «Այս Հաւատքէն Մեզ Ո՛չ Մէկ Ուժ Կրնայ Խախտել»

Փետրուար 12, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ եւ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան «Աւարայրէն Արցախ» խորագիրով Սրբոց Վարդանանց տօնահանդէսն ու Արցախի հերոս նահատակներու ոգեկոչումը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցիչը` Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, Գէորգ թ. ծ. վրդ. Նորատունկեան, Նարեկ թ. ծ. վրդ. Նամոյեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, վարդապետներ, քահանաներ, պատուոյ հիւրեր ու մշակութասէր հասարակութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն հնչումէն ետք, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մարգրիտ Ազատեան, որ ըսաւ.

«Ազատ ու անկախ Արցախ…
Մասունք աստուածային…
Դու մեր լոյս հայրենիք…
Անյաղթելի մի բուռ աշխարհ…:

Քայլերգ մը, որ թէեւ պաշտօնապէս հնչելէ դադրած է, սակայն չի դադրիր թնդալէ իւրաքանչիւր հայ անհատի հոգիին ու մտքին մէջ»:

«Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան անունով բոլոր ներկաները ողջունելէ ետք, ան անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց, Վարդանանց եւ Արցախի հերոսներու հաւատքի զօրութեան, կամքի ուժին, զոհողութեան ոգիին, արժանապատուութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու վեհ առաքելութեան գիտակցութեան:

Այնուհետեւ Մարգրիտ Ազատեան շեշտեց. «Իւրաքանչիւր հայ պարտական է յարգանքի տուրք մատուցել մեր անմահ հերոսներուն, միեւնոյն ատեն մեր հաւատքի ու հայրենասիրութեան պայքարը մղել` հայկական մշակոյթին հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը ներկայացնելով: Փաստօրէն մեր մշակոյթը մեր ինքնութեան արտացոլումն է, զոր ժառանգած ենք մեր պապերէն, եւ մենք պարտաւոր ենք փոխանցել զայն մեր սերունդներուն: Անոր միջոցով կը վերանորոգենք մեր հաւատքն ու յոյսը` վերատիրանալու մեր սրբազան հողին, ինչպէս նաեւ մեր արդար ու վեհ իրաւունքին»:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ «Արծիւեան» երգչախումբին  հոգեպարար երգեցողութեամբ «Նորահրաշ պսակադիր» շարականին եւ «Հիմի է՞լ լռենք», «Արարատն առաջ», «Կովկասի քաջեր» ու «Խուժան ասկեար» երգերուն, խմբավարութեամբ` Նշան Մարաշլեանի եւ նուագակցութեամբ` Անթոնի Ղազալի եւ Նարեկ Քէշիշեանի:

Օրուան պատգամը ուղղեց «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Ան ողջունեց եւ  բարձր գնահատեց Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը, որ կը շարունակէ իր սկսած գեղեցիկ աւանդութիւնը` առաջնային կարգով տօնակատարելու Վարդանանքը, քանի իբրեւ խորհուրդ` ան իր մէջ կ՛ամփոփէ հայերուն համազգային միասնականութիւնը, քրիստոնէութիւնն ու տոհմայինը, հոգեւորն ու պետականը, ինչպէս նաեւ այդ փիլիսոփայութեամբ ազգը առաջնորդելու սկզբունքը, որ հազարամեակներէ ի վեր մեզ փրկած է իբրեւ քրիստոնեայ ու հայ, որմէ որեւէ շեղում հարուած է մեր համազգային երթին ու մեր յաւերժական ուղիին:

Վարդանանքը ամբողջական ծիրի մէջ ընկալելու համար` բանախօսը դիտարկել տուաւ երէկուան պայմանները, քաղաքական ճնշումները, մեր հայրենիքին պարտադրուող քաղաքականութիւնը եւ մատնանշեց անքակտելի կապը Ատոմեանցի, Վարդանանցի ու Վահանեանցի միջեւ: Յայտնեց, որ կրօնին ու հաւատքին կառչած մնալու առաջին օրինակը Ատոմեանք էին, ապա զանգուածային ճակատումով իմացեալ մահը ընտրեցին Վարդանանք, իսկ թշնամիին ծրագիրները ձախողեցուցին Վահանեանք:

Շ. Գանտահարեան համեմատական զուգահեռ գծեց մեր այսօրուան իրականութեան հետ` ճշդելու համար, թէ ո՛ւր կը գտնուինք այսօր իբրեւ ազգ ու պետութիւն, իբրեւ եկեղեցի ու պետութիւն, իբրեւ համատեղ դիրքորոշում որդեգրած ամբողջութիւն: Ան ներկայացուց Ատոմեանքը, որոնք մեր առաջին զոհերն էին Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ: Անոնք մերժեցին ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը եւ նախընտրեցին նահատակուիլ` կառչած մնալով իրենց կրօնին: Սումկայիթի մէջ հայ անզէն բնակչութիւնը կոտորուեցաւ հայ քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառով: Հայ-քրիստոնեայ միաձոյլ հասկացողութիւնն էր, որուն դէմ ցեղային զտումին դիմեց նորօրեայ Յազկերտը…

Ան անդրադարձաւ արցախեան պատերազմներու տարբեր փուլերուն` նշելով, որ եկաւ «Արցախեան Աւարայրը», եւ ամբողջ ժողովուրդը «ո՛չ» ըսաւ ազրպէյճանցի Յազկերտին: Երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան չենթարկուելու համար, դիմեց ինքնապաշտպանութեան` շրջելով կարգախօսը. «Ո՛չ թէ ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը, այլ` ձեր սուրին դիմաց մեր խաչն ու սուրը…»:

Պատմական ակնարկ կատարելէ եւ ներկայի հետ համեմատական գիծերը ներկայացնելէ ետք` բանախօսը կոչ ուղղեց  նոր վահանեան շարժումի եւ նոր ռազմավարութեան մը` համազգային նոր աւարայրներու տարբեր ոլորտներու մէջ` մեր արժէքն ու իրաւունքը պարտադրելու թշնամիին:

Ան այդ «Աւարայր»-ին պատրաստութեան համար մէջբերեց բացառիկ հռետոր եւ իմաստասէր, երջանկայիշատակ դոկտ. հայր Սահակ եպս. Կոգեանի հնչեցուցած անժամանակավրէպ ահազանգը` արտասանուած 1958-ին. «Արդ կ՛ըսեմ, երբ կրօնը դադրի ըլլալէ հոգին ձեր ընտանեկան եւ ազգային կեանքին, երբ եկեղեցիները մնան թափուր կամ դատարկ` ասպարէզ կռուի, երբ վիճակագրութիւնը ցոյց տայ, որ հայ ազգին մէջ աւելի են անկրօններն ու անհաւատները կամ ճշմարիտ աստուածապաշտները, երբ հայ ազգի մէջ հայհոյանքը աւելի տիրող դառնայ, քան` աղօթքը, երբ կրօն ու ազգ ըսեն` «ես» հասկնան, Աստուած ըսեն` «դրամ» հասկնան, գիտցէք, որ գազանը մարդադէմ հասած է իր նպատակին` հայադրուժ ու հայաջինջ…»:

Գանտահարեան լուսահոգի գերապայծառին այս խօսքով զգուշացուց ներքին պառակտումներէ եւ ընդգծեց, որ Հայաստանէն Արցախ ու սփիւռքեան բոլոր գաղութները  միասին համակարգուած ու նպատակաւորուած պէտք է ըլլան` յաղթահարելու հայերուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Շահան Գանտահարեան աւարտեց իր խօսքը` ըսելով, որ Աւարայրի սերունդը յաղթած է իր հաւատքի պայքարին մէջ, եւ այդ հաւատքն է, որ երբ այսօր վերակենդանանայ, վերստին կ՛ազատագրէ Արցախն ու կը զօրացնէ մեր պետականութիւնը, կը համախմբէ սփիւռքը իր կրօնական, կուսակցական ու միութենական բոլոր հատուածներով, անսասան կը պահէ հայկական եկեղեցիները, որուն համար մեր ազգը կարիքը ունի նոր Արտաշատի ժողովի,  ուր համատեղուին թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ զինուորականութիւնն ու թէ՛ սփիւռքը, բայց մանաւանդ բոլորը միասին «ո՛չ ըսեն» նոր Յազկերտին, միասին յայտարարեն, թէ «ո՛չ մէկ սուր, ո՛չ մէկ հուր կրնայ շեղել մեզ մեր հաւատքէն եւ հայրենիքի նկատմամբ մեր կապուածութենէն»:

Իսկ նոր Վարդաններ, Յովսէփ կաթողիկոսներ, Ղեւոնդ Երէցներ ու Վահան Մամիկոնեաններ կրնան «ո՛չ» ըսել թշնամիին, կերտել նոր Աւարայր մը եւ պարտադրել նոր Նուարսակի դաշնագիր մը` իբրեւ հայ-քրիստոնեայ շարունակելու համար մեր ազգին յաւերժական երթը:

Ապա Գէորգ Քէշիշեան շուիով, Վերոնա Ռուսիալեան դաշնակով եւ Նարեկ Քէշիշեան տհոլով «Գողթնի քնար», «Աւարայրի դաշտ», «Հայեր միացէ՛ք» եւ «Գետաշէն» երգերու երաժշտութիւնները թնդացուցին եւ լիացուցին ներկաներուն հոգիները: Անոր յաջորդեց Քրիստին Սրապոնեան-Սանոսեանի ասմունքը` Վահան վրդ. Յովհաննիսեանի «Հայրն ու որդին» եւ Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութիւններուն:

Ապա, յաջորդաբար Ալիս Իփրաճեան «Ղարաբաղ», Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթիւքճեան «Կռունկ» ու «Կիլիկիա»` նուագի ընկերակցութեամբ Ազնիւ Պաթիարի, եւ Վիգէն Տիշչէքէնեան «Ախբերս ու ես», «Կամաւորի երգ», «Լեռներ հայրենի» երգերով` նուագի ընկերակցութեամբ Քեւըն Եուսեֆի, ոգեւորեցին բոլոր ներկաները:

Յայտագիրին աւարտին` Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան բեմ հրաւիրեց բոլոր արուեստագէտները, գնահատական խօսքերով, ծաղկեփունջերով ու Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր յուշանուէրներով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ապա բեմ հրաւիրեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը` եզրափակիչ պատգամն ուղղելու:

Հոգեւոր տէրը այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականներուն, բոլոր ներկաներուն, մասնակցողներուն, կազմակերպողներուն եւ բանախօս Շահան Գանտահարեանին, որ իր խօսքով վերակենդանացուց անցեալը: Յիշեց իր աշակերտութեան օրերը, երբ կը լսէր Կոգեանը, Կռանեանն ու Պաթագեանը եւ բոլոր այն կղերականները, որոնք բեմէն Վարդանանց պատգամը կը հաղորդէին: Ան յայտնեց, թէ այս տօնահանդէսով իր սրտին մէջ վերակենդանացաւ հոգեւոր, մշակութային եւ երաժշտական միաւորումը, որ կ՛արծարծէ հայավառ խանդը իւրաքանչիւրիս հոգիին ու միտքին մէջ:

Ան շեշտեց. «Շատեր կ՛ըսեն, թէ Արցախը գնաց, բայց ինծի համար Արցախը մնաց, քանի որ ժամերը, օրերն ու դարերը կ՛անցնին, բայց մենք կանգուն ենք ու կը մնանք կանգուն…»: Հոգեւոր տէրը յորդորեց մնալ միասնական ու կենդանի ժողովուրդ` հաւատքով զօրացած, ինքնութեան ու հայապահպանման մնայուն պայքարով տոգորուած: Իր խօսքը ուղղելով արուեստագէտներուն` մաղթեց, որ շարունակեն եւ բազմանան` հայ մշակոյթը կանգուն պահելու համար: Հոգեւոր տէրը իր խօսքն աւարտեց եղբայրական ջերմ շնորհակալութիւն յայտնելով վեհափառ հօր, որ զինքը պատուեց իր ներկայացուցիչին ներկայութեամբ:

Պահպանիչ աղօթքէն ետք, «Հայր մեր»-ը երգուեցաւ միասիրտ ջերմեռանդութեամբ:

 

 

Նախորդը

Սրբոց Վարդանանցի Առիթով Հայ Աւետարանական Պաշտամունք

Յաջորդը

«Այս Աշխարհին Մէջ Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ուժով Ձեռք Կը Բերուին Եւ Հաւատքով Ու Նուիրումով Կը Պահուին» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?