Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, երեքշաբթի, 27 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական բացառիկ երեկոյ` կատարողութեամբ Յունաստանի Սանթորինի կղզիին մէջ տեղի ունեցած համերգին «Եորկոս Ֆուտուլիս» բարձրագոյն պարգեւին արժանացած Միքայէլեան ամոլին` սոփրանօ Լիանա Միքայէլեանի եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի, որ կարգ մը շքանշաններու եւ մրցանակներու կողքին, 2024 թուականին պարգեւատրուած է նաեւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ:
Երկու տաղանդաւոր երաժիշտներ` Մկրտիչ եւ Լիանա Միքայէլեանները երաժշտական իւրայատուկ մթնոլորտ ստեղծեցին` միաձուլելով երգն ու նուագը, կամրջելով տարբեր մշակոյթներու նշանաւոր կտորներ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթի ընթացքին Միքայէլեան ամոլը մեկնաբանեց Ֆրանց Շուպերթի «Աւէ Մարիա»-ն եւ «Սերենատ»-ը, Մաուրօ Կիւլեանիի «Քաւաթինա 1», «Քաւաթինա 2» եւ «Քաւաթինա 3»-ը, Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, մշակում` Մկրտիչ Միքայէլեանի, Կոմիտասի «Քէլէ քէլէ»-ն, մշակում` Մկրտիչ Միքայէլեանի, Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայէն սպանական շարք մը, մշակում` Մկրտիչ Միքայէլեանի, Մանուէլ տէ Ֆալլայի «Նանա»-ն եւ Ֆեռնանտօ Օպրատորզի «Էլ վիթօ»-ն, մշակում` Մկրտիչ Միքայէլեանի: Հանդիսականներու բուռն փափաքին ընդառաջելով` կարգ մը կատարումներ կրկնուեցան երկրորդ անգամ:
Աւարտին ներկաները մեծապէս գնահատեցին կատարումները` գերազանց համարելով զանոնք, եւ յաջողութիւն մաղթեցին Միքայէլեան ամոլին:
Միքայէլեան ամոլին ելոյթները երաժշտական վայելքի պահեր ըլլալու զուգահեռ, նաեւ ունկնդիրները կը փոխադրեն վերացական գեղեցիկ աշխարհ մը` քանի մը ժամ զանոնք անջատելով առօրեայ հոգերէն ու տաղտուկներէն: Այս ելոյթը եւս եկաւ աւելնալու անոնց նախորդ արժէքաւոր համերգներուն վրայ` Մկրտիչ Միքայէլեանի կիթառի լարերէն ու անոր տաղանդէն բխած երաժշտութեան եւ սոփրանօ Լիանա Միքայէլեանի հնչեղ ձայնի ներդաշնակութեամբ լիացնելով արուեստասէրները:



