Լիբանանի Նահատակաց օրուան առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«6 մայիսին կ՛ոգեկոչենք յիշատակը այն մարդոց, որոնք իրենց արեամբ աւետեցին անկախութեան լուսաբացը եւ դարձան մէկական անմար փարոսներ բռնագրաւումի խաւարին մէջ: Խաղաղութիւն ձեր հոգիներուն, դուք, որ արժանապատուութիւնը ցանեցիք հայրենի հողին մէջ, որպէսզի ձեզմէ ետք փառքը ծաղկի»: