Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Հզօրացման Ծրագիրի Մասնակից 47 Հայ Կիներու Վկայականաց Բաշխում

Փետրուար 29, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաքրիստոնէական, ապա քրիստոնէական շրջանին եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի պարագային, կինը կը նկատուի ընտանիքին հիմքը: Քրիստոնէութեան մուտքով կնոջ պաշտամունքը արտայայտուած է Աստուածամօր կերպարով: Հետաքրքրական է միջնադարուն գիտնական, գրող եւ քահանայ Մխիթար Գօշի գրած «Դատաստանագիրք»¬ը, որուն մէջ նկարագրուած է ընտանիքի մէջ տղամարդոց ու կիներու դերը, եւ փաստուած է կնոջ կրթութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը: 19-րդ դարուն Հայ եկեղեցին փորձեց Մխիթար Գօշի գաղափարը` կիներու կրթութիւնը, գործնականի վերածել: Այս առումով, Հայ եկեղեցւոյ իսկ կողմէ օրիորդաց դպրոցներ հիմնուեցան: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ` ի յայտ եկան հայ կին գիտնականներ, գրողներ, մշակութային, պետական, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:

Մեր հայկական իրականութեան մէջ, Լիբանանի պարագային, կան բարեսիրական, կնոջական կազմակերպութիւններ, որոնք իրենց ընկերային, բժշկական ծառայութեանց կողքին, առանձնայատուկ տեղ յատկացուցած են հայ կնոջ զարգացման, բարօրութեան եւ, ինչո՞ւ ոչ, հզօրացման: Այս առումով, Ճինիշեան յիշատակի հաստատութիւնը վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին կազմակերպեց Կիներու հզօրացման ծրագիր մը, որ կը նպատակադրէր ձիրքեր ձեռք բերել: Կարի, դէմքի եւ եղունգի խնամքի յատուկ դասարաններու մէջ կիները վաթսուն ժամերու ընթացքին սորվեցան հմտութիւններն ու աշխատանքի ձեւերը: Իսկ դասարան մըն ալ բժշկական ընդհանուր գիտութիւններու դասընթացքներու մասնակցեցաւ:

Կիներու հզօրացման դասընթացքներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Նիւ Եորքի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան, Ճինիշեանի Հայաստանի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի խորհրդատու մարմինը եւ անձնակազմը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ ներկայացուց Ճինիշեան հաստատութեան այլազան ծրագիրները, որոնց մէջ ներառուած էր նաեւ Կիներու հզօրացման ծրագիրը, որուն հետեւեցան քառասունեօթը կիներ, եւ վաթսուն ժամերու ընթացքին անոնք ձեռք բերին կարեւոր տեղեկութիւններ կարի, դէմքի եւ եղունգի խնամքի վերաբերեալ: Ան գնահատեց մասնակցող կիները եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն իւրաքանչիւրը համապատասխան գործի ձեռնարկած կ՛ըլլայ, որպէսզի իրենց ընտանիքներուն կարենան աւելի լաւ ձեւով օգտակար դառնալ: Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան ողջունեց Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Նիւ Եորքի ընդհանուր տնօրէնին եւ Հայաստանի տնօրէնին ներկայութիւնը:

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Նիւ Եորքի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց այս ծրագրի նախաձեռնութիւնը  եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց` ի տես այս ծրագրի յաջողութեան: Ան գնահատեց այս ծրագրի նախաձեռնութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ մեծ թիւով կիներու մասնակցութիւնը` ձիրքեր ձեռք բերելու: Ան ըսաւ, որ հայրենիքի մէջ այս գործերը մեծ արժէք ունին: Էլիզա Մինասեան մաղթեց, որ Կիներու հզօրացման ծրագիրը ծառայէ ի սպաս լիբանանահայ գաղութի եւ մեր ընտանիքներու բարգաւաճման:

Այնուհետեւ, ձեռամբ ընդհանուր տնօրէնին, Կիներու հզօրացման ծրագիրի 47 մասնակից կիները ստացան իրենց վկայականները:

Տեղին է նշել, որ այս առիթով Ճինիշեանի պարմանուհիներու խումբը ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր` երգ, ասմունք, պար:

Նախորդը

Լուքաշենքոյի Չքմեղանքը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Կը Շարունակէ Յաղթական Երթը. Փոլ Կը Վերադառնայ

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?