ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ գործող երեք հայ յարանուանութիւններուն եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամներուն ու շեփորախումբին, ինչպէս նաեւ` ՀԿՄ-ի սկաուտներուն, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամներուն եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներուն, կիրակի, 27 ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի «Աշճեան» փողոցի վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանոթեան 100-ամեակին նուիրուած խաչքարին դիմաց:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբէն, ուրկէ մասնակիցները` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ, քալեցին դէպի խաչքարի վայր, ուր նախքան ձեռնարկի պաշտօնական բացումը` ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի եւ երեք հայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Քայլերգներէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան, որ նշեց, թէ այս խաչքարը խորհրդանիշ է ո՛չ միայն մեր յիշողութեան, այլ նաեւ` մեր միասնութեան: Ան ըսաւ, որ այստեղ հաւաքուած ենք ե՛ւ յիշելու մեր նահատակները ե՛ւ վերանորոգելու ուխտ մը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի 1915-էն ի վեր. յիշել, բարձրաձայնել, պայքարիլ եւ պահանջել: Անդրադառնալով ցեղասպան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շարունակուող հայատեաց քաղաքականութեան` ան նշեց, որ անոնք տակաւին կը շարունակեն 1915-ին սկսած իրենց ծրագիրը եւ չեն պահեր իրենց ախորժակը` Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ:
Խօսելով սփիւռքի մասին` Ն. Գալեմքէրեան շեշտեց, որ սփիւռքը երբեք չէ լռած, եւ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոցները, ակումբները, թերթերը եւ մշակութային կեանքը վկայ են այն յանձնառութեան, զոր ժառանգած ենք մեր մեծերէն:
«Սփիւռքի մէջ մենք ունինք յատուկ պարտականութիւն: Եւ այս տարի այդ պարտականութիւնը աւելի ծանր կը թուի: Ոչ միայն որովհետեւ աշխարհի մէջ տակաւին կան անտարբերութիւն եւ ժխտում, այլ որովհետեւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ սկսած են հարցականի տակ դնել ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այս միայն մտահոգիչ չէ, այլ նաեւ` վտանգաւոր», ըսաւ ան` շեշտելով, որ սփիւռքահայերու ձայնը պէտք չէ մեղմանայ, եւ ոչ ալ յանձնառութիւնը տկարանայ:
Ն. Գալեմքէրեան վստահեցուց, որ այսօր հայ ժողովուրդը ոչ միայն ցոյցերով կամ յայտարարութիւններով կը պայքարի, այլ նաեւ` պահպանումով: «Ամէն անգամ, որ կը խօսինք հայերէն, կը կարդանք հայերէն, կ՛երգենք հայերէն, կը պարենք մեր ազգային պարերը, մենք կը դառնանք դիմադրող: Ամէն երեխայ, որ կը սորվի իր լեզուն, ամէն ընտանիք, որ կը պահէ իր ինքնութիւնը, յաղթանակ մըն է»:
Ան անհրաժեշտ համարեց 110 տարի ետք շարունակել` յիշել, ստեղծել, խօսիլ եւ պայքարիլ, որպէսզի մեր անցեալը մոռացութեան չմատնուի, եւ մեր ապագան կերտուի արժանավայել ու ամուր ինքնութեամբ:
«Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք մենք համոզուած ենք, որ երբ քեզ կը հարուածեն, դուն աւելի ուժգին պէտք է հարուածես», եզրափակեց իր խօսքը:
Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն Լոռի Յովսէփեան սրինգով ներկայացուց երկու երաժշտական կտորներ:
Օրուան պատգամը յղեց նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ ընդհանրապէս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով պատրաստուած խօսքերը շեշտը կը դնեն Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վրայ, յայտնելով, որ ինք կ՛ուզէ տարբեր մօտեցում մը որդեգրել եւ շեշտը դնել այն փաստին վրայ, որ հայութիւնը 110 շարունակ յաղթանակ կերտած է:
Արդարեւ, ան յաղթանակ համարեց այն իրողութիւնը, որ 110 տարի ետք հայութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի, տակաւին կը շարունակէ պայքարիլ, կը շարունակէ աշխատանք տանիլ դպրոց, լեզու, մշակոյթ, միութիւններ պահպանելու համար:
Ան յայտնեց, որ Թուրքիա 110 տարի ետք չի վարանիր Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելով` Հայոց ցեղասպանութիւնը փորձել մոռցնել տալ:
Անդրադառնալով 2009-ին ֆութպոլային քաղաքականութեան` պատգամախօսը բացատրեց, թէ ինչպէս օրին Թուրքիա փորձեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հայութեան զիջիլ տալ եւ նսեմացնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ նշեց, որ 2009-ին ՀՅԴ-ն յաջողեցաւ իր «ՈՉ»-ի արշաւով կասեցնել տալ այդ քաղաքականութիւնը: Ա. Կիտանեան դիտել տուաւ, որ 2020-էն ի վեր Ազրպէյճան եւ Թուրքիա նոյն քաղաքականութիւնը որդեգրած են եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կը պարտադրեն, որ նոյնիսկ սահմանադրութիւնը փոխուի եւ ջնջուի Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցը:
Բանախօսը ընդգծեց, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու կեցուածքէն, դաւաճանական արարքէն անկախ` այս կը նշանակէ, որ հայութիւնը 110 տարի շարունակ յաջողած է սարսափեցնել Թուրքիան, եւ տասնեակ երկիրներու մէջ ապրելով` հայութիւնը կը շարունակէ յաղթել:
Ա. Կիտանեան նշեց, որ հակառակ ջարդերուն, լեզուի եւ ինքնութեան վտանգի տակ գտնուելու փաստերուն եւ ոճրագործին կողմէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը թաղելու փորձերուն, հայութիւնը կը շարունակէ իր պայքարը մղել` առանց տեղի տալու: Ան նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը «Նեմեսիս»-ի գործողութիւններուն, 1973-էն 1983 երկարող զինեալ պայքարին, Հայ դատի մարմիններու կատարած աշխատանքներուն, որոնք վառ պահեցին Ցեղասպանութեան իրականութիւնը համայն աշխարհին աչքին առջեւ:
Ան ընդգծեց միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` բոլոր միութիւններուն, կառոյցներուն, յարանուանութիւններուն կատարած աշխատանքներուն եւ ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը:
Ա. Կիտանեան իր խօսքի աւարտին բոլորին կոչ ուղղեց` մտածելու, որ հակառակ հայութեան ենթարկուած Ցեղասպանութեան եւ մեզի դէմ գործող Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նման հզօր պետութիւններու` հայութիւնը յաջողած է եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը: «Դաշնակցութեան կողքին ըլլալը քաղաքական դիրքորոշում չէ, այլ` ազգային», իր խօսքը եզրափակեց բանախօսը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տհոլահարներու խումբը «Բերդ» երաժշտական կտորով, որմէ ետք Համազգայինի նոյն քոլեճի ձայնամարզութեան աշակերտ Անթոնի Օպէյտ կատարեց «Դաժան կռւում» երգը:
Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ աղօթք` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ շրջանի քահանաներուն կողմէ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: