Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը Նշեց Վարդանանքը

February 19, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Էջմիածինի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 5 փետրուար 2024-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի 5-րդ յարկի սրահին մէջ:

Հանդիպումը կը զուգադիպէր Աւարայրի հերոսամարտի տարելիցին եւ վարչութիւնը յատուկ հրաւիրած էր Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը, որպէսզի Վարդանանցի պատգամներով ոգեւորէ ներկաները:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Յասմիկ Քէշիշեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հաւաքին առիթով յատուկ հրաւիրուած պատգամաբեր վարդապետը:

Ապա խօսք առաւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, որ դիտել տուաւ, թէ 451-ին թուականին քաջն Վարդանը եւ հայոց բանակի 1036 մարտիկներ իրենց արեամբ ներկեցին Աւարայրի դաշտը, որպէսզի հայը կառչած մնայ իր հաւատքին, պահպանէ իր քրիստոնէական հաւատքը: Իսկ սրբազնագոյն հոգեւորական Ղեւոնդ Երէցը մասնակցելով Աւարայրի ճակատամարտին` իր ելոյթներով ոգեւորեց հայ մարտիկները եւ այդ պատճառով ալ ստացաւ «Աւարայրի արծիւ» պատուանունը:

Պատգամախօսը նշեց, որ դառն եղաւ նաեւ Ղեւոնդ Երէցի ճակատագիրը: Ան գերեվարուեցաւ եւ նահատակուեցաւ Պարսկաստանի մէջ, բայց եւ այնպէս, անոնց մղած պայքարին շնորհիւ`  հայ ժողովուրդը մերժեց զրադաշտական կրօնը եւ հաւատափոխ դառնալու փոխարէն` իմացեալ մահով պահպանեց իր կրօնն ու ինքնութիւնը:

«Այսօր ոգեկոչելով Վարդանանց հերոսամարտը` մենք կը նշենք քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը: Ոչ միայն պարզապէս տօնենք, այլ մեր առօրեայ կեանքին մէջ ապրինք Սուրբ Վարդանի եւ Ղեւոնդ Երէցի հայրենասիրութեան ու հաւատքի հանդէպ նուիրումի ոգիով», եզրափակեց Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան:

Ապա համախմբումի ատենապետ Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեան ներկայացուց տասներկու գլխաւոր մասերէ բաղկացած միութեան վերջին երկու տարիներու գործունէութիւնը:

Հաւաքը եզրափակեցաւ «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Return To Homelessness (Հեղինակ` Բժիշկ Վարդան Թաշճեան)

Յաջորդը

Ազգի Հիմնախնդիր

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.