Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան

February 12, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 5 փետրուար 2025-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան այցելեց Ազգային Միացեալ վարժարան, ուր ջերմօրէն եւ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ դպրոցի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ: Սրբազան հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Պասթաճեանը եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանը:

Բացման խօսքը արտասանեց դպրոցի կրթական տնօրէն  Լիւսի Բէնէնեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան: Ապա ան շեշտեց սրբազան հօր օրհնաբեր այցելութեան կարեւորութիւնը եւ ոգեշնչող ներկայութիւնը հայ կրթօճախէն ներս, իբրեւ հոգեւոր խթան` հայ աշակերտները կրթելու հաւատքով, սիրով, բարոյական արժէքներով եւ ազգային բարձր ոգիով:

Ապա 12-րդ դասարանի աշակերտ Սօսէ Խաչատուրեան անդրադարձաւ հայ դպրոցի անփոխարինելի դերին ու առաքելութեան` շեշտելով, որ հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը մեծնայ գիտակից ու յանձնառու հայ ուսանող` իր արմատներուն ամուր  կառչած եւ ազգային ու քրիստոնէական արժէքները պահպանող:

Այնուհետեւ, աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Մանկապարտէզի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին «Արդեօք ովքե՞ր են» եւ արաբերէնով «Աթունա թուֆուլի» երգերը: Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հանդէս եկան խմբային ասմունքով  մը, որ  համադրումն էր Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեր դրօշին», Արամայիս Սահակեանի «Խաչ եւ սուր» եւ Ժագ Յակոբեանի «Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն» բանաստեղծութիւններուն:

Խմբային ասմունքին յաջորդեց երկրորդական դասարանի աշակերտուհիներու կողմէ ներկայացուած հայկական պար մը: Աւարտին աշակերտներուն իր հայրական պատգամը ուղղեց սրբազան հայրը. ան նախ իր անսահման ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը  յայտնեց, որ տակաւին հայ սերունդը ամրօրէն կառչած է իր ազգին, իր պատմութեան եւ իր մշակոյթին: Շահէ արք. Փանոսեան անդրադարձաւ, որ այս տարի Արամ Ա. վեհափառ  հայրապետը 2025 տարին հռչակած է «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», եւ ուստի, ամէն հայ աշակերտ պարտաւոր է պահելու եւ պահպանելու հայկական մեր աւանդութիւնները, որոնց շնորհիւ կը կերտենք մեր ազգային դիմագիծը եւ կը պահենք մեր ազգին իւրայատկութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց մտերմիկ զրոյց- հանդիպում մը երկրորդական կարգի աշակերտներուն հետ, որոնք Հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական արժէքներու առնչուած  հարցումներ ուղղեցին սրբազան հօր եւ ստացան գոհացուցիչ եւ լուսաբանական  պատասխաններ:

Աւարտին աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր` դարձեալ հանդիպելու յոյսով ու փափաքով:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան

 

Նախորդը

Մեր Ժողովուրդը Լռութիւնը Ընտրել Է Որպէս Փախո՞ւստ Դաժան Իրականութիւնից, Թէ՞ Որպէս Համաձայնութիւն Իր Կործանումին

Յաջորդը

Վերադարձ Նախկին Լիբանանին

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.