Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ` Ոտնլուայ, Խաւարման Գիշեր, Քրիստոսի Թաղման Կարգ, Ճրագալոյցի Պատարագ Եւ Տնօրհնէք

Ապրիլ 3, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւագ շաբաթը լի է Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին փուլը յիշատակող հոգեպարար արարողութիւններով, որոնք հաւատացեալին անգամ մը եւս ապրիլ կու տան Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը, մարդկութեան փրկութեան համար կրած չարչարանքները, խաչելութիւնը, թաղումը` հասնելու համար հրաշափառ յարութեան:

Աւագ հինգշաբթին իւրայատուկ է, որովհետեւ հոն կը տեսնենք Քրիստոսի ծունկի գալով առաքեալներուն ոտքերը լուալը` անոնց թելադրելով ընելու նոյնը ապագային: Առ այդ, 28 մարտ 2024-ի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կարգ ոտնլուային հանդիսապետեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ կատարեց ջուրի ու իւղի օրհնութիւն եւ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, ղենջակ կապած` ծունկի գալով լուաց Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող 12 միաբան հայրերու եւ դպրեվանքի սաներու ոտքերը:

Հուսկ, հայրապետը հաւատացեալներուն յղեց իր հայրապետական պատգամը, որ առանցք ունէր սաղմոսներուն եւ աղօթքներուն մէջ հնչած աստուածային սէրը: Արամ Ա. դիտել տուաւ, որ աշակերտներուն ոտքերը լուալու արարքը, այլ խօսքով` Քրիստոսի, որպէս Աստուած, մարդու առջեւ խոնարհիլը պերճախօս վկայութիւն է մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ անհուն սիրոյն: Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը արտացոլացումն է Աստուծոյ սիրոյն, եւ այդ սէրը մեր եկեղեցւոյ ծէսերուն մէջ առանցքային ներկայութիւն է, որովհետեւ սէրը քրիստոնէութեան էութիւնը կը կազմէ, նշեց ան: Խօսելով սիրոյ տարբեր կերպերուն մասին` հայրապետը ընդգծեց աստուածային սիրոյ խորին ըմբռնումը, որ իր մէջ կը պարփակէ նոյնի՛սկ տառապանք եւ զոհաբերութիւն. Աստուծոյ սէրը Զինք մղեց Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելու` ի սէր մարդոց փրկութեան: Ուստի հայրապետը յորդորեց հաւատացեալները` վերադառնալու սիրոյ քրիստոնէական հասկացողութեան, սիրելու զիրար, սիրելու մեր նմանը, մեր ազգին զաւակները, ու այդ սէրը գործի վերածելով` ծառայելու ազգին ու բարիին. «Այսօր Քրիստոս Իր եկեղեցւոյ ճամբով կու գայ յիշեցնելու մեր ազգի զաւակներուն, մեր պետական մարդոց, մեր քաղաքական, կուսակցական մարդոց, մեր մտաւորականներուն, բոլորի՛ն, ըսելով` սիրեցէ՛ք զիրար, հեռո՛ւ մնացէք ամէն տեսակ ատելութենէ, վատառողջ քննադատութիւններէ, ներքին բեւեռացումներէ: Քրիստոսի սիրոյ ներկայութիւնը ձեր կեանքին մէջ ապրեցէք ու ձեր կեանքով թարգմանեցէք Քրիստոսի սիրոյ պատգամը», յատկապէս շեշտելով` եզրափակեց իր պատգամը վեհափառ հայրապետը:

Արարողութեան աւարտին հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց հաւատացեալները, մեր եկեղեցին եւ մեր ազգը:

Աւագ հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի կարգ չարչարանացը (Խաւարման գիշեր):

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն խուռներամ ներկայութեամբ, աւետարանական ընթերցումներուն, հոգեզմայլ շարականներուն եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեթով ու յուզումնախառն երգին ընդմէջէն յիշատակուեցաւ Քրիստոսի վերջին ընթրիքի, Յուդայի մատնութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն դրուագները:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականին երգեցողութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը:

Աւագ ուրբաթ օրուան եկեղեցական արարողութիւնը` Մեր Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգը, գեղեցիկ շարականներու եւ սաղմոսասացութիւններու ճամբով կատարուեցաւ 29 մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդին առնչուած իր հայրապետական պատգամը:

Յատկանշական է, որ Աւագ ուրբաթ «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս կը բերուի Քրիստոսի խաչափայտին սրբազան մասունքը, որմով հայրապետը կ՛օրհնէ ներկաները:

Յիսուս Քրիստոսի թաղման պատգամը փոխանցելով, կաթողիկոսը խօսեցաւ Քրիստոսի գերեզման իջնելով մեր մեղքերը գերեզմանելու խորհուրդին մասին, մեկնելով Պետրոս առաքեալի ընդհանրական երկրորդ թուղթէն` «Արդարը, անմեղը մեղաւորներուս համար խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ»: Նշելով ադամական մեղքի պատճառով մարդուն Աստուծմէ հեռանալը` հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած չհեռացաւ մարդէն, աւելի՛ն, Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը մօտեցնէ իրեն: Հայրապետը աւելցուց, որ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ երկրաւոր առաքելութիւնը մէկ նպատակ կը հետապնդէին, մարդու փրկութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ փրկութիւնը կեանքի ընթացք մըն է, եւ հրաւիրեց հաւատացեալները այս առումով գիտակից կեանք մը ապրելու: «Սիրելի՛ հաւատացեալներ, եկէ՛ք, մեր հոգիներուն մէջ ծունկի գանք եւ խնդրենք մեզի համար, մեր մեղքերուն համար գերեզման իջած, թաղուած Քրիստոսէն` ըսելով. «Ո՜վ Տէր, Քեզի հետ գերեզման իջեցուր` մեր մեղքերը, մեր տագնապները, մեր ցաւերը, մեր հիւանդութիւնները, մեր դժուարութիւնները, մեր մոլութիւնները, որպէսզի Քեզի հետ միասին վերանորոգ հաւատքով դիմաւորենք Քու հրաշափառ Յարութիւնը»:

Հոգեպարար արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» հոգեթով շարականի երգեցողութեամբ եւ հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով, ապա հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղկածածկ սեղանին` ստանալու համար անկէ բխած օրհնութիւնը:

Աւագ շաբաթ` Ճրագալոյցի օրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի:

Յաւարտ ս. պատարագին, պատարագիչը ս. խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը ու փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ, իր կարգին, վառեց դասին մէջտեղ կանգնած աշտանակը, որմէ հաւատացեալները ստացան իրենց լոյսերը` Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը աւետող «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ» հոգեթով շարականի երգեցողութեան հետ: Ապա հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ Զատկական տնօրհնէքի արարողութիւնը:

Աւարտին վեհափառ հայրապետը ժողովուրդին փոխանցեց Քրիստոսի յարութեան աւետիսը` ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ:
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Նախորդը

Աւագ Շաբթուան Արարողութիւններ` Պուրճ Համուտի Եկեղեցիներուն Մէջ

Յաջորդը

«Պունտըսլիկա». Լեւերքուզըն Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ախոյեա՞ն

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?