Անցեալ շաբաթավերջը մշակութային առումով գերազանցապէս սեւակեան դրոշմ ստացաւ լիբանանահայ գաղութին մէջ: Հայ մեծանուն բանաստեղծ եւ գրող Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակը առիթ հանդիսացաւ, որ ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս ալ սփիւռքի զանազան գաղութներուն եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ կազմակերպուին յոբելենական հանդիսութիւններ: Ասիկա առիթ էր նաեւ լիբանանահայ գրասէր հանրութեան եւ նոր սերունդին ներկայացնելու մեծանուն բանաստեղծին լաւագոյն գործերը իր մէջ ամփոփող «100 բանաստեղծութիւն» հատորը` դասական ուղղագրութեամբ: Աննախընթաց երեւոյթ էր սփիւռքահայ ժամանակակից գրահրատարակչութեան պատմութեան մէջ, որ հատոր մը լոյս կ՛ընծայուի շուրջ 1850 տպաքանակով: Նաեւ աննախընթաց էր լիբանանահայութեան ընդառաջումը յոբելենական հանդիսութեան, այնքան, որ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը այդ օր բերնէ բերան լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ: Երեւոյթ մը, որ իրաւամբ ցոյց կու տայ լիբանանահայ գրասէր հասարակութեան ծարաւը նմանօրինակ գրական եւ մշակութային հանդիսութիւններու նկատմամբ:
Արդարեւ, ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տիրական ներկայութիւն էր Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութեամբ ու «100 բանաստեղծութիւն» հատորին շնորհահանդէսով կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նանօր Թաշճեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման հանդիսութեան մը նախաձեռնած են ոգեկոչելու եւ մօտէն ըմբոշխնելու հայ բանաստեղծութեան մէջ անուանի հայրենի բանաստեղծ, գրականագէտ եւ թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի ունեցած մեծ ներդրումն ու անկորնչելի վաստակը:
«Իր գրականութեան յաւերժական անյայտը եղան մարդ արարածն ու անոր ոգեղէն գոյութեան բացայայտումը: Անոր հերոսները եղան ազնիւ ու ուղղամիտ մարդիկ, որոնք ոգեւորեցին, տխրեցուցին եւ հիացուցին մեզ: Ան բացայայտ ու բարձրաձայն խօսեցաւ ու գրեց այն ամէն ինչին մասին, որոնք նոյն տարիներուն կ՛ըսուէին կիսաձայն, տողերու արանքով:
«Պարոյր Սեւակ ունեցած է քարիզմաթիկ գրաւչութիւն եւ գրական անհատականութիւն: Անդրադարձած է` հայ ժողովուրդի ճակատագիրին, Հայոց ցեղասպանութեան, ազգային վերածնունդին եւ ամբողջական հայութիւնը հայրենիքի շուրջ հաւաքելու թեմային: Անոր գործերը հարուստ են` խորաթափանց յոյսերով, սիրային զգացումներով, համամարդկային հրամայականներով, ազգային շունչով ու հաւատքով», ըսաւ Ն. Թաշճեան:
Դիտել տալով, որ Սեւակին ուժն ու միակ գնահատողը եղաւ հայ ժողովուրդը, որուն համար ստեղծեց ու կատարեց իր պատմական դերը, ան շեշտեց, որ այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է կառչիլ հայ գիրին, լեզուին, գրականութեան, մշակոյթին եւ զանազան նախաձեռնութիւններով պահպանել եւ զարգացնել զանոնք:
Ապա ցուցադրուեցաւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը` բանաստեղծին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող: Հետաքրքրական էր, որ Պարոյր Սեւակի թոռը` Սեւակ Ղազարեան, ծանօթացուց այս բոլորը, Պ. Սեւակի կողմէ կառուցուած տան ու շրջակայ բնութեան մէջէն, ուր ապրեցաւ ու արարեց ան: Նաեւ ներկաները դիտեցին Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանէն տեսարաններ ու մանրամասնութիւններ լսեցին անոր մասին:
Անկէ ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի եռեակ համոյթը` Վերոնա Ռուսիալեան` դաշնակ, Կասիա Լեւոնեան` սրինգ եւ Սէրուժ Գույումճեան` տհոլ:
Ձեռնարկին բանախօսեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, որ անդրադարձաւ երեկոյին` նշելով, որ անիկա առիթ է մեզ տանելու` «Դէպի յաւերժութեան այն ուղին, որ հարուստ է գրականութեան ակօսներէն կեանքի կոչուած միլիոնաւոր ստեղծագործութիւններով` բանաստեղծութիւններ, արձակ գրութիւններ, թատրերգութիւններ, միտք հարստացնող գոհարներ, երեւակայութեան դաշտը գունազարդող պատկերներ, յոյզեր ու ապրումներ, որոնց հեղինակները ծանօթ, երբեմն ալ անծանօթ մշակներ են, անոնց խոփը, արօրն ու բահը կը գործեն տիւ եւ գիշեր` պերճագեղ անդաստան մը մատուցելու գրականասէր հանրութեան»:
Սեւակի ստեղծագործութիւնները լուսարձակի տակ առնելով` ան ըսաւ, որ երբ զանոնք կը կարդանք, կարծէք` հեղինակին ձայնը կը լսենք, կարծէք` այդ տողերը մեզի համար գրուած ըլլային, ուստի կը ժպտինք, կը յուզուինք, կը պայքարինք միտքերու տարափին հետ, ուր բանաստեղծը բառերը կը վերածէ պատկերներու:
«Ճիշդ 100 տարի առաջ Զանգակատան ղօղանջները աւետեցին գրական ցոլք մը, անունը` Պարոյր Սեւակ: 100 տարի, ու շարունակուող օրերու թաւալումով, հայոց աշխարհէն ծնած Անլռելի Զանգակատան հարազատ որդին` հետզհետէ ուժգնացող իր բաբախումով, շարունակ ստեղծագործեց հոգեցունց միտքի ճառագայթումով, նաեւ բարձրաձայնած իր համոզումով, որ` «Բանաստեղծութիւններ գրելու համար պէտք է շատ գիտելիքներ ձեռք բերել եւ շատ բան սորվիլ», ըսաւ Ս. Քիւրքճեան-Թաշճեան: Բանախօսը յայտնեց, որ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները ընթերցողը կ՛առնեն իրենց կախարդանքի ազդեցութեան տակ, հոն կան հեղինակին ընդերքէն բխող զգացումներ, յոյզեր ու ապրումներ, որոնք անկեղծութիւն կը բուրեն:
Ան նշեց, որ Սեւակի մօտ խօսուն են իր պատկերները, հասուն ու տրամաբանող են միտքերը` ըլլան անոնք բանաստեղծութիւններու մէջ, հարցազրոյցներու թէ ընդհանրապէս խօսած ժամանակ:
«Պարոյր Սեւակ երկրպագուն ըլլալով գեղեցիկին եւ պերճանքին, բանաստեղծական այլ շարքի մէջ, իւրայատուկ տեղ կը պահէ հայ ժողովուրդի տառապալից կեանքին` յատուկ ժամանակաշրջանին անդրադարձող, երբ Կոմիտասի կեանքին ցնցող պատմութեան միջոցով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագիրը: Սակայն կանգ չ՛առներ այդտեղ, այլ խրախուսիչ ու վերականգնումի աշխարհահայեացքով կը փորձէ գրական հասարակութիւնը առանձնապէս եւ ողջ հայութիւնը ամբողջապէս առաջնորդել դէպի «բարձրանո՛ւն Հայաստան», դիտել տուաւ բանախօսը:
Օրուան բանախօսը հաստատեց, որ Պարոյր Սեւակն ու անոր գրական վաստակը անժամանակ են, սահմանափակումներ չունին, կը մնան այժմէական ու պատգամող, այդ պատճառով ալ անոր եղերական մահէն ետք ալ նուիրուեցան յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ, գրախօսականներ, վերահրատարակուեցան ու ամէնուրեք հնչեցին իր խօսքերը` ապրելով ու ապրեցնելով հայ մեծանուն բանաստեղծին յիշատակը:
Իր խօսքը եզրափակելով` Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան ըսաւ. «Այսօրուան ձեռնարկը լաւագոյն առիթներէն հանդիսացաւ անգամ մը եւս հաղորդուելու Պարոյր Սեւակի անձին ու գործերուն հետ, 100 բանաստեղծութեան հետ միատեղ ամփոփուած են ինքնակենսագրական տուեալներ ու հարցազրոյց, որոնք խճանկարը կը հանդիսանան վաղամեռիկ բանաստեղծին գրական գործունէութեան»:
Բանախօսութեան յաջորդեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Կարէն Գազանճեանի եւ Կայէլ Ապուսէֆեանի զուգերգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հանրի Իշխանեանի:
Անկէ ետք հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան կարդաց Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը, իսկ մեներգող սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը»:
Ապա խօսք առաւ Հայաստանէն այս առիթով Լիբանան ժամանած Պարոյր Սեւակի թոռը` Սեւակ Ղազարեան, որ ուրախութեամբ եւ յուզումով նշեց, թէ Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին առիթով շուրջ 30 տարբեր նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցան եւ կ՛ունենան Երեւանի եւ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի կարգ մը երկիրներու մէջ, բայց Լիբանանը յատուկ դրոշմ ունի:
Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին նուիրուած միացեալ գիրքին հրատարակութեան մասին խօսելով` ան նշեց, որ նախորդ տարեվերջին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութենէն առաջարկ ստացաւ այս մասին եւ նշեց, որ գիրքը կազմած է հայրը` Պարոյր Սեւակի միջնեկ որդին, գրականագէտ Արմէն Ղազարեանը, իսկ ինք օգնած է գիրքը խմբագրելով: Սեւակ Ղազարեան տեղեկացուց, որ գիրքին անդրանիկ շնորհահանդէսը կայացաւ Երեւանի մէջ, 17 յունուար 2024-ին, Պ. Սեւակի 100-ամեակը լրանալէն ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ, շրջան մը ետք միտք մը յառաջացաւ, որ գիրքը փոխադրենք մեսրոպեան ուղղագրութեան եւ տպագրելով` այստեղ նաեւ շնորհահանդէս ունենանք: «Ի հարկէ թէ՛ Երեւանի մէջ եւ թէ հոս ինծի համար աննախադէպ երեւոյթ է ամբողջ տպաքանակը պարզապէս բաժնուի սեւակասէրներու, աշակերտներու, բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են Սեւակով: Ինծի համար մեծագոյն պատիւ է հոս գտնուիլը, ամբողջ համայնքի ներկայութիւնն է կարծես այսօր այստեղ, որուն համար իմ խորին շնորհակալութիւնը` բոլորիդ, մասնաւորաբար` Համազգայինին եւ ընդհանրապէս ամբողջ համայնքին», ըսաւ ան:
Պարոյր Սեւակի թոռը ըսաւ, որ գիրքին մէջ խորհրդանշական կերպով մէկտեղուած են 100 ստեղծագործութիւններ, որոնք բաժնուած են թեմատիկ կերպով. սկիզբը հայրենասիրական գործերը զետեղուած են, այնուհետեւ` աւելի փիլիսոփայական, մարդակեդրոն, քաղաքացիական բանաստեղծութիւններ, եւ անշուշտ` Սեւակի սիրերգութիւնը նաեւ:
Հիմնականօրէն ընտրուած են Սեւակի ամէնէն լաւ ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ են` «Սիրոյ ճանապարհ», «Նորից քեզ հետ», «Մարդը ափի մէջ» եւ «Եղիցի լոյս»:
«Ըստ ինծի, գիրքը շատ կարեւոր է, եւ կ՛առանձնանայ այս հրատարակութիւնը իր ո՛չ միայն ընտրուած բանաստեղծութիւններով, այլ նաեւ` իր երկու յաւելուածներով, որոնք նախաբանի եւ վերջաբանի տեսքով են: Նախաբանը Սեւակի ինքնակենսագրութիւնն է, որ կը կոչուի «Անցեալը ներկայացած»: Օրին հանրութեան լայն շրջանակներ ծանօթ չէին, նոյնիսկ` ցարդ. ուստի խորհուրդ կու տամ անպայման կարդալ այդ բաժինը, որովհետեւ Սեւակի ձեռքով գրուած ինքնակենսագրութիւնն է, որ ժամանակին խորհրդային ամսագիրներէն մէկուն համար գրած էր, բայց եւ այնպէս, չէր տպագրուած», ըսաւ ան` մանրամասնելով, որ Սեւակի կողմէ հոն տեղ գտած իրականութիւններ օրին ընդունելի չէին:
Սեւակ Ղազարեան ըսաւ, որ գիրքին վերջաբանը Սեւակի կեանքի վերջին հարցազրոյցն է, որ կը կոչուի` «Ինչը, ինչպէսը, որպէսը», եւ ուր Սեւակ խօսած է թէ՛ իր անցած գրական ուղիին, թէ՛ իր ծրագիրներուն մասին, որոնց մէկ մասը մնաց անաւարտ:
Իր խօսքը եզրափակելով` Սեւակ Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց բոլորը, որովհետեւ «Պարոյր Սեւակի 100-ամեակը Համազգային տօն է, բոլորիս տօնն է, եւ իմ միակ մաղթանքն է, որ մեր մեծերը, ի հարկէ նաեւ` մասնաւորապէս Սեւակը, չյիշենք միայն ամեակէ ամեակ, տօնէ տօն, այլ իրենց խօսքը, իրենց պատգամները մեզի հետ ըլլան ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան, եւ փորձենք համապատասխան ըլլալ իրենց պատգամած մարդու եւ հայու տեսակին»:
Յաջորդ բաժինով յայտարարուեցան այս առիթով Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական արտասանական մրցանքի արդիւնքները, եւ պարգեւներ ստացան երեք մրցանակակիրները. առաջին` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լիլիթ Տեմիրճեան, երկրորդ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Մէրի Էքմեքճեան, երրորդ` Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէկնեան երկրորդական վարժարանի աշակերտ Սոֆիա Գալուստեան, որոնք Պարոյր Սեւակէն կտորներ ասմունքեցին: Դատական կազմին կողմէ արդիւնքները յայտարարեց լիբանանահայ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի, որուն կողքին մաս կը կազմէին` Վաչէ Ատրունի, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Անի Եփրեմեան եւ Թորգոմ Ջանան:
Անկէ ետք խօսք առաւ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսատեսին` ներկայ բազմութեան, որ արժանաւորապէս գնահատեց հայ բանաստեղծութիւնը եւ Պարոյր Սեւակը: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հատորի հրատարակութեան, շնորհահանդէսին եւ ընդհանրապէս յոբելենական հանդիսութեան առիթով բոլոր նախաձեռնութիւններուն իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերած հանգուցեալ Սուրէն Սարգիսեանի ընտանիքին, տէր եւ տիկին Աբօ եւ Սապին Վէքիլեաններուն, տէր եւ տիկին տոքթ. Վաչէ եւ տոքթ. Կարինէ Վասիլեաններուն, տէր եւ տիկին Սերժ եւ Վերա Հայթայեաններուն, Համազգայինի բարեկամի մը, ինչպէս նաեւ` լիբանանահայ վարժարաններուն, Համազգայինի Կիպրոսի մասնաճիւղին եւ Քուէյթի Ազգային վարժարանին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան հատորի լոյս ընծայման եւ բաշխման մէջ:
Հաւաթեան յայտարարեց, որ երկու հանդիսութիւններուն եւ վարժարաններու այցելութեանց ճամբով «100 բանաստեղծութիւն» հատորը մուտք կը գործէ լիբանանահայ 1850 ընտանեկան օճախներ:
Վերջապէս, անդրադառնալով միջդպրոցական արտասանական մրցանքին ստացած լայն հետաքրքրութեան, այս առիթով ան յայտնեց, որ պիտի կազմակերպուի նաեւ արտասանական բաց մրցանք, որուն մասնակցելու իրաւունք պիտի տրուի 18 տարեկան եւ վեր բոլոր հայորդիներուն:
Աւարտին Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք ամբողջական համագործակցութիւն ցուցաբերեցին 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած արտասանական մրցանքին եւ բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Այս առիթով արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ Զ. Քէշիշեան ըսաւ, որ արուեստը իր մէջ արհեստ կը պարունակէ, եւ արուեստին արհեստը իւրացնող վաւերական արուեստագէտն է, որ կը փոթորկէ մեր մտքերը, կը կախարդէ մեր հոգիները: Ըստ անոր, կան մտաւորական արուեստագէտներ, անոնք շատ աւելի վեհ են, շատ աւելի բարձր են: Եթէ արուեստագէտը իր արուեստակիցներուն, իր համակիրներուն շրջանակին մէջ հետք կը ձգէ, ապա ուրեմն մտաւորական արուեստագէտը հանուր մարդկութեան, հանուր ընկերութեան մէջ մեծ հետք կը ձգէ:
«Դժուար է սահմանել արհեստագէտին եւ արուեստագէտին միջեւ գտնուող սահմանը, սակայն ճշմարիտ արուեստագէտը իր արուեստով ինքզինք կը պարտադրէ: Ե՛ւ Լիբանանի ե՛ւ Հայաստանի մէջ բոլոր անոնք, որոնք ներկայ գտնուած են հայրենի դերասան, բեմադրիչ, մտաւորական Դաւիթ Յակոբեանի ելոյթներուն, անվերապահօրէն կը վկայեն, որ ան իրական ճշմարիտ եւ վաւերական արուեստագէտ է, իսկ անոնք, որոնք նաեւ հետեւած են անոր հարցազրոյցներուն, արտայայտութիւններուն, զանազան բեմերու վրայ կեցուածքներուն, յատկապէս այս օրերուն, կը վկայեն, որ ան մտաւորական արուեստագէտ է, պատի՛ւ արժանաւորին», վկայեց ան:
Զ. Քէշիշեանի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերասան, երկար տարիներ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին հետ համագործակցած Դաւիթ Յակոբեանը` թատերական եւ շարժապատկերի արուեստներուն մէջ ունեցած ներդրումին համար` իբրեւ դերասան, մանկավարժ, դասախօս, բեմադրիչ եւ թատերական գործիչ եւ մեծ վաստակի տէր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, պարգեւատրուելու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շքանշանով:
Իր սրտի խօսքին մէջ Դաւիթ Յակոբեան շնորհակալութիւն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ ինք երջանիկ հայաստանցի է այն առումով, որ նաեւ սփիւռքահայ գործիչ եղած է, իսկ նման բանի մը քիչեր կ՛արժանանան: Ան մեծ պատիւ նկատեց իրեն համար շատ սիրելի քաղաք հանդիսացող, շատ հարազատ գաղութին մէջ ոչ միայն գտնուիլը, այլ նաեւ արժեւորուիլը:
Եզրափակիչ բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի:
Աւարտին ներկաները նուէր ստացան «100 բանաստեղծութիւն» հատորը: