Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած «Առողջ ապրելակերպ» սեմինարներու շարքին առաջինը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Նկատի ունենալով, որ հոկտեմբեր ամիսը կը յատկանշուի որպէս կուրծքի քաղցկեղի իրազեկման վարդագոյն ամիս, առաջին սեմինարը նուիրուած էր անոր:

Սրահի մուտքին վարդագոյն ժապաւէններ զետեղուեցան մասնակիցներու կուրծքին` իբրեւ  խորհրդանիշ նախազգուշութեան եւ յոյսի ներշնչման:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի ատենապետ Իսկուհի Գաբլանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, թէ առողջութիւնը մեր կեանքի մեծագոյն արժէքներէն մէկն է եւ զայն պահպանելու համար անհրաժեշտ է ունենալ գիտելիք, գիտակցութիւն եւ պատասխանատու վերաբերմունք` մեր անձին նկատմամբ, այդ նպատակով ալ յանձնախումբը իր երկամեայ ծրագրին մէջ նկատի ունեցած է նաեւ սոյն սեմինարները:

Ապա Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ  Սիրուն Վարդապետեան անդրադարձաւ առողջապահական յանձնախումբի գործունէութեան, սեմինարներու նպատակին`  ԼՕԽ-ի երդիքին տակ համախմբել երիտասարդներ, փոխանցել անհրաժեշտ առողջապահական եւ այժմէական գիտելիքներ ու ստեղծել ընկերային մթնոլորտ: Ան ներկայացուց ԼՕԽ-ի յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու լայնածաւալ աշխատանքը եւ անդրադարձաւ սրահին մէջ գերիշխող վարդագոյն գոյնի առնչութեան` կուրծքի քաղցկեղին հետ:

Անկէ ետք տոքթ. Լէա Հապիպեան բացատրեց կուրծքի քաղցկեղի կանուխ յայտնաբերման միջոցները, բուժման հետագայ ընթացքը եւ յատուկ տեսերիզի մը միջոցով ցոյց տուաւ ինքնազննումի ձեւերը:

Ապա սննդագէտ Սինթիա Թենքերեան խօսեցաւ այն ուտելիքներուն մասին, որոնք կրնան քաղցկեղ յառաջացնել եւ հարկ եղած ցուցմունքները կատարելով` ցուցադրեց սննդագիտական տեսերիզ մը:

Սեմինարի աւարտին բաժնուեցան նուէրներ` տրամադրուած նուիրատուներու կողմէ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.