Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ձեռնարկներ Եւ Նախաձեռնութիւններ

Մայիս 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Երեքշաբթի, 15 ապրիլին, պատրաստութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արծիւ» յանձնախումբին, «Վանայ Ձայն»-էն սփռուեցաւ «Ցեղասպանութենէն պահանջատիրութիւն» խորագիրով յայտագիր, որուն առցանց հիւրն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեան:

– Շաբաթ, 19 ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղին` զօրակցական երթ: (Մանրամասնութիւնները «Ազդակ»-ի 23 ապրիլի թիւով – https://www.aztagdaily.com/archives/646563)

– Կիրակի, 20 ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, տեղի ունեցաւ ջահերթ, որ ընթացք առաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն դէպի Ծաղկաձորի «Մայիս 28» պողոտայի Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակաթող, ապա տեղի ունեցաւ լապտերներու արձակում:

– Երկուշաբթի, 21 ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան, տեղի ունեցաւ ջահերթ, որ ընթացք առաւ «Արցախ»  ակումբէն դէպի Ամանոսի հրապարակ, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Մասնաճիւղէն Հուրի Հալէպլեան կարդաց ԼԵՄ-ի խօսքը, որմէ ետք Սուրէն քհնյ. Արսլանեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, եւ ժողովուրդը ստորագրեց պատմական Հայաստանի քարտէսին վրայ:

– Երեքշաբթի, 22 ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած ոգեկոչում, Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Ակինթա Պալապանեան: ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ թատերական ներկայացումով: Օրուան բանախօսն էր Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը պարով, իսկ Հայ աւետարանական վարժարանը ասմունքով եւ երգով ունեցան ելոյթներ: Ձեռնարկի աւարտին ԼԵՄ-ականներ Գետակ Այնթապլեան եւ Մաթիլտա Գէօհիւլեան միասնաբար ներկայացուցին երկու երգ:

Ոգեկոչումին յաջորդեց ջահերթ, որ ընթացք առաւ սրահէն դէպի Մուսա Լերան յուշահամալիր: Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:

– Չորեքշաբթի, 23 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած հանրահաւաքէն ետք, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ընկերները հաւատարիմ մնալով իրենց ուխտին` այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք եւ Սրբոց Նահատակաց մատուռին դիմաց յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:                                                            Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն իւրաքանչիւր մասնաճիւղի շրջանէն ներս:

– Հինգշաբթի, 24 ապրիլին` Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց բողոքի հաւաք: (Մանրամասնութիւնները, «Ազդակ»-ի 26 ապրիլի թիւով – https://www.aztagdaily.com/archives/646925 ):

– Համաերիտասարդական հսկում (Մանրամասնութիւնները, «Ազդակ»-ի 28 ապրիլի թիւով –https://www.aztagdaily.com/archives/647117  ):

– Պատրաստութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբին, լոյս տեսաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած ԼԵՄ-ի էջը («Ազդակ»-ի ապրիլ 24-ի թիւով):

– Կիրակի, 27 ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին,  ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ «Արդարութեան Ճանապարհով» խորագիրով ապրիլեան ձեռնարկ: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղէն Յովսէփ Ասատուրեան: Գեղարուեստական բաժինով Մեղրի Սալպաշեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Դարերու վրէժ» բանաստեղծութիւնը, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Օրուան բանախօսն էր Արազ Էլէյճեան: Մասնաճիւղի անդամները ներկայացուցին պար մը, իսկ յայտագիրի աւարտին ԼԵՄ-ի նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երգերով: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Զահլէի Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Դուրս Ձգեց Հիուսթընը. Ինտիանա Անակնկալի Բերաւ Քլիվլենտը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?