Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, 23 հոկտեմբեր 2026-ին Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Ներկիզեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած մշակութային հանդիսութիւն մը` «Թարգմանչաց տօնին խորհուրդները` մեր ժամանակներուն մէջ» խորագիրով:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը` Մեսրոպեանի շրջանաւարտներուն մասնակցութեամբ: Օրուան հանդիսավարն էր Մեսրոպեան նախկին սաներու միութեան վարչութեան ատենապետ Մարալ Հարպոյեան, որ նաեւ բացման խօսքը արտասանեց:
Յայտագիրը բացուեցաւ «Աշխարհը` հայերէն» մշակութային կարճ շարժանկարի ցուցադրութեամբ: Արհեստական բանականութեան միջոցներու օգտագործումով Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած այս ժապաւէնին հեղինակն է Մեսրոպեան վարժարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Վարդան Թաշճեան, արտադրութիւնը` Մեսրոպեան վարժարանին: Ժապաւէնը ներկայացուց Սրբոց Թարգմանչաց վաստակը` ոսկեդարու իրագործումները կապելով անոնց պահպանումին ուղղուած ներկայի ջանքերուն հետ:
Գեղարուեստական բաժինով Մերի Էքմէքճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Եւ այր մի` Մաշտոց անուն» ստեղծագործութիւնը: Այնուհետեւ Մարիա Ճեսիքա Հաշոլեան կատարեց «Մարտիկին երգը»` Ժան Փիեր Վարդանեանի կիթառի ընկերակցութեամբ:
Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր Անտոն ծ. վրդ. Ադամեան` հայ կաթողիկէ բազմավաստակ հոգեւորականը: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրերու գիւտին, Ե. դարու թարգմանական շարժումին եւ անոր յաջորդած մատենագիրներու գրական ժառանգութեան նշանակութեան` հասնելով մինչեւ 20-րդ դարու հայոց գրողները, որոնք գեղարուեստական խօսքի ընդմէջէն թարգմանները հանդիսացան հայ ժողովուրդի բարդ եւ հակասական փորձառութիւններուն` դարերու ընթացքին:
Ապա Կարօ Թաշճեան մատուցեց հայր Ադամեանի «Հայկական սիմֆոնիա» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք Կասիա Լեւոնեան եւ Նանօր Առնէլեան կատարեցին Կոմիտասի «Հով արէք» եւ «Երկինքն ամպել ա» ստեղծագործութիւնները:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ սուրբ թարգմանիչները իրենց ժամանակի մեծ նորարարներն էին, որոնք նոր գիտելիքներն ու հնարաւորութիւնները ծառայեցուցին ժողովուրդի լուսաւորութեան: Այս առիթով ան յայտարարեց կրթական կարեւոր նոր իրագործում մը Մեսրոպեանի մէջ. այն, որ աւարտած է պատրաստութիւնը Հայոց պատմութեան նոր ուսումնական ծրագիրին ու դասագիրքերուն, որոնց փորձնական տարբերակները ի գործ դրուած են 3-րդէն 11-րդ դասարաններուն մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին, ի նշան երախտագիտութեան եւ գնահատանքի, տնօրէնը Անտոն ծ. վրդ. Ադամեանին յանձնեց Մեսրոպեան վարժարանի խորհրդանշանը կրող յուշանուէր-պարգեւ մը:


