Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարիա Աբէլեան, որ յիշելով տօնակատարութեան երեք առիթները` ըսաւ. «Արցախեան կորուստի ցաւը այնքան մեծ է, որ մենք ազգովին կքած ենք ցաւի եւ յուսահատութեան բեռին տակ: Վիճակը շատ ծանր է, ժամանակը` ճակատագրական»:
Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Հայաստան դարձած է Թուրքիա-Ազրպէյճան-Ռուսիա շահերու բախման թէժ կէտ: Փանթուրանական ծրագիրը այսօր աւելի կենդանի է: Դժբախտաբար նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց վարած ապազգային եւ զիջողական քաղաքականութեամբ, մեծ վտանգներու առջեւ դրած են մեր հայրենիքը: Միջազգային քաղաքական մթնոլորտը ի նպաստ մեզի չէ, եւ չունինք ապահով դաշնակիցներ: Աբէլեան շեշտեց, որ այս պայմաններուն մէջ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք կռուելու եւ ապաւինելու միայն մեր սեփական ուժերուն: Ան աւարտելով իր խօսքը` ըսաւ. «Այս հաւաքը ունի մէկ նպատակ միայն` ՎԱՆԵԼ ՄԵՐ ՍՐՏԵՐԷՆ ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ՆՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ»:
Օրուան առաջին պատգամաբերն էր վերապատուելի Ժիրայր Ղազարեան, որ անդրադարձաւ յաղթանակի ու պարտութեան երեւոյթներուն եւ ըսաւ, որ ամէն պայքար ունի աւարտ մը` յաղթանակով կամ պարտութեամբ: Բայց, երբ պատմութեան նայինք, պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ յաղթանակները չեն կրնար յաղթանակ մնալ, եթէ իսկական արժէքը չտանք անոնց, եւ պարտութիւնները կը մնան ձախողութիւն, եթէ չսորվինք անոնցմէ: Արագընթաց ենք յաղթութիւն յայտարարելու մէջ, բայց պարտութեան ժամանակ` բաւականին դանդաղ: Պատերազմին մէջ ինկողները 1036 դիակներ չէին, այլ` հայ նահատակներ: Ան նշեց, որ 451-էն ետք հայ ժողովուրդին պայքարը շարունակուեցաւ, եւ 484-ին Նուարսակի պատուաբեր դաշնագիրը կնքուեցաւ, եւ թէ` խղճի ազատութեան համար հայուն մղած պայքարն էր ասիկա` «Վասն Քրիստոսի, վասն հայրենեաց» հաւատքի արտայայտութիւնը:
Բանախօսը նշեց, որ «Վասն Քրիստոսի, վասն հայրենեաց»-ը իրարմէ անկախ երկու իրականութիւններ չեն, այլ` սերտօրէն իրարու զօդուած հաւատամք մը, երբ մարդուն սրտին մէջ եղած Աստուծոյ սէրը կը մղէ մարդը` իր հայրենիքն ու հողը սիրելու, իր հայրենիքին հոգ տանելու եւ զայն չկողոպտելու:
Վերապատուելի Ժիրայր Ղազարեան պատգամեց, որ այս օրերուն վերստին պէտք է որդեգրենք Վարդանանքի նշանաբանը, երբ բարոյական անկում կայ մեր շուրջ, երբ ընտանեկան քայքայումները կը շատնան, երբ քանդիչ բարքեր կը թափանցեն մեր մէջ, երբ անաստուածութիւնը նորութիւն կը նկատուի, երբ քաղաքական-ազգային խորունկ տագնապ կայ, երբ ոչ քրիստոնեայ հայեր ունինք, պէտք ունինք այս ընտրանքին ու հաւատամքին` «Վասն Քրիստոսի, վասն Հայրենեաց»:
Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ. «Ազգը թանկ է մեզի համար, բայց շատ աւելի թանկ` ազգակիցներուն հոգեւոր վիճակն է: Եթէ հոգին պատրաստ է ու` գօտեպնդուած, այն ժամանակ հողն ու ազգը անշարժ կը մնան»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտները` ներկայացնելով քանի մը հայրենասիրական երգեր, նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
Երկրորդ բանախօսն էր Խաժակ Այնթապլեան, որ յիշելէ ետք այնճարցիներու աւանդական դարձած միասնական եռատօնը` ըսաւ. «Այս օրը մենք միասնական ձեռնարկով մը կը տօնակատարենք Վարդանանց հերոսամարտը, Փետրուարեան ապստամբութիւնն ու արցախեան ազատամարտը: Այնճարցիական այս աւանդական մտածելակերպը կը կրէ դրոշմը մուսալեռցիական աւանդապահ նկարագիրին ու իր մէջ կ՛ընդգրկէ` յարգանք ազգային բոլոր արժէքներուն հանդէպ, հայրենասիրական ջահը վառ պահելու նախանձախնդրութիւն եւ այդ ջահը սերունդներուն փոխանցելու պարտաճանաչութիւն»:
Ան հարց տուաւ, թէ արդեօ՞ք կ՛արժէ այս դարուս մնալ այսքան աւանդապահ, ու պատասխանեց. «Մարդկային մտածելակերպը կը փոխուի, ու ճաշակը նորաձեւութեան կ՛ենթարկուի, այս բոլորին հետ միասին կարծէք թէ քաղաքականութիւնն ալ նորաձեւութեան կը հետեւի: Զարգացած ու հզօր պետութիւններ քաղաքական եւ տնտեսական թաքուն նպատակներ հետապնդելով` կեղծ ազատութեան հիւանդութեամբ վարակած են յատկապէս Միջին Արեւելքը, որուն բնակչութիւնը ինքնիր ձեռքով կ՛աւերէ իր երկիրը, կը քանդէ ինքնիր պետականութիւնը»:
Խաժակ Այնթապլեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ քաղաքական նմանատիպ նորաձեւութիւն մըն ալ վերջերս տեղի ունեցաւ մեր հայրենիքի մէջ, ուր «թաւշեայ յեղափոխութիւն» մը իրագործելու բարենիշը ստացաւ հայրենի ժողովուրդը` շնորհաւորանքներ ստանալով հզօր պետութեանց կողմէ, իսկ հատուցումը, ինչպէս տեսանք, ստացաւ թշնամի երկրի բռնատէր ղեկավարը` դարձեալ ու աւելի մեծ շնորհաւորանքներ ստանալով նոյն հզօր պետութիւններուն կողմէ: «Տուրքը վճարեցին նահատակները եւ անգամ մը եւս` հայրենիքը: Տուրքը վճարեց Արցախը, որովհետեւ քաղաքական նորաձեւութեան հետեւող հայրենի իշխանութիւնը երազեց պետութիւն մը` հիմնել առանց հողի, պետութիւն մը աւերակներու վրայ, որովհետեւ նորաձեւութիւնը այդպէս կը պահանջէր. ունենալ պետութիւն` առանց արմատներու առանց ազգային արժէքներու:
«Խելացութիւն պիտի ըլլար, ի հարկէ, պատմութենէն դասեր քաղելը. պատմութիւնը միշտ ապացուցած է, որ հայ ժողովուրդը դատապարտուած է ոչ թէ մեռնելու, այլ ապրելու: Դատապարտած է ապրելու եւ գոյութիւն ունենալու` իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ եւ դիմանալու պատմութեան բոլոր երկրաշարժերուն ու փոթորիկներուն: Խելացութիւն պիտի ըլլար, օրինակի համար, սերտել Աւարայրը ու հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ գոյութենական պայքար: Խելացութիւն պիտի ըլլար սորվիլ Փետրուարեան ապստամբութեան դասը, որ փաստեց, թէ անկախութիւնը հայուն համար արժէք է, եռագոյնը արժէք է, Հայաստանի քայլերգն ու զինանշանը արժէքներն են: Այո՛, խելացութիւն պիտի ըլլար լաւ սերտել պատմական այս դասերը ու բնաւ չշեղիլ ազատութեան եւ անկախութեան աւանդական ուղիէն», ըսաւ բանախօսը:
Ան նշեց, որ դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Վերջին տարիներուն ազգային աւանդութիւնները խախտեցան, ու մեր նորօրեայ իշխանները ազգին տիրութիւն ընելու ու ժողովուրդին գլուխը անցնելու փոխարէն` մտան ժողովուրդին գրպանը ու թալանեցին ազգն ու հայրենիքը, իսկ բոլորովին վերջերս ալ քաղաքական նորաձեւութեան մը հետեւելով` սկսած են կերտել չակերտեալ «պետութիւն» մը իրենց ենթադրած համաշխարհային չափանիշներով, սակայն` առանց ազգային արժէքներու, առանց արմատներու ,առանց հողի, առանց հայրենիքի…
Խաժակ Այնթապլեան հաստատեց, թէ որքան ալ շատ ըլլան նորաձեւութեան հետեւողները, միշտ կան եւ աւելի ուժեղ են ազգային աւանդապահները, վկան` բոլոր այն հերոսները, որոնք մասնակիցը դարձան արցախեան ազատամարտի բոլոր փուլերուն, որոնցմէ շատերը ինկան նահատակ, ինչպէս մեր սիրելի արուեստագէտ համագիւղացին` Գէորգ Հաճեանը, որ իր նահատակութեամբ դարձաւ հայ մշակոյթի եւ արցախեան ազատամարտի խորհրդանիշ մը Այնճարի մէջ:
Աւարտին բանախօսը ըսաւ. «Նորաձեւութիւնը լաւ բան է: Մարդ պէտք է կեանքին մէջ անընդհատ առաջընթացի մէջ մնայ ու միշտ զարգանայ, սակայն` առանց շեղելու ազգային ուղիէն: Որքան ալ դժուար ըլլայ ներկայ ժամանակը, պէտք է վերագտնել մեր ուժերը , վերականգնել մեր ազգային ուղեգիծն ու պատրաստուիլ այն ճակատամարտին, որ պիտի կասեցնէ ոչ միայն թշնամիին յառաջխաղացքը , այլ նախ եւ առաջ` մեր նահանջը: Պէտք է արագ փակել ազգային նահանջի ճամբան ու աւարայրեան, արցախեան ու Մուսա Լերան պատգամներով, այսինքն` հաւաքական ուժին ապաւինելով, նահանջի փոխարէն, ազգային յառաջընթաց մը սկսիլ, որ պիտի տանի մեզ դէպի Արցախի վերաազատագրում, դէպի ուժեղ պետութիւն եւ դէպի հզօր ու հաւաքական հայ ժողովուրդ»:
Ապա «Յառաջ – Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանի պարախումբը ելոյթ ունեցաւ ազգագրական պարով մը, որմէ ետք հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Այնճարի հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչ»-ով: