Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Թող Քրիստոս մեր ազգին համար միշտ լոյս դառնայ եւ լոյս մնայ մեր ընտանիքներու կեանքին մէջ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

Փետրուար 16, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ  հաւատացեալներու խիտ շարքերու ներկայութեան նշուեցաւ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման` Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը, երեքշաբթի, 13 փետրուար 2024-ի երեկոյեան:

Միաբան հայրերու կողմէ աստուածաշնչական ընթերցումներէ եւ անդաստանի հոգեզմայլ արարողութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ընդգծեց Յիսուս Մանուկին տաճար ընծայման իմաստը ներկայ ժամանակներուն եւ ըսաւ, որ Աւետարանի իւրաքանչիւր նախադասութիւն պատգամ մը ունի փոխանցելիք, ուստի հաւատացեալը պէտք է ո՛չ միայն ծանօթ ըլլայ հոն արձանագրուած դէպքերուն, այլ նաեւ ապրի ու իր կեանքը իմաստաւորէ այդ պատգամներով, որոնք անմիջական առնչուածութիւն ունին մեր կեանքին հետ: Առ այդ, Արամ Ա. շեշտեց երկու հիմնական կէտեր` աւանդութիւններուն ազգերու ու կրօններու ինքնահասկացողութեան երեւոյթ ըլլալը եւ Աստուծոյ ընծայելու իմաստը:

Վեհափառը յորդորեց հայ ընտանիքները հաւատարիմ մնալու դարաւոր մեր աւանդութիւններուն, որովհետեւ անոնք երաշխիք են յարատեւութեան. «Մենք կոչուած ենք մեր հայրերէն ժառանգած մեր աւանդութիւնները պահելու եւ այդ աւանդութիւններով մեր կեանքը թրծելու: Ահաւասիկ, Յիսուս Մանուկին ծնողքը, հաւատարիմ եբրայական աւանդութեան, տաճար տարին Մանուկը` Աստուծոյ ընծայելու համար»: Աստուծոյ ընծայելու գաղափարը յիշեցում է, որ մեր կեանքը կ՛իմաստաւորուի Աստուծոյ ներկայութեամբ, ըսաւ ան:

Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես հաւատացեալներու, ի մասնաւորի` մանուկներու, խուռներամ ներկայութեան եւ նշեց, որ ընտանիքը փոքր եկեղեցի կը համարուի եւ ունի հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու ծանր պարտականութիւն, որովհետեւ ապազգային եւ ապաքրիստոնէական կենցաղակերպեր սկսած են բազմանալ մեր շուրջը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փակեց` ըսելով. «Իմ աղօթքս է, որ քիչ ետք, երբ Քրիստոսի լոյսը առնէք եւ տանիք ձեր տուները, Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուին ձեր բոլորին մտածումները, գործերը, կեանքի ճամբան եւ կեանքը: Թող Քրիստոս մեր ազգին համար միշտ լոյս դառնայ եւ լոյս մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր ընտանիքներու կեանքին մէջ»:

Հայրապետական պատգամէն ետք լուսարարապետ սրբազանը` Կոմիտաս արք. Օհանեան, ս. խորանէն առաւ Քրիստոսի լոյսը եւ փոխանցեց հայրապետին, որ իր կարգին բաշխեց հաւատացեալներուն` մինչ ծնողներ իրենց զաւակները մօտեցուցին Ս. Խորանին եւ միաբան հայրերուն կողմէ Աստուծոյ ընծայաբերելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քրիստոսի ծնողքին օրինակով:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակ, ուր հայրապետը ս. սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը, իսկ դպրեվանեցիները եւ ժողովուրդը միասնաբար երգեցին հոգեւոր ու ազգային երգեր:

Նախորդը

«Մեր Կեանքին Մէջ Կուտակուող Խաւարը Կարենալ Փարատելու Համար Պէտք Է Ունենանք Լոյս» Պատգամեց Շահէ Արք Փանոսեան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրի 41 Կէտ Նշանակեց, Բայց Ուորիըրզ Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?