Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգասիրութիւնը, Հայրենասիրութիւնն Ու Եկեղեցասիրութիւնը Իրարմէ Անջատելը Փաստօրէն, Տգիտութիւն Է, Եւ, Աւելի՛ն, Ազգային Հերետիկոսութիւն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Փետրուար 22, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում-Զրոյց Ունեցաւ Ուսանող Երիտասարդներու Հետ

Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, օրհնութեամբ  Արամ Ա. կաթողիկոսին, շաբաթ, 17 փետրուար 2024-ին «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարներու շարքին երրորդն ու վերջինը` «Հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնը» խորագիրով: ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքի հովանաւորն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը: Համագումարին մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

ՀԵՀՈՄ-ին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կալի Աւագեան: Ան դիտել տուաւ, որ միութեան 60-ամեակին առնչուած այս երրորդ համագումարը տեղի պիտի ունենար աւելի շուտ, սակայն Արցախի աղէտին իբրեւ պատճառ, ՀԵՀՈՄ-ը նպատակայարմար գտած էր համագումարը յետաձգել: Առ այդ, Կ. Աւագեան անդրադարձաւ Արցախի իրավիճակին եւ մէջբերելով Արցախի վերաբերեալ վեհափառ հայրապետին թելադրութիւնները` քաջալերեց երիտասարդները գօտեպնդուելու հայ ոգիով եւ նոր թափով շարունակելու մեր ծառայութիւնը` հայրենիքի փրկութեան: Ան աւելցուց, որ երիտասարդութիւնը կը հզօրացնէ ազգ մը, իսկ յուսահատութիւնն ու լացը փրկութիւն չեն ապահովեր: Վերջապէս, ան հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը իր մտածումները, յորդորները, ցուցմունքներն ու թելադրութիւնները բաժնեկցելու երիտասարդներուն հետ` «Ազգ, հայրենիք, եկեղեցի» նիւթին շուրջ:

Վեհափառը առաջին հերթին ուրախութիւն յայտնեց երիտասարդներով շրջապատուած ըլլալուն համար` հաստատելով, որ այդպիսով աւելի կը պայծառանայ ապագայատեսիլ իր յոյսը, որովհետեւ երիտասարդութիւնը հոմանիշ է կենսունակութեան: Ան շեշտելով երիտասարդ-երէց սերունդներու երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ընդգծեց, որ թէեւ դժուար է ոմանց համար ուրիշը լսելը, սակայն անհրաժեշտ է այդ, որովհետեւ երկու կողմերը իրարմէ սորվելիք ունին միշտ: Օրինակները քաղելով Յիսուս Քրիստոսի կեանքէն` ան ըսաւ, որ Աստուած «վեր» չմնաց, այլ իջաւ մարդոց մօտ, ծառայի կերպարանք ստանալով` մօտեցաւ մարդուն. ուստի, ան յորդորեց Աւետարանի օրինակները փոխադրել մեր կեանքին մէջ եւ փորձել նոյնանալ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ:

Խորանալով նիստի նիւթին մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ անկարելի է հեռու մնալ ներկայ դարու փոփոխութիւններէն եւ պատեր հիւսել մեր շուրջը, սակայն պէտք չէ փոփոխութիւնները ընդունիլ մեր ինքնութեան հաշուոյն: Այս միտքէն մեկնելով` ան սահմանեց ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն եւ եկեղեցասիրութիւն եզրերը ու մանրամասնեց այս երեքին իրարու սերտ առնչուածութիւնը: Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ազգ մը կրնայ պատմութեան ընթացքին կամաց-կամաց կորսուիլ, եթէ հայրենիք չունենայ, սակայն հայրենիքը հողը չէ միայն, այլ նաեւ մշակոյթի եւ արժէքներու մէկ ամբողջութիւն է: Եթէ չըլլան արժէք եւ մշակոյթ, հողը լոկ հող մը կը մնայ:

Խօսելով եկեղեցասիրութեան կամ կրօնասիրութեան մասին` վեհափառը լուսարձակի տակ առաւ պատմութեան ընթացքին տարբեր ազգերու մէջ կրօնին կարեւորութիւնը եւ անդրադառնալով հայութեան` նկատել տուաւ, որ ներկայիս ջանք կը թափուի կրօնը հեռացնելու մեր ազգային կեանքէն: «Մեր պատմութեան մէջ քրիստոնէութիւնը հայացաւ եւ հայութիւնը քրիստոնէացաւ», ընդգծեց Արամ Ա.` հաստատելով, որ անքակտելի նոյնացում ու միացում մը կայ մեր ազգ-հայրենիք-կրօնին, այս պարագային` եկեղեցւոյ միջեւ: Այս երեքին արժէքները իրարմէ տարբեր չեն: Հայաստանի մէջ զանոնք իրարմէ բաժնելու փորձերը անընդունելի եւ արհեստական են: Հայրապետը նշեց, որ հայոց պատմութիւնը եկեղեցւոյ պատմութիւնն է, նոյնպէս ալ եկեղեցւոյ պատմութիւնը` հայոց պատմութիւնը, իսկ երկուքը միասին քաղաքական մեր մտածողութեան պատմութիւնն են. բաժանման գիծեր կարելի չէ դնել:

Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս յատկապէս շեշտեց, որ` «Ազգասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը իրարմէ անջատելը, փաստօրէն, տգիտութիւն է եւ, աւելի՛ն, ազգային հերետիկոսութիւն»: Անոնք մէ՛կ ամբողջութիւն են, մէ՛կ էութեան, ինքնութեան, ինքնաճանաչման տարբեր տարածքներ են, սակայն` իրարու հետ սերտօրէն ու անքակտելիօրէն առնչուած:

Նիստի աւարտին երիտասարդները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու հայրապետին եւ արտայայտուելու Արցախի ու արցախահայութեան իրավիճակին, սփիւռքի մէջ հայերէնի գործածութեան, ուսանողական կեանքի ներկայ մարտահրաւէրներուն, եկեղեցական ու ազգային գործունէութիւն ծաւալելու եւ այլ նիւթերու մասին:

Նախորդը

Եւ Օր Մըն Ալ Մեզմէ Պահանջեցին Հայ Չկոչուիլ Այլեւս…

Յաջորդը

Հակառակ Իր Հերքումներուն` Ալիեւ Վրդովուած Է Ազրպէյճանի Միջազգային Քննադատութենէն

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?