Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

May 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 27 ապրիլին նշուեցաւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Այս առիթով եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնեց Մատթէոսի Աւետարանի 28-րդ գլուխին մէջ նշուած համարը, որուն մէջ Յիսուս իր աշակերտներուն կը թելադրէ, որ երթան եւ ժողովուրդին աշակերտ ընեն իրեն եւ սորվեցնեն այն ինչ որ ինք պատուիրեց իրենց, եւ այն ատեն իրենց հետ կ՛ըլլայ մինչեւ աշխարհի վախճանը, եւ բացատրեց, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով յիշեալ մտածումները կ՛արձագանգեն բոլոր եկեղեցիներէն ներս, որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդը ուշի ուշով ականջ տալով աւետարանական մտածումներուն` անդրադառնայ, որ նուիրական այս առիթը աշխատանքի ու պարտականութեան հրաւիրող առիթ է` իւրաքանչիւրին թելադրելով, որ կեանքէն ներս պարզապէս ունկնդիրներ չըլլանք Աւետարանի մտածումներուն, այլ զանոնք մեր առօրեայի ընթացքին մեր աշխատանքներուն ընդմէջէն ապրելով եւ արտայայտելով` մեր շրջապատին ուշադրութիւնը առ Աստուած ուղղենք: Սրբազանը ըսաւ, որ Քրիստոս մեզի կը յանձնարարէ, որ մեր լսածը պարտականութեան ճամբով կեանքի վերածելու ճիգ կատարենք, այլ խօսքով, եկեղեցիէն ու Աւետարանէն մեր ստացածը պարտաւոր ենք տանելու մեր տուները եւ զանոք փոխանցելու մեր հարազատներուն ու մեր շրջապատին, որպէսզի անոնցմով ընկերութիւնը լուսաւորուի եւ քրիստոնէավայել կեանք ապրելու ճիգ կատարէ:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը հաստատեց, որ ներկայիս այս գիտակցութեան կարիքը ունի մեր հաւաքականութիւնը, նաեւ` մենք, մասնաւորաբար երբ կ՛անդրադառնանք, թէ դէպի վայրէջք ուղղուած է մեր ժողովուրդին կեանքին ընթացքը, շեշտելով, որ պէտք է մեր հաւատքով եւ յանձնառութիւններով վեր բարձրանալու նոր ճիգ կատարենք ամէն տեղ: Ան ըսաւ, որ արտասովոր կեանքի պայմաններու մէջ կ՛ապրինք, ուր ընկերութիւնն ու աշխարհը մեր դիմաց կը յարուցեն ծանր եւ դժուարին կացութիւններ, որուն համար կարծէք պատրաստ չենք եւ անբաւարար են մեր ունեցած միջոցներն ու զէնքերը, որպէսզի կարողանանք մենք մեզ պաշտպանել: Սրբազանը յայտնեց, որ Զատկական տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, մեր եկեղեցին իր զաւակները իրեն կանչելով` անոնց կը փոխանցէ Աւետարանի խօսքերը, որպէսզի այդ խօսքերով իրենց կեանքը ամրացնէ եւ նոր ամրութիւն նաեւ հաստատէ մեր իրականութեան մէջ` նոր զոհողութիւններով եւ գիտակից նոր նուիրաբերումներով:

Առաջնորդը յայտնեց, թէ ինչ որ նախորդ սերունդներուն կողմէ իբրեւ օրինակ մեզի փոխանցուեցաւ, եւ ինչ որ եկեղեցին իբրեւ Աւետարանի ծանօթութիւն մեզի փոխանցեց, այդ բոլորը մեզ կը տրամադրէ, որպէսզի անոնցմով մենք զմեզ պաշտպանենք աշխարհէն փչող տեսակաւոր հովերու դիմաց, նաեւ գալիքին համար վաստակ գոյացնենք:

«Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով պէտք է անդրադառնանք, որ այս կառոյցը յարութեան լոյսով կառուցուած է մեր կեանքի ապահովութիւնը իրականացնելու համար: Մեզ կանխող սերունդները այս հաւատքով սփիւռքեան իրենց դառն պայմաններուն մէջ եկեղեցի կառուցեցին, որպէսզի գալիք սերունդները քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային տեսլականներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ իրենց կեանքը ապրին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` հարց տալով, թէ մենք ի՞նչ կ՛ընենք, որպէսզի մեր զաւակները մեր օրինակին նայելով, մեր քայլերուն հետեւելով` վաղուան մեր կեանքի ամրութիւնը երաշխաւորեն: Սրբազանը ըսաւ, որ Քրիստոս աշխարհ գալով միայն իր Աւետարանը չքարոզեց, այլ իր կեանքի օրինակը իր շրջապատին պատմելով` մարդոց թելադրեց, որ իրեն հետեւին եւ կոչ ուղղեց միայն եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ խօսքը լսելով չբաւարարուիլ, այլ` մեր ամրութեան համար վաստկիլ, նոր քրտինք թափել, նոր ճիգ ու եռանդ զետեղել մեր առօրեային մէջ, որպէսզի մինչեւ աշխարհի վախճանը զԱստուած ունենալու գիտակցութեամբ ամրանանք ու յարատեւենք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Սլաք. Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Իւրայատուկ Ներկայացման Առիթով. Բա՛ւ Է Մենք Զմեզ Ատենք, Այլ Նախասիրութիւններէն Անդին` Լա՛ւը Գնահատենք

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ 2-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը Կրեց. Պոսթըն – Նիւ Եորք 0-1

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.