Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով

November 5, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նոա՛զ Արք» ցուցասրահը, «Ա.Տ.եւ Տ. Սարգիսեան գործընկերներ»-ուն («A.D. & D. Sarkissian Partners») հետ գործակցաբար, 18 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նշեց իր նորագոյն` «Գլուխ գործոցները յաւերժական են» («Masterpieces are Forever») խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը:

Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ռաս Պէյրութի Պլիս փողոցին վրայ գտնուող, նորակառոյց բնակելի շէնքի` մը «Bliss 319»-ի մուտքի սրահին մէջ` համադրելով արուեստն ու ճարտարապետութիւնը եւ տօնելով շէնքի կառուցման աւարտը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին միջազգային համբաւ վայելող արուեստագէտներու եւ վարպետներու գործեր, որոնց կարգին` Փոլ Կիրակոսեան, Եուրոզ, Էտկար Շահին, Ժան Գառզու, Սերժ Շարթ, Վահրամ, Հրայր, Գէորգ, Ժանսեմ, Սուրէն Ոսկանեան, Ժագլին Օհանեան, Դաւիթ, Էդիկ Բերդեան եւ ուրիշներ:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան` «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահի տնօրէն եւ լրատուական ներկայացուցիչ, Փօլ Սարգիսեան` «Ա. Տ. եւ Տ. Սարգիսեան գործընկերներ»-ու սեփականատէր եւ համատնօրէն եւ Թամար Սարգիսեան` Լոնտոնի Ճարտարապետական ընկերակցութեան ճարտարապետութեան մագիստրոսի շրջանաւարտ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք իւրաքանչիւրին խօսքերէն հատուածներ` ցուցահանդէսին վերաբերող համապատասխան լուսանկարներու ընկերակցութեամբ:

Բացման խօսքով ողջունելով հիւրերը` Փ. Սարգիսեան ընդգծեց, որ` «Իւրաքանչիւր նոր կառոյց ներդրում եւ արժէք է թէ՛ քաղաքին եւ թէ՛ հասարակութեան համար, եւ զայն պէտք է տօնել»:

Ան շարունակեց` անդրադառնալով արուեստի եւ մշակոյթի դերին առօրեայ կեանքը հարստացնելու մէջ: Ան նաեւ ընդգծեց ճարտարապետութեան յատուկ դերը` կեանքի որակը բարելաւելու, որ կ՛ընդգրկէ ոչ միայն «Bliss 319» շէնքի բնակիչները, այլ նաեւ շրջակայ թաղամասն ու քաղաքային միջավայրը` իր աւելի ընդարձակ ծաւալով:

Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան ներկայացուց ցուցահանդէսի գեղարուեստական պատկերն ու արժէքը` նշելով,  թէ արուեստն ու ճարտարապետութիւնը դարերու ընթացքին եղած են փոխկապակցուած զուգահեռներ: Ան դիտել տուաւ, թէ այդ նախաձեռնութիւնը երկրորդ գործակցութիւնն է «Նոա՛զ Արք»-ի եւ «Ա. Տ. եւ Տ. Սարգիսեան գործընկերներ»-ուն միջեւ աւելցնելով. «Այսօր մեզի միացած է նաեւ Թամար Սարգիսեան, որ Լոնտոնի Ճարտարապետական ընկերակցութեան (Architectural Association) ճարտարապետութեան մագիստրոսի աստիճան ստացած է: Ան իր ներդրումը ունեցաւ է այս ցուցահանդէսին համադրութեան մէջ եւ մեզի հետ բաժնեկցեցաւ իր դիտարկումները «Bliss 319»-ի մուտքին ետին կանգնած ճարտարապետական տեսլականին մասին:»

Ապա ներկայացնելէ ետք աշխարհահռչակ վարպերտներու անունները` հրաւիրեց ներկաները վայելելու անոնց արուեստը:

Թամար Սարգիսեան իր կարգին ներկայացուց «Bliss 319»-ի մուտքին ձեւաւորուած ճարտարապետական տեսլականը: Սկսելով մուտքին քանդակային առաստաղէն`  ան հրաւիրեց ներկաները դիտելու, թէ ինչպէ՛ս ան` «Ալիքներու նման կը ծածանի` օրկանական ձեւով, արձագանգելով այն բնապատկերին, ուրկէ կը բարձրանայ եւ դէպի ուր կը շարունակէ իր հոսքը»:

Կողքէն դիտուած, ան «Ալիքներու կը վերածուի` ծածանելով ու ընդարձակուելով ծովը յիշեցնող հոսուն կշռոյթով»: Այնուհետեւ Թ. Սարգիսեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս մուտքին հայելիով պատուած պատերը կը փոխեն փակ ներքին տարածքին ընկալումը, ընդգծելով իրարու դիմաց գտնուող հայելիներուն արտացոլացումները, որոնք կը ջնջեն տարածութեան սահմանները: Այսպիսով ստեղծելով` «Անվերջօրէն ընդարձակուող բաց տարածութեան պատրանք մը»:

Այցելելով «Եու Թիուպ»-ի հետեւեալ էջը` https://www.youtube.com/watch?v=bTGJ3sFkkOU&t=1s կրնաք  աւելի ամբողջական գաղափար մը կազմել իւրայատուկ այս ցուցահանդէսին մասին, որ կը համատեղէր արուեստի ու ճարտարապետութեան փոխկապակցութեան գաղափարը:»:

 

Նախորդը

Գաղութ-Գաղութէ

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.