Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Մայիս 5, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, 25 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ֆանարի «Լէյլաւան ժողովրդային տուներ»-ու նահատակաց յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ «Ապրիլեան ոգեկոչում – պահանջատիրական հաւաք» խորագրով Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ:

Յայտագիրը սկսաւ ՀՅԴ – ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամներու  ջահերթով «Է. Ակնունի» ակումբէն` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, հասնելով Լէյլաւանի նահատակաց յուշարձանի շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Օրուան հաղորդավար ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի անդամ Ճօ Պասթաճեան արաբերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ 110 տարի առաջ տեղի ունեցածը իսկական ցեղասպանութիւն է, որ տակաւին մինչեւ օրս կը շարունակուի տարբեր ձեւերով, ինչպէս` հողերու գրաւումով, կեանքերու դաժանութեամբ, ժխտումի քաղաքականութեամբ, խաբէութեամբ, յանցանքը ծածկելով, ուրիշը ամբաստանելով: Ան ըսաւ, որ մեր պայքարը շարունակուած է ու կը շարունակուի` հիմնուելով համբերութեան եւ հաստատակամութեան մեր ուժին վրայ:

Ապա արաբերէն լեզուով խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ  Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ ըսաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը նպատակը ոչ միայն ժողովուրդ մը լռեցնելու ու բնաջնջման փորձ էր, այլեւ նաեւ փորձ` ջնջելու անոր հազարամեակներու պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ աւելի քան դար մը ետք տակաւին ճշմարտութիւնը կը հերքուի, իսկ արդարութիւնը կը յետաձգուի: Թուրքիա կը շարունակէ մերժել, ժխտել, անտեսել ճշմարտութիւնը եւ կը պնդէ, որ պատմութիւնը խմբագրուի, եւ հաստատեց, որ հայ ժողովուրդին գոյատեւումը  փաստ է ոչ միայն տոկունութեան, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան յիշեցնելու իր պարտականութիւնը` պաշտպանելու փոքրամասնութիւնները եւ կանխելու նոր վայրագութիւններ:

«Խոստովանիլը ընտրանք չէ, այլ  պատասխանատուութիւն է: Առանց ընդունելու` իսկական խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ ապագայ չկայ` առանց պատասխանատուութեան», շեշտեց Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ 110 տարիներ անց` վերապրողներու վկայութիւններով եւ պատմական փաստերով, Թուրքիոյ իշխանութիւնները տակաւին կը մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նոյնիսկ կը պատժեն այն անձերը, որոնք կը համարձակին ընդունիլ ճշմարտութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ կեդրոնանանք միայն ներկայ իրականութեան վրայ, պիտի տեսնենք, որ բռնութիւններն ու կոտորածները տակաւին կը շարունակուին ժողովուրդին դէմ: 2020-ի պատերազմի աւարտէն մինչեւ 2023 հոկտեմբեր Ազրպէյճան գերեվարեց աւելի քան 23 հայ քաղաքացիներ ու զինուորներ` անօրէն կերպով, եւ անոնցմէ շատեր ենթարկուեցան խոշտանգումներու եւ անմարդկային վերաբերմունքի, եւ Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնները արձանագրեցին այս բոլոր դէպքերը:

Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու բոլոր գերիները, եւ շեշտեց, որ չկայ իսկական հաշտութիւն` առանց անկեղծ խոստովանութեան, իսկ այնքան ատեն որ կը շարունակուի ժխտումը, ոճիրի կրկնութեան վտանգը միշտ առկայ կը մնայ:

Անդրադառնալով Լիբանանի` Տէր Խաչատուրեան  ըսաւ, որ Լիբանանը միայն ապաստան չէ եղած, այլ գործակից` մեր պայքարին, մեր ինքնութեան պահպանման ու մեր ազատ ձայնին պաշտպանութեան: «Մենք միայն արդար Դատի պահանջատէր ժողովուրդ չենք, այլ լիիրաւ քաղաքացի ենք եւ ունինք մեր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Մեր գոյութիւնը այստեղ պատահական չէ, այլ անբաժան մասն է լիբանանեան հիւսուածքին ու ապագայի կայուն զարգացման: Մենք կը վերահաստատենք մեր ազգային դերը եւ քաղաքացիական իրաւունքները», ըսաւ ան:  Եզրափակելով իր խօսքը` Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ լիբանանեան ընտրութիւններուն հայութեան քուէն քուէն է իւրաքանչիւր հայու, որ կը հաւատայ  վստահութեան, արդարութեան եւ միասնականութեան: «Մենք կը խոստանանք շարունակել ծառայել մեր Դատին, մեր հայրենիքին», հաստատեց ան:

Ֆանարի քաղաքապետարանի «Ռուըիա ուա թաժտիտ» ընտրական ցանկի ներկայացուցիչ Միշէլ Սալամէ իր սրտի խօսքին մէջ  յայտնեց, որ ապրիլի 24-ի ցաւալի տարելիցին օրը մենք հաւաքուած ենք յիշելու անարդարօրէն ինկած անմեղներու յիշատակը` աւելցնելով, որ  Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ժողովուրդի ողբերգութիւնն է, այլ` լուռ համաշխարհային խղճի ողբերգութիւնը: Ան շեշտեց, որ ինք չէ կանգնած միայն որպէս Ֆանարի քաղաքապետի ընտրութիւններու թեկնածու, այլ` որպէս արդարութեան եւ արժանապատուութեան հանդէպ մտահոգութիւն ունեցող անձ, խոստանալով ըլլալ իրենց ձայնը` թոյլերու ձայնը, ճշմարտութեան ձայնը եւ արժանապատուութեան ձայնը:

Իր խօսքի վերջին բաժինով ան ըսաւ, որ մեր յաջողութիւնը յաջողութիւնն է արդարութեան, խաղաղութեան, արժէքներու եւ բարգաւաճման վրայ կառուցուած քաղաքապետարանի, աւելի գեղեցիկ ու մաքուր երկրի եւ ազգերու համար:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ԼԵՄ-ի նուագախումբը ազգային երգերով եւ եղանակներով:

Օրուան պատգամը արաբերէն լեզուով փոխանցեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան: Ան դիտել տուաւ, որ երբ կը յիշենք մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները կամ մարդկութեան դէմ իրագործուած այլ զոհեր, պէտք է զանց առնենք թիւերը եւ յիշենք, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մայր, հայր կամ եղբայր էին, եւ պէտք է երեւակայենք անոնց իւրաքանչիւրին  տառապանքը, որպէսզի զգանք ոճիրին ահաւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ յիշատակներուն դրական կամ ժխտական բաժինը այն է, որ ժամանակի ընթացքին կը մոռցուին, սակայն հոգեբանները այս մէկը դրական կը համարեն, որովհետեւ կ՛օգնէ որ տոկաս կեանքի դժուարութիւններուն եւ կարենաս գոյատեւել, սակայն այս մէկը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ կեանքի ընթացքին այնպիսի դէպքերու, որոնք պէտք չէ մոռնալ, սակայն անոր յատկանիշներէն մէկը այն է, որ ցաւցնող յիշատակները կը թեթեւնան: Գրիգորեան հարց տուաւ,  թէ ինչո՞ւ համար հայերը կը պնդեն, որ պիտի յիշեն, պիտի յիշեցնեն ու պիտի պահանջեն, եւ թուեց կարգ մը պատճառներ. ա) հայերը միայն իրենց ժողովուրդը չկորսնցուցին, այլ կորսնցուցին իրենց հողերը, որմէ հայրենիք կերտած էին հազարաւոր տարիներ առաջ եւ հոն հիմնուած էր առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը, բ) Ցեղասպանութեան պատասխանատու անձերը եւ իրենց ժառանգորդները չբաւարարուեցան միայն հերքելով ոճիրը, այլ տակաւին աշխատանք կը տանին բնաջնջելու հայկական մշակութային, կրթական հետքերը, գ) Ցեղասպանութիւնը  1915-էն շատ առաջ սկսաւ եւ չաւարտեցաւ 1923-ին, այլ տակաւին մինչեւ օրս կը շարունակուի, եւ ասոր փաստը երկու տարի առաջ Արցախի մէջ պատահածն է, ուր թրքական ուժերը եւս մասնակից դարձան` շրջապատելով 120 հազար հայ ինը ամիս, առանց ուտելիքի, ջեռուցիչ միջոցներու եւ տեղահան ըրին իրենց հողերէն: Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Գրիգորեան շեշտեց, որ յիշեցնելը եւ պահանջելը, որ ընդունի Ցեղասպանութիւնը, կը նպատակադրէ իրաւունքի եւ արդարութեան իրականացում եւ ոչ թէ վրիժառութիւն, աւելցնելով, որ շատեր հարց կու տան, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ նման ահաւոր ոճիր մը կը գործուի ամբողջ ազգ մը բնաջինջ ընելու նպատակով: Գրիգորեան կարգ մը օրինակներ մէջբերելով` բացատրեց, որ Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ ցեղապաշտութեան պատճառով, որ հիւանդութիւն մըն է եւ կը մղէ հաւաքականութիւնները` գործելու ահաւոր ոճիր, ինչպէս` ցեղասպանութիւն, աւելցնելով, որ այս պատճառով միջազգային ատեանը զայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր համարեց, որ չ՛ենթարկուիր ժամանակի, եւ որքան ալ ժամանակ անցնի, պէտք է հատուցուի, նաեւ բացայայտօրէն պատժուի, այլապէս կը քաջալերուի, որ կրկնուի: «Պէտք է ընդունուի Ցեղասպանութիւնը, որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր, նաեւ պէտք է մեղադրուի ցեղապաշտութիւնը, որ պատճառ դարձաւ ցեղասպանութեան: Արդարութեան իրականացումը միայն նահատակներուն եւ ընտանիքներուն համար չէ, այլ կարեւոր է մարդկութեան եւ անոր ապագային, որպէսզի նման արարքներ չկրկնուին», շեշտեց Գրիգորեան: Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ Լիբանան կը գտնուի այն տասնեակ մը երկիրներուն մէջ, որոնք ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը, աւելցնելով, որ Լիբանան ոչ միայն ընդունեց, այլ գրկաբաց ընդունեց վերապրողները, օգնեց անոնց, արտօնեց, որ շաղուին երկրին մէջ, հետեւաբար անոնք եղան բաժին մը երկրէն եւ անոր տուին իրենց սէրը, հաւատարմութիւնը եւ անոնց հետ բաժնեցին` իրենց կրթութիւնը, մշակոյթը, գիտութիւնը, արուեստը: Ան հաստատեց, որ այս է Լիբանանը, այս է իր հարստութիւնը, մշակոյթը եւ մարդկութեան նկատմամբ իր առաքելութիւնը, աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է օգնել Լիբանանին, որպէսզի շրջանցէ իր բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որպէսզի վերադառնայ աւելի զօրաւոր, գեղեցիկ, նաեւ փարոս ոչ միայն գիտութեան եւ մտքի, այլեւ` մարդկային արժէքներու:

Եզրափակելով իր խօսքը` Գրիգորեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով պէտք է պահենք Եղեռնի յիշատակը յառաջիկայ սերունդներուն համար եւ պահանջենք արդարութիւն եւ հատուցում, որպէսզի չկրկնուի, նաեւ պէտք է պահենք Լիբանանի առաքելութիւնը, զարգացնենք, որ օրինակ դառնայ հզօր հաւաքականութեան իր այլազանութեամբ, զարգացումով, ազատութեամբ հասնելու խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ լեցուն աշխարհի մը: Այս է պատճառը պայքարելու իրաւունքի եւ արդարութեան համար, որ սկսաւ 110 տարի առաջ եւ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ հասնինք այդ իրաւունքին եւ արդարութեան:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Նախագահ Թրամփը Արժանի Չէ Արտասանելու Ցեղասպանութիւն Բառը

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէին. Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?