Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի կարեւորագոյն համալսարաններէն` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տնօրէն հայր Փիեր Տաքքաշ եւ Օթել Տիէօ հիւանդանոցի տնօրէն Նասիպ Նասեր:
Հանդիպումին ներկայ էին Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ վրդ. Աշըգեան եւ բժիշկ Համբիկ Քուրիէ:
Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր գործակցութիւն մը ստեղծել Ազգային բուժարանին ու յիշեալ հիւանդանոցին, նաեւ կաթողիկոսարանին, համալսարանին եւ հիւանդանոցին միջեւ:
Այս առաջին հանդիպումէն ետք, որոշուեցաւ հանդիպումները շարունակել` աւելի գործնական հարցեր քննարկելու համար: