Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԳ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու Շնորհահանդէս` Պէյրութի Եւ Երեւանի Մէջ

Մարտ 4, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 14 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը համալսարանի հայագիտական տարեգիրքին, որ երկրորդ տարին ըլլալով լոյս կը տեսնէ երկու գիրքով, մին ընթացիկ տարուան կիսուն, միւսը` աւարտին:

43-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսին ներկայ էին հոգեւոր, կրթական, ակադեմական շրջանակներէ անձնաւորութիւններ, գրասէր հայորդիներ: Կեդրոնական սեղանին ցուցադրուած էին համալսարանի հրատարակութիւններէն նմուշներ, իսկ ընթացիկ հատորի գիրքերը տրամադրելի էին փափաքողներուն:

Բացման խօսքը արտասանեց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի (ՀՀՀ) խմբագրական կազմի անդամ Սիլվա Փափազեան, որ յայտնեց, թէ զոյգ գիրքերը խմբագրութեան 18 ժողովներուն արդիւնքն էին, որոնց ընթացքին հրատարակելի նիւթերը կ՛ենթարկուին բծախնդիր քննարկումի` միշտ գիտականութիւնը ունենալով իբրեւ չափանիշ եւ ուղենիշ: 33 հայրենաբնակ եւ 18 սփիւռքահայ գրողները կու գան երեք սերունդէ, կրտսերագոյնը`  21 տարեկան. այսպիսով, երիտասարդ ուսումնասիրողներու աշխատանքը գնահատելու ՀՀ հանդէսի նպատակներէն մին կը դառնայ իրական:

Ապա ելոյթ ունեցաւ հանդէսի գլխաւոր խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ անդրադարձաւ վերջին երեսուն տարիներու հայկական եւ միջազգային զարգացումներուն` շեշտելով անոնց հետ քայլ պահելու եւ զանոնք քննական միտքով ուսումնասիրելու կարեւորութիւնը: Առ այդ, ան թուեց զոյգ գիրքերէն ուսումնասիրութիւններ, որոնք համահունչ էին վերոյիշեալ մտասեւեռումին: Տագէսեան նշեց, թէ արդէն կարիքը կը զգացուի, որ հայագիտութիւնը մերձենայ հոգեբանական եւ ընկերաբանական գիտակարգերու, միջուսմունքային մօտեցումով ուսումնասիրելու սփիւռքի եւ հայրենիքի հայութեան անցեալի եւ այժմու զանազան խնդիրները:

Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագրական կազմին, անոր աշխատակիցներուն եւ շնորհահանդէսի ներկաներուն` «Հայագիտական հանդէս»-ը որակելով գանձ մը: Ան իր խօսքը ծաւալեց` ո՞վ է մտաւորականը նիւթով, վեր առնելով այն անձնական` հոգեկան եւ մտաւոր առաքինութիւնները, որոնցմով պէտք է օժտուած ըլլայ մտաւորականը` անկախ իր վկայականէն, զբաղեցուցած դիրքէն ու հեղինակութենէն: Վերապատուելի Հայտոսթեան մտաւորականին հիմնական դերերէն մին նկատեց հոգեմտաւոր մարդակերտումը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ` յարափոփոխ, անհանդարտ, անարդար աշխարհին մէջ պատրաստել խղճի ձայնին անսացող, հանդարտաբարոյ, դիմացինը արժեւորող ու մանաւանդ պատմութեան փոխակերպումները վերլուծող մարդը: Վկայականներէն անդին, մտաւորականին խօսքը, ըստ Հայտոսթեանի, պէտք է ըլլայ ծանրակշիռ, որպէսզի ընդունելի, լսելի եւ ազդեցիկ դառնայ:

Աւանդական դարձած կարկանդակի հատումէն ետք անպաշտօն մթնոլորտի մէջ շարունակուեցան շնորհաւորանքները, զրոյցներն ու քննարկումները:

… Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին մէջ

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 43-րդ հատորի զոյգ գիրքերու շնորհահանդէսին երկրորդ փուլը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկն էր:

16 փետրուարին գիտաժողովներու սրահին մէջ մեծաթիւ ուսումնասէրներու, մտաւորականներու եւ բարեկամներու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած այս շնորհանդէսին ներկաները ողջունեց թանգարանի տնօրէն դոկտ. Էտիթա Գզոյեանը: Ապա ան նշեց, որ ուրախ է առաջին անգամ տնօրէնի հանգամանքով «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի շնորհահանդէսի մասնակիցները հիւրընկալելու համար: Ան ընդգծեց, որ «Հանդէս»-ը կը միաւորէ սփիւռքի եւ Հայաստանի գիտական ներուժը եւ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ ունի բացառիկ նշանակութիւն: Ապա «Հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան խօսք առնելով` ընդգծեց, որ` «Հանդէս»-ի խմբագրակազմը զգօն կը մնայ հայկական եւ միջազգային մարդկային, ընկերաբանական, գիտական այլազան նորութիւններուն եւ կը ջանայ զանոնք արձագանգել հայկական պրիսմակով, անոնց մէջ հնչեղ կը դառնայ ժամանակի շունչը, անոնք անուղղակիօրէն կը վերյուշեն մերօրեայ խնդիրներու անցեալի նմանակները: Ասիկա հարազատ վերաճումն է այն աւանդին, զոր ժառանգեր ենք մեր երախտաշատ երէց խմբագիրներու տեսլականէն:… Թերեւս յաւակնոտ հնչէ, բայց համոզուած եմ, որ հայ իրականութեան մէջ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը այսօր կը գտնուի առաջին եռեակին մէջ հայագիտական այն հանդէսներուն, որոնք լայնագոյնս կ՛արտացոլացնեն հայ իրականութիւնը` իր անցեալի ու մանաւանդ ներկայի բազմաբովանդակ երեսակներով»:

Իր խօսքին մէջ մատենադարանի գիտական գծով տնօրէնի տեղակալ դոկտ. Վահէ Թորոսեան ընդգծեց, որ` «Հանդէս»-ը տասնամեակներ շարունակ լաւագոյնս իրականացնում է հայաստանեան եւ սփիւռքի հայագիտական շրջանակներ կամրջող առաքելութիւնը»: Ան «զարմանք ու բերկրանք» արտայայտեց ի տես «Հանդէս»-ի նիւթերու բազմազանութեան, որոնք «ինքնին բանաձեւում են հայագիտութիւնը, տալիս նրա բովանդակային ու ժամանակային սահմանումները»: Հուսկ, անդրադառնալով 43-րդ հատորի երկրորդ գիրքի սկիզբի հարցազրոյցին, ան շեշտեց, որ հայագիտութիւնը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ. «Այսօր միջազգային գիտական չափորոշիչներով բոլորովին նոր պահանջներ են սահմանուել գիտութեան եւ գիտական աշխատանքի վերաբերեալ»:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան շնորհաւորեց դոկտ. Գզոյեանի նոր պաշտօնը, գոհունակութիւն յայտնեց, որ շնորհանդէսը Երեւան եւս տեղի ունեցաւ ու աւելցուց, որ ատենին «Հանդէս»-ի շնորհահանդէսներ կազմակերպուած են նաեւ Արցախի մէջ: Ապա ան շեշտեց ներկայ ժամանակներու տագնապները եւ ընդգծեց մտաւորականութեան առաքելութիւնը` ժամանակներն ու իրադարձութիւնները խորաչափելու, արժեւորելու եւ հանրութիւնը կողմնորոշելու առումով:

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը լոյս կը տեսնէ 1970-էն ի վեր, Պէյրութի մէջ: Զոյգ այս գիրքերը կը բովանդակեն խմբագրական հարց-պատասխան` դոկտորներ Կարէն Մաթեւոսեանի, Վարդան Մատթէոսեանի եւ Աշոտ Մելքոնեանի հետ` «Հայագիտութիւնը ԻԱ. դարուն» նիւթով, նաեւ` ազգագրութեան, արուեստի, արհեստներու, բանահիւսութեան, գրականագիտութեան, ընկերաբանութեան, լեզուի, կրօնի, Հայ Եկեղեցիին, պատմութեան-հնագիտութեան, տնտեսագիտութեան, փիլիսոփայութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ, հրապարակումներ, քննարկումներ, հաղորդումներ, գրախօսականներ, մահագրականներ, ինչպէս նաեւ համառօտ կենսագրութիւնը` աշխատակիցներուն:

Ստորեւ` զոյգ հատորներուն բովանդակութիւնը` իրենց համապատասխան լեզուներով.-

Յասմիկ Աբրահամեան, «Ընկուզենու ծիսապաշտամունքային գործառոյթների եւ հաւատալիքների շուրջ (ըստ Սիւնիքից գրառած նիւթերի)»,
Անժելա Ամիրխանեան, ««Գայլ» բառով բաղադրուած բոյսերի անուններ հայերէնում»,
Կարօ Աւեսեան, «Լիբանանահայ երաժշտահան Պօղոս Ճելալեանի մանկավարժական մեթոտի առանձնայատկութիւնները»,
Սիւզաննա Բարսեղեան, «Սփիւռքի մամուլն «Ethnic Media» հասկացութեան ենթախորքում»,
Սեդա Գալստեան, «Էջեր Անտոն Քոչինեանի արխիւից (1966-74)»,
Նազանի Գասպարեան, «Վան քաղաքի արհեստները (ԺԹ.-Ի. դարասկիզբ)»,
Գալիա Դաւիդովա, «Վերյիշելով եւ վերականգնելով հայկական հարսանեկան ծէսեր, ամուսնական խորհրդանիշներ»,
Սուրէն Դանիէլեան, «Հեքիաթի ժանրակազմութեան հետագիծը Օշականի մօտ եւ Օշականից դուրս (ժանրային խորհուրդն ու գայթակղութիւնը)»,
Լիլիթ Զաքարեան, «Անկախութեան օրակարգի ձեւաւորումը Անկախութեան հրապարակում եւ Գերագոյն խորհրդում»,
Ճան Էրզրումլուօղլու, «Անտոն Մատաթիա Գարագաշեանի փիլիսոփայութեան դասագիրքերը եւ գիտապաշտութիւնը»,
Լալիկ Խաչատրեան, «Հինհայերէնեան յարադրութիւնների փոխակերպումը բարդութիւնների` գոյական+բայ > բայ կաղապարով (տարժամանակեայ հայեցակէտ)»,
Մանէ Խառատեան, «Street Art»-ը` որպէս պատմութեան կրող. Հայաստանի օրինակը»
Զաւէն Կնեազեան, «Նորայայտ հնագոյն կրօնածիսական ինքնահունչ «ձեռաց զանգ»-ը,
Վազգէն Հախոյեան, «Ալեքսանդրապոլի գաւառի 1920-21-ի կոտորածները»,
Վահրամ Հովեան, «Միջդաւանական համագործակցութիւնը Քեսապում Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին»,
Վաչէ Ղազարեան, «Նամակներ թերյիշեալ երախտաւորէ մը` բժիշկ Գրիգոր Դաւիթեան (1866-1924)»,
Արման Մալոյեան, «Սիւնիքի մարզի նորակառոյց եկեղեցիները (2001-22)»,
Վարդան Մատթէոսեան, «Սպանիա եւ Մեծ Եղեռնը (1915-23)»,
Միհրան Մինասեան, «Անտիպ տեղեկագիր Տենէք-Մատէնի (Քեսկինի) մասին (1900թ.)»,
Էլինա Մխիթարեան, «Արցախեան հասարակութիւնը ճգնաժամի պայմաններում (փախստականների եւ տեղահանուած անձանց խոցելի խմբերի օրինակով)»,
Կարէն Մկրտչեան, «Րաֆֆու պատմագիտական ժառանգութիւնը պարսկահայ գաղթօճախի մասին «Մշակ»-ի էջերում (1872-78)»,
Վիլեն Մնացականեան, «Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան վերլուծութիւն. ռիսկեր ու հնարաւորութիւններ»,
Մոհամմադ Բ. Մալեք Մոհամմադի, «Հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնների պատմութիւնից»,
Զաւէն Մսըրլեան, «Հայոց ցեղասպանութեան գիտակցութեան հարցը Թուրքիոյ մէջ»,
Աստղիկ Յակոբեան, «Իրանահայերի հայրենադարձութիւնը (1946-1980-ականներ)»,
Հայկ Նազարեան, «Հայկական հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերի զարգացումը 1994-ի մայիսեան զինադադարից մինչեւ 2016-ի ապրիլեան ռազմական գործողութիւնները (Բ. մաս)»,
Յակոբ Չոլաքեան, «Ընդհանուր տեսութիւն Քեսապի բարբառի բուսանուններուն վրայ»,
Յակոբ Չոլաքեան, «Ամերիկեան Պորտի միսիոնարներու նամակներն ու տեղեկագիրերը Այնթապի եւ Մարաշի մէջ 1922-ի գաղթականութեան հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան եւ միսիոնարութեան վաղուան մասին»,
Արմէն Պետրոսեան, Արամ Պալեան, «Հայոց ազգածագման խնդիրն ըստ վերջին հնածինական ուսումնասիրութիւնների»,
Կարինէ Ռաֆայէլեան, «Նիւթական եւ վերացական աշխարհների փոխատեղումը Հրաչեայ Սարիբեկեանի վէպերում («Երկուորեակների արեւ»-ը, «Ապուշների ուղեւորութիւնը)»,
Լուսինէ Սահակեան, «Արդի կոմիտասագիտութեան հիմնախնդիրներ»,
Արմէն Շ. Սարգսեան, «Հայ ժողովրդական ստապատումներ եւ սուտասելուկներ»,
Արփի Վարդումեան, «Սուրբ Ներսէս Շնորհալու երաժշտական ժառանգութիւնը (մահուան 850-ամեակի առթիւ)»,
Վանիկ Վիրաբեան, «Բրիտանական ռազմաքաղաքական ներկայացուցիչ գնդապետ Քլոտ Սթոքսի գործունէութիւնը Հայաստանում եւ Անդրկովկասում 1920-ին»,
Անդրանիկ Տագէսեան, «Ակնարկ հայերէն արձանագրութեամբ բաղնիքի պղնձեայ կաւամաններու վրայ»,
Լուսինէ Տանաջեան, «Կրօնական վարքագծի որոշ առանձնայատկութիւններ Թեհրանի եւ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքներում (Էթնօընկերաբանական հետազօտութիւն)»,
Մուշեղ Տոնոյեան, «Հայկական ռեփ»,
Լիզա Քարիմեան, «Հակաքաղկեդոնականութիւնը Հայաստանում. Զ. դարի սկզբին. Դուինի 506-ի ժողովի դաւանական ուղղուածութիւնը»,
Զաքար Քէշիշեան, «Գեղունի Չթչեանի մանկապատանեկան խմբերգային երաժշտութեան ժառանգութիւնը»,
Grigor Arshakyan & Aram Safaryan, «The Dynamics of Interstate Relations in the Caucasus. A.- Russian-Turkish Relations in the Post-Soviet Period»,
Mary Alik Karamanoukian, «Diaspora in Armenia: Immigration and Political Integration of Syrian Armenians»,
Herant Katchadourian, «Culture and Psychopathology: The Case of the Armenian Village of Anjar»,
Samvel Khachatryan, «An Examination of the Intersection of Populaism and Democracy: The Case of Armenia»,
Robert Megerdichian, «Abraham Megerdichian, Eemin shinadz panerus (The Things I’ve Made)»,
Vahram L. Shemmassian, «The Armenian Apostolic Church in Musa Dagh, 1919-1939»,
Vahram L. Shemmassian, «The Saint Paul Capuchin Mission in Musa Dagh, 1919-1939»,
Arto Tavukciyan, «The Persistence of Misleading Western Narratives in 20-th Century Rug Scholarship»,
Knarik Voskanyan, «A Model of Social Entrepreneurship for Armenia»:

Հատորը կ՛ընդգրկէ նաեւ մահագրակաները հետեւեալներուն.- Երուանդ Ազատեան (1935-2023), Պետրոս Ալահայտոյեան (1934-2022), Սերգէյ Գալստեան (1940-2022), Արամ Գրիգորեան (1930-2022), Ժիրայր Դանիէլեան (1941-2022), Վարդան Դեւրիկեան (1964-2023), Սուրէն Յասմիկեան (1935-2023), Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (1932-2023), Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան (1937-2021), Արամ Սիմոնեան (1955-2022), Գէորգ Տէր Վարդանեան (1951-2023), Տենիս Փափազեան (1931-2023), Մերի Մաթոսեան-Քիլպուրն (19305-2023):

 

 

Նախորդը

Շնորհաւորելով «Ազատ Օր»-ի 80-ամեակը

Յաջորդը

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Օժանդակութեան Ծրագիր

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Բնակիչները  Կ՛ողջունեն Պապը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Բնակիչները Կ՛ողջունեն Պապը

Դեկտեմբեր 3, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սահակեան-Լ.  Մկրտիչեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Քոլեճ

Նոյեմբեր 29, 2025
«Ազդակ»-ի 82-րդ Առցանց Լսարան.   «Խաղաղութիւնը Չի Կրնար Հաստատուիլ, Մինչեւ Որ Փաստաթուղթերու Մէջ Նկատուող Բացթողումները Չլուծուին», Հրայր Պալեան
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 82-րդ Առցանց Լսարան. «Խաղաղութիւնը Չի Կրնար Հաստատուիլ, Մինչեւ Որ Փաստաթուղթերու Մէջ Նկատուող Բացթողումները Չլուծուին», Հրայր Պալեան

Նոյեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?