Հինգշաբթի, 6 փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խօսելու Լիբանանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու Կովկասի մէջ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: