Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ Ժողովրդային Նշում` Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի

Ապրիլ 3, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 23 մարտ 2024-ին Այնճար այցելեց Պարոյր Սեւակի թոռը` Սեւակ Ղազարեան, ընկերակցութեամբ իր  կնոջ եւ հայրենի նշանաւոր դերասան բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեանի:

Անոնք այցելեցին Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական եւ Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարաններ, Այնճարի Արուեստի ցուցասրահ եւ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարան, հիւրերը նուէր ստացան Պօղոս Սնապեանի գիրքերէն եւ իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեցին յուշամատեանին մէջ:

Նոյն օրը երեկոյեան «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ արժանաւորապէս նշուեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակը եւ կատարուեցաւ «100 բանաստեղծութիւն» հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ գիւղի երեք յարանուանութիւններու, Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու անդամներու, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի եւ գիւղի միութիւններու ներկայացուցիչներուն, քաղաքապետին եւ մեծ թիւով ներկաներու:

Բանաստեղծի անունով կոչուած շրջանի Համազգայինի մասնաճիղին կազմակերպած հանդիսութեան բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յատկապէս` հայրենի հիւրերուն: Ան անդրադարձաւ Այնճար հայաւանի եւ Պարոյր Սեւակի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապին, շեշտեց, որ մեծ բանաստեղծը յատուկ տեղ ու արժէք ունի Այնճարի մէջ, ուր կենդանի է յաճախ արտասանուած իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով:

Ապա տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի այս առիթով պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ տեսերիզի ճամբով արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան ամփոփ պատմականը եւ անոր Պարոյր Սեւակ անուանումի մասին տեղեկութիւններ:

Ապա ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին Սեւակի ծննդավայր Զանգակատուն գիւղին մէջ գտնուող անոր տան եւ տուն-թանգարանին մէջ նկարահանուած տեսերիզ մը, որուն ընթացքին բանաստեղծին թոռը մանրամասն կերպով բացատրութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր առարկայի կամ անկիւնի  մասին, անդրադարձաւ իրականութիւններու, պատմութիւններու եւ յիշատակներու:

Ապա Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէնը` Յակոբ Հաւաթեան, իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ բանաստեղծին ծննդեան առիթով կազմակերպուած էր արտասանական մրցում մը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները` իւրաքանչիւրը գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը արտասանելով, եւ որուն արդիւնքը յայտարարուեցաւ ուրբաթ, 22 մարտին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կայացած ձեռնարկին: Ան աւելցուց, որ դատական յանձնախումբին որոշումով մրցումը այստեղ չէ աւարտած, այլ առիթ պիտի տրուի 18 տարեկան եւ վեր եղող անհատներու ալ, որպէսզի իրենք ալ կարենան մասնակցիլ արտասանական մրցումի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով աջակցեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Բեմ բարձրացաւ հայրենի դերասան-բեմադրիչ, Դաւիթ Յակոբեան, որ ներկաներուն հրամցուց փունջ մը Սեւակի բանաստեղծութիւններէն:

Օրուան բանախօսն էր Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, որ նաեւ մեսրոպեան ուղղագրութեան վերածած էր Սեւակի բանաստեղծութիւնները:  Ան ներկայացուց «100 բանաստեղծութիւն» գիրքը եւ յիշեց, որ Սեւակի գործերը միշտ մեզ կը փոխադրեն ուրիշ աշխարհ: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ 100 տարի առաջ Զանգակատուն գիւղին մէջ ծնաւ հայ հանճար մը, որ իր գրութիւններով ոգեւորեց հայ ժողովուրդը: Այսօր շատ բան սորվելիք ունինք իր գործերէն: Ս. Քիւրքճեան-Թաշճեան Պարոյր Սեւակէն բանաստեղծութիւններ մէջբերելով` վեր առաւ նիւթերու ընտրութեան անոր լայն շրջագիծը, կտորներուն գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր մեծ արժէքն ու դրոշմը` հայ գրականութեան մէջ:

Նարօ Գարայեան իր մասնակցութինը բերաւ` նուագելով Սեւակի «Երեւան դարձած» բանաստեղծութիւնը:

Ապա Սեւակ Ղազարեան, որ խօսեցաւ իր մեծ հօր մասին, զոր ինք բնաւ չէր տեսած, որովհետեւ իր մեռնելէն տարիներ ետք ծնած էր: Ան խմբագիրն է իր մեծ հօր «100 բանաստեղծութիւն» գիրքին, եւ վկայեց, որ Սեւակ իր բանաստեղծութիւնները գրած է, ուր ալ գտնուած է, սակայն դժբախտաբար անոր գործերը անաւարտ մնացին:

Սեւակի թոռնիկը շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի եւ ամբողջ լիբանանահայութեան, որոնք կ՛արժեւորեն Պարոյր Սեւակը եւ կարելիութիւն ստեղծեցին համապատասխան նախաձեռնութեամբ Լիբանանի մէջ նշելու անոր 100-ամեակը եւ կատարելու գիրքին շնորհահանդէսը: Ան իր հիացմունքը յայտնեց Այնճար հայաւանի նկատմամբ, որ` «Հրաշք վայր մըն է, փոքր Հայաստան մը»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի խօսքով, որ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս տասը տարեկանին ընտանիքով գացին Հայաստան եւ այցելեցին Սեւակի տուն-թանգարանը: Զաքարին հայրը, որ քահանայ էր, կ՛աղօթէ Սեւակի եւ ծնողքին գերեզմանին վրայ, իսկ ինք հետաքրքրուած էր ծիրանի ծառով եւ անոր պտուղով: Բայց նոյն ժամանակ ալ կը սկսի Սեւակի հանդէպ հետաքրքրութիւնը եւ սէրը, որ տարիներու ընթացքին կը ծաւալի: Զաքար Քէշիշեան հաստատեց, որ Պարոյր Սեւակ իր գրութիւններով փոթորկեց հայ ժողովուրդին միտքը. բայց եւ այնպէս, ափսոսանք յայտնեց, որ գիրն ու գրականութիւնը ներկայիս այդքան ալ չեն հետաքրքրեր մարդիկ:

Հանդիսութեան աւարտին մասնաճիւղի ատենապետ Նաթալի Տէր Ստեփանեան յուշանուէրներ յանձնեց Սեւակ Ղազարեանին, Դաւիթ Յակոբեանին եւ Յակոբ Հաւաթեանին: Ներկաները ստացան Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» գիրքէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ հիւրասիրուեցան Այնճարի աւանդական ուտելիքներով:

Նախորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Արցախէն Տաւուշ` Իշխանութիւններու Պետականաքանդման Կորստաբեր Վարքագիծը

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ուշացած, Բայց Թանկագին Ներողութեան Խնդրանքի Մը Դէմ Յանդիման (Ականատեսի Վկայութիւն)

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?