Հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը բացատրեց, որ ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարենք առաջին հերթին, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նք թելադրեց, որ Իր օրինակին հետեւելով` մենք ալ իրարու ոտքերը լուանք, եւ երկրորդ, որպէսզի փորձենք անդրադառնալ, թէ ինչպէ՛ս Աստուած խոնարհութեան գերագոյն արարքով մը փորձեց մարդուն մօտենալ եւ անոր հետ մտերմանալ: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ վերջին ընթրիքի պահուն ոչ ոք կ՛ակնկալէր, թէ Յիսուս ընթրիքը ձգելով` պիտի լուար Իր իսկ աշակերտներուն ոտքերը, բայց ի զարմանս նոյնինքն իր աշակերտներուն` Իր գերագոյն սէրը անոնց փոխանցելու համար անոնց ոտքերը լուաց եւ անոնց յիշեցուց, որ այս արարքը նոր պատուիրան մը կը փոխանցէ եւ կը յանձնարարէ, որ իրենք ալ իրենց կեանքին մէջ զիրար սիրեն: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մեր եկեղեցին ոչ միայն իր արարողական կեանքին մէջ ոտնլուայի սրբազան արարողութիւնը կը կատարէ, այլեւ անոր պարունակած սիրոյ պատգամը կը փորձէ մեզի փոխանցել, որպէսզի մենք թելադրուինք եւ քաջալերուինք` սիրոյ սկզբունքներով մեր հոգեւոր աշխարհը կերտել, մեր նմաններուն հետ սիրով կապ հաստատել եւ այս ձեւով մեր ընկերութեան բարոյական վիճակը ամրացնել: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ այսօր եկեղեցին մեր տիրոջ օրինակին ընդմէջէն մեզի կը յիշեցնէ, որ սէրը պարզ պարտականութիւն չէ, այլ` Աստուծոյ սրտէն բխող կեանքի ուժ: Հետեւաբար մենք ալ պէտք է սիրով գուրգուրանք մեր նմաններուն վրայ, նաեւ` մեր քրիստոնէական հաւատալիքներուն եւ աւանդներուն վրայ, որպէսզի մեր կեանքը մնայ անխախտ ու անսասան, եւ այդպիսով մենք մեզ ու մեր շրջապատը ոչ միայն այս աշխարհէն ներս պաշտպանենք, այլեւ ուղղենք դէպի յաւիտենականն ու ճշմարիտը: Սէրը ստեղծագործ ուժ է, հրաշալի կարողութիւն մը, որուն միջոցով ստեղծուած է եւ կ՛ապրի ամբողջ տիեզերքը: Սէրով մեր դիմաց կը բացուին նոր ու պայծառ ուղիներ, կը հանդարտին մարդկային կեանքէն ներս ստեղծուած ամէն տեսակի դժուարութիւններ, կը վերանան մեր կեանքէն ամէն տեսակի թշնամանքներ եւ մեր մէջ կ՛աճի աստուածային հրաշագործ ուժը», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մենք` իբրեւ Քրիստոսի հաւատաւոր հետեւորդներ, պարտինք փորձել հետեւիլ Իր կեանքի օրինակին եւ մեր մասնակցութեամբ ձգտինք վերացնել կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող ամէն տեսակի դժուարութեան, ցաւի եւ յուսահատութեան հետքերը, որպէսզի այդպիսով մեր կեանքէն ներս հրաւիրենք աստուածային սփոփարար օրհնութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները աղօթել, որպէսզի աստուածային շնորհը եւ սէրը անպակաս ըլլան իրենց կեանքէն ներս եւ մասնաւորաբար առաջնորդեն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք ալ իրենց մասնակցութեամբ մեր կեանքէն ներս սրբութիւնը պաշտպանեն եւ մեր հոգիներուն դիմաց բանան աստուածային ընդարձակ հորիզոններ ու մեր կեանքը տանին յաւերժի:
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 29 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ Շահէ արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ միասնաբար հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ յարկին տակ ուխտապահ հոգիով, որպէսզի հաւատքով նորոգուինք` քաջ գիտնալով, որ այս պահը հրաշագործ զօրութիւն ունի հաւատացեալին համար, որովհետեւ այստեղ իրողապէս կը զգանք, թէ մեր Փրկիչը իր կեանքը ընծայեց մարդու փրկութեան համար, անսահման եւ կատարեալ սիրոյ արտայայտութեամբ, որպէսզի աշխարհէն ներս արթննայ անմահ կեանքին հաւատքը: Ան ըսաւ, որ այս պահը մեզի կը յիշեցնէ, որ օր մը նոյնիսկ մեղքով թունաւորուած, ապականած ու դիակի վերածուած մարդուն հոգիին մէջ ալ կրնայ արթննալ ու փոթորկիլ կեանքին սէրը եւ` հետեւաբար ան իր Տէրն ու Աստուածը գտնելով` կրնայ վերստին դառնալ իր արժանապատիւ վիճակին:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը յայտնեց, որ այս աշխարհէն ներս մահով կը մեռնի այն, ինչ որ սահմանուած է ըլլալու ժամանակաւոր ու վաղանցուկ, բայց անկործան կը մնայ այն, ինչ որ Արարիչին կողմէ սահմանուած է ըլլալու անմահ: Արդարեւ, նոր ու հրաշալի կեանքով ապրելու համար ցորենի հատիկը հողին մէջ թաղուելով` կը մեռնի, նոյնպէս եւ մեր Տէրը գերեզմանին մէջէն դարձեալ կը վերադառնայ կեանքին, որպէսզի մարդը տանի իր անմահ կեանքին ու աստուածադրոշմ վիճակին:
«Այսօր երեկոյեան, իր սրբազան արարողութիւններուն ճամբով, մեր եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, թէ ո՛վ որ կեանքի հաւատքը ունի, ո՛վ որ ապրելու կամք ունի, հողէն ու գերեզմանէն պէտք չէ վախնայ, այլ Աստուծոյ հետ խզուած կապերը վերահաստատելով` պէտք է ջանայ հաւատքի ճիգով իր կեանքը զետեղել յաւիտենականութեան ճամբուն վրայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ առանց հաւատքի` խոտի նման է մեր կեանքը, բայց հաւատքով մեր կեանքը կը վերածուի սրբազան անմար կրակի:
Սրբազանը նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք կորստաբեր ժամանակներու մէջ, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ տառապանքներէն, անկումներէն ու խոր վիրապներէն ծնունդ առած են մեր ժողովուրդին հաւատքն ու տոկունութեան յատկանիշը: Հետեւաբար պէտք չէ երկնչինք ժամանակաւոր անկումներէ, ու պէտք չէ տրտմի ու մթութեան մատնուի մեր կեանքը: Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ կրցած է առանց տառապանքի ու զոհողութեանց, առանց ցաւի ու տագնապի` անմիջապէս հասնիլ իր երազներուն ու տիրանալ իր սրտի իղձերուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները այսօր եւ գալիքին մասնաւորաբար Քրիստոսի կեանքի օրինակէն ու մեր հաւատքէն քաղել հոգեկան արիութիւն ու պայծառատեսութիւն, որպէսզի ծանր փորձութիւններու քովէն անցնող մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքը պաշտպանենք հին օրերու օրհնութեան շունչով` ապրելու ու անմահանալու պայծառ հաւատքով:
Յետեկեղեցական արարողութեան` կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին` շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հսկումի այս պահը վստահաբար կը պարզէ առաւելաբար մեր աչքերուն տարակուսանքի, մահուան, տառապանքի պատկերներ, աւելցնելով, որ երբ կը գիտակցինք, թէ հաւաքուած ենք նշելու համար Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին րոպէները եւ իրեն հետ տագնապելով հսկելու, որպէսզի մեր կեանքը առաջնորդենք դէպի այն լոյսը, որ Ինք կ՛ուզէ տալ մեզի: Առաջնորդը բացատրեց, որ այս առիթը զետեղուած է մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէսզի մենք անդրադառնանք, թէ կեանքէն ներս իսկապէս կան մութ ու լոյս պահեր, յոյսի եւ լոյսի առիթներ, բայց նաեւ կան անկումի եւ քայքայումի պահեր, աւելցնելով, որ ճշմարիտ քրիստոնեան աշխարհի այս անցուդարձերուն մէջ պէտք է իմաստութեամբ առնէ իր քայլերը, որպէսզի, ինչպէս Քրիստոս կ՛ըսէ, յաւիտենական կեանք ունենայ եւ ոչ թէ խորտակուի ու քայքայուի: Ճշմարիտ քրիստոնեան կեանքի մութ ու դժուարին պատահարներուն դիմաց չի յուսահատիր, այլ իր հաւատքին ապաւինելով` յոյս կը փնտռէ, այսինքն ելքի միջոց մը կը փնտռէ, եւ այդ միջոցը անպայմանօրէն Աստուծմով իրեն կը շնորհուի: Սրբազանը ըսաւ, թէ ինչպէս Քրիստոս ըսած է, Իրմով կարելի է աշխարհի անցուդարձերը ըմբռնել, հասկնալ եւ լուծել, շեշտելով, որ առանց իր առաջնորդութեան` շատ անգամ անյոյս է մեր վիճակը: Պէտք է անդրադառնանք, որ Քրիստոս է կեանքին տէրը, եւ առանց Իրեն` խաւարի մէջ պիտի ըլլան մեր մտքի խորհուրդներն ու զգացումները, եւ անյոյս պիտի ըլլայ մարդկային մեր կեանքը, սակայն Իրմով եւ Իր հաւատքով անպայմանօրէն պիտի կարողանանք մեր կեանքը ուղղել դէպի յաւերժութիւն: Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդները կեանքի վերջին ժամերուն զինք լքեցին, սակայն Իր յոյսը պատճառ եղաւ, որ անոնք վերստին վերադառնան իրենց հաւատքին եւ աշխարհէն ներս ստանձնեն իրենց վիճակուած այն պարտականութիւնները, որ Քրիստոս վստահած էր իրենց, աւելցնելով, որ այսօր միեւնոյն պարտականութեամբ կը հրաւիրէ մեզ յիշեցնելով եւ թելադրելով, թէ Ինքն է աշխարհի լոյսը եւ Ինքն է, որ առիթ ու մղում կրնայ տալ մեր քայլերուն եւ ճիգերուն, յաջողութիւն պարգեւել մեր աշխատանքներուն մէջ, լուսաւորել մեր մթագնած ներկան եւ լուսաւոր ապագայի առաջնորդել բոլորս: Սրբազանը ըսաւ, որ մեր հաւատքով ջանանք Իր խօսքերը տեղադրել մեր հոգիներէն ներս, որպէսզի խաւարի մէջ չըլլան ներկայ պայմաններու մէջ մեր մտածումները, այլ Իրմով մենք առաջնորդուինք երկնային յոյսին եւ անմահական իր փառքերուն: