Երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2026-ին Հայկազեան համալսարանը նշեց իր տարեկան Հիմնադիրներու օրը` անդրադառնալով համալսարանական կրթութեան մնայուն արժէքին: Տօնակատարութեան այս տարուան նիւթն էր` «Ինչո՞ւ համալսարանական կրթութիւն այսօր. մասնագիտական հմտութիւններէն դէպի գիտելիք, նկարագիր եւ պատասխանատու ղեկավարութիւն»:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ համալսարանին կից գտնուող Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ` ներկայութեամբ պետական պաշտօնատարներու, ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներու, ընկերութիւններու ղեկավարներու, հոգաբարձուներու, դասախօսներու, ուսանողներու եւ համալսարանի բարեկամներու:
Օրուան յայտագիրը կեդրոնացած էր քննարկումի մը շուրջ, զոր վարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, եւ որուն մասնակցեցան չորս անձեր, որոնք ներկայացուցին բարձրագոյն կրթութեան տարբեր կողմերը` պետական ծառայութեան, շրջանաւարտներու փորձառութեան եւ ուսանողական կեանքի տեսանկիւններէն: Քննարկումը կեդրոնացաւ այն հարցին վրայ, թէ ի՞նչն է, որ համալսարանական կրթութիւնը կը զանազանէ մասնագիտական հմտութիւններ եւ վկայականներ ձեռք բերելու այլ միջոցներէ, երբ այսօր կարելի է զանոնք ձեռք բերել նաեւ կարճատեւ դասընթացքներու եւ ուսուցման այլ տարբերակներու միջոցով:
Քննարկումին մասնակցեցան` գաղթականներու հարցերու եւ արհեստագիտութեան ու արհեստական բանականութեան նախարար դոկտ. Քամալ Շահատէն, «Ֆենիսիա» պանդոկի բաժնետէր եւ գործադիր տնօրէն Շիրին Սալհան, Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ եւ «Էմիրէյթզ» ընկերութեան շրջանային տնօրէն Թամատոր Տալլալ Քուաթլին եւ Ճեսի Գրիգորեանը` Հայկազեան համալսարանի հոգեբանութեան բաժանմունքի վերջին տարուան ուսանող:
Անդրադառնալով ապագայ մասնագէտներու եւ ղեկավարներու կրթական կարիքներուն` նախարար Շահատէ շեշտեց, որ համալսարանները պէտք է անցնին գիտելիք փոխանցելու եւ վկայականներ շնորհելու սահմաններէն անդին` զարգացնելով քննադատական մտածողութիւնը, անհատական նկարագիրը եւ պատասխանատու ղեկավարութեան յատկանիշները: Արհեստական բանականութեամբ պայմանաւորուած այս ժամանակաշրջանին` ան կարեւոր նկատեց գիտելիքի, մասնագիտական հմտութիւններու եւ բարոյական արժէքներու համադրումը, ներառեալ` արհեստական բանականութեան ստեղծած տեղեկութիւնները քննադատաբար գնահատելու կարողութիւնը: Ան նաեւ կոչ ուղղեց պետական կառոյցներուն եւ համալսարաններուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու` շրջանաւարտները պատրաստելու արհեստագիտական փոփոխութիւններուն եւ նպաստելու արդիւնաբեր թուային տնտեսութեան զարգացման:
Գործատիրոջ տեսանկիւնէն խօսելով` Շիրին Սալհա ընդգծեց համալսարանական կրթութեան դերը` պանդոկային եւ հիւրընկալութեան ղեկավարման մէջ ոլորտի մասնագէտները երկարաժամկէտ մասնագիտական զարգացման եւ ղեկավար պաշտօններ ստանձնելու պատրաստելու առումով: Ան նշեց, որ մասնագիտական-արհեստավարժ հմտութիւններէն անդին` այս ոլորտին մէջ, որ հիմնուած է մարդկային փոխյարաբերութիւններու վրայ, մեծ կարեւորութիւն ունին` առողջ դատողութիւնը, հաղորդակցութիւնը, համագործակցութիւնը եւ տարբեր մշակոյթներու ըմբռնումը: Անոր համաձայն, համալսարանական կրթութիւնը աւելի լայն հիմք մը կը տրամադրէ փոփոխութիւններուն յարմարելու եւ մասնագիտական բարդ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար:
Օդային փոխադրութեան ոլորտին մէջ իր փորձառութենէն մեկնելով` Թամատոր Տալլալ Քուաթլի անդրադարձաւ համալսարանական կրթութեան չորս մնայուն բարիքներուն` քննադատական մտածողութեան եւ մտաւոր հետաքրքրասիրութեան զարգացումին, աւելի լայն աշխարհահայեացքին, ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնավստահութեան ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ` անձնական արժէքներու ձեւաւորումին եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին սորվելու յանձնառութեան:
Ներկայացնելով ուսանողութեան տեսակէտը` Ճեսի Գրիգորեան անդրադարձաւ այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ ուսանողները պէտք է չորս տարուան համալսարանական կրթութեան մէջ ներդրում կատարեն, երբ աշխատաշուկային համար պահանջուած հմտութիւնները կարելի է ձեռք բերել նաեւ աւելի կարճատեւ ծրագիրներու միջոցով: Ընդունելով մասնագիտական աշխատանքի ուղղուած ուսուցման արժէքը` ան շեշտեց, որ համալսարանական կրթութիւնը աւելի ամբողջական հիմք մը կը ստեղծէ անձնական եւ մասնագիտական աճի համար` զարգացնելով յարմարելու կարողութիւնը, խորունկ ըմբռնումը եւ փոփոխուող աշխարհին մէջ կողմնորոշուելու ունակութիւնը:
Հիմնադիրներու օրուան իր պատգամին մէջ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան վերահաստատեց համալսարանին հիմնադրութեան առաքելութիւնը` շեշտելով, որ անոր ժառանգութիւնը կը հիմնուի ո՛չ միայն անցեալին, այլ նաեւ հաւատքի, համայնքի, ամբողջ կեանքի ընթացքին ուսումի եւ մարդկութեան ծառայութեան նկատմամբ անոր յանձնառութեան վրայ: Ան ընդգծեց, որ կրթութիւնը պէտք է դուրս գայ մասնագիտական պատրաստութեան սահմաններէն եւ նպաստէ` անձնական աճին, ուղղամտութեան եւ ընկերութեան դրական ներդրում բերելու յանձնառութեան զարգացման:
Անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` Հայկազեան համալսարանի նախագահը լուսարձակի տակ առաւ ժողովուրդին տոկունութիւնն ու գոյատեւելու կամքը, եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց համալսարանական համայնքին ու անոր աջակցողներուն` նշելով, որ Հայկազեան համալսարանը կը թեւակոխէ իր գոյութեան 71-րդ տարին:
Տօնակատարութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ համալսարանի ներկայ առաքելութիւնը կապելու իր հիմնադիրներուն տեսլականին հետ: Ուսանող Էնտրու Գումփաճեանի դաշնամուրային նախանուագէն եւ համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպերթ Վան Սաանէի կատարած աղօթքէն ետք, ներկաները դիտեցին վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութիւնը եւ հիմնադիրներուն նախաձեռնութիւնները:


