Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Վարդանանցի Առիթով Հայ Աւետարանական Պաշտամունք

February 12, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Լիբանանի Հովուական ժողովին կազմակերպութեամբ` Սրբոց Վարդանանց միացեալ պաշտամունքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 8 փետրուար 2024-ի առաւօտ` Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս: Պաշտամունքը ի մի բերաւ Պէյրութի եւ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցիները եւ ժողովուրդը, ոգեկոչելու համար հայ ազգին վճռորոշ դէպքերէն մէկը` Աւարայրի ճակատամարտը, եւ հայոց միասնական պայքարը իր հայ ու քրիստոնեայ ինքնութիւնը պահելու համար:

Օրուան պատգամաբերն էր հիւրընկալող եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը վեր. Յովհաննէս Սվաճեան, բնաբան ունենալով, Աստուծոյ խօսքը այսօր եկեղեցւոյ միջոցով (Գ. Թագ. ԻԲ.1-8): Իր պատգամը կեդրոնացաւ հայ եկեղեցւոյ մարգարէական խօսք արտասանելու կոչումին վրայ, մէջբերելով դէպքեր հայոց պատմութենէն, Հին կտակարանի արձանագրութենէն, եւ նաեւ այսօրուան հայաշխարհի եւ միջինարեւելեան ճգնաժամային իրավիճակներէն: Ամէն պարագայի, եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս բոլորին ի տես, արդարեւ, ան կանչուած է աստուածային ճշմարտութեամբ արտայայտուիլ` յօգուտ հասարակութեան եւ մանաւանդ հայ ազգին:

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտ Կալի Շահինեան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը, իսկ աշակերտական երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ղազար Քէօշկերեանի, գեղեցկօրէն մեկնաբանեց «Պլպուլն Աւարայրի» եւ «Հիմի՞ էլ լռենք» երգերը` դաշնակի նուագակցութեամբ Համեստ Պոյաճեանի:

Վեր. Հրայր Չոլագեան եւ վեր. Նշան Պագալեան մասնակցեցան Աստուածաշունչի ընթերցումով եւ օրուան պատշաճ աղօթքով: Իսկ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան կատարեց փակման աղօթքը եւ օրհնութիւնը:

Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ժողովուրդն ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ հոգեւոր երգով, աղօթքով, փոխասաց ընթերցուածով եւ մանաւանդ իր ուխտը նորոգելով` «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց»:

 

Նախորդը

Կալուզին. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ Ռուսիոյ Դերը Այլընտրանք Չունի»

Յաջորդը

Վարդանանք Եւ Ղեւոնդեանք. «Այս Հաւատքէն Մեզ Ո՛չ Մէկ Ուժ Կրնայ Խախտել»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.