Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Սնապեանին Նուիրուած Նախաձեռնութիւն Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ

February 7, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 25 յունուար 2025-ի առաւօտուն Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինի (ԱՏՕՄ) խումբ մը անդամներ ամսական դրութեամբ իրենց այցելութիւնը տուին Ազունիէի Ազգային բուժարան:

Այս անգամ այցելութիւնը այլ բնոյթ կը կրէր: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր գեղարուեստական-գրական յայտագիր: Արդարեւ, ԱՏՕՄ-ականներուն կ՛ընկերակցէր բանաստեղծ, գրագէտ Պօղոս Սնապեանի դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ իր նախորդ այցելութեան փափաք յայտնած էր իր հօր գործերէն քանի մը նմուշ նուիրել կեդրոնի գրադարանին: Այս նախաձեռնութիւնը աւելի անմիջական ու շինիչ դարձնելով` ան շատ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցաւ պատսպարեալներուն հետ, անոնց ներկայացուց` Պօղոս Սնապեան մարդը, ուսուցիչը, գրագէտը, հայրը եւ անոր տարբեր կողմերը` սկսելով անոր կեանքի առաջին օրերէն մինչեւ Այնճարի մէջ անոր  նուիրուած տուն-թանգարանի հիմնադրութիւնը: Ապա Թամար Սնապեան-Սուրճեան ներկայացուց Սնապեանի կարգ մը գործերը` հակիրճ բացատրութիւն տալով իւրաքանչիւրին մասին, յատկապէս կեդրոնանալով «Ես այդ շունն եմ» գիրքին բովանդակութեան եւ վերնագիրի իմաստին վրայ:

Ապա խօսք առաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան, որ իր անձնական ծանօթութեան եւ Պօղոս Սնապեանին հետ գործակցութեան մասին տեղեկութիւններ ու յուշեր պատմեց` զրոյցը դարձնելով աւելի մտերմիկ, հետաքրքրական ու անմիջական:

Հաճելի էր տեսնել մեր սիրելի տարեցներուն խանդավառութիւնն ու հետաքրքրութիւնը, յատկապէս անոնց ճիգը` տրուած տեղեկութիւնները ընկալելու եւ մասնակից դառնալու զրոյցին:

Հանդիպումի աւարտին կարգ մը պատսպարեալներ փափաք յայտնեցին, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կրկնուին` իրենց առօրեան հարստացնելու եւ այլազանութիւն բերելու նպատակով:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք յանձնախումբին անդամները խորհրդակցութիւն ունեցան տարեցներուն հետ, որոնց փափաքներն ու առաջարկները լսելով` յառաջիկայ ամիսներուն այլազան ծրագիրներ պիտի մշակուին:

Նախորդը

Մսխուած Պատեհութիւն Մը` Չխօսելու…

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.