Նախագահութեամբ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան, չորեքշաբթի, 4 յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քնար» պարախումբի «Յաղթանակ» ելոյթը` ներկայութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, հոգեւորականներու, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, կառոյցներու տնօրէններուն եւ արուեստասէր հայ թէ տեղացի հանդիսատեսներուն:
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաները դիտեցին «Քնար» պարախումբի աշխատանքներուն մասին ամփոփ տեսերիզ մը: Ապա ելոյթի առաջին արարին մասնակցողները ներկայացուցին «Կեներու կանչ», «Ուզունտարա», «Շալախօ», «Աշխարհումս», «Յաղթանակ», «Մուսա Լեռ», «Սարերի հովին», «Պեպոյի երգը» եւ «Բերդ» պարերը: Երկրորդ արարով ներկայացուեցան` «Պելլա չաու», «Մահի թանկօ», «Ռուսական պար», «Գնչուական պար», «Ռոք էնտ ռոլ», «Հնդկական պար», «Թռչէի մտքով տուն», «Վրացական պար» եւ «Քնար»-ի վեթերաններու կատարումով «Արմենիա»-ն, որ արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ ներկայացուց սերնդափոխութեան գաղափարը եւ պարախումբի անդամներուն կապուածութիւնը:
Աւարտին պարային ելոյթին մասնակցող 112 անդամները ներկայացուցին աւարտական եզրափակիչ պարը, որ կը կրէր «Նոր Հայաստան» անունը, որ փոխանցեց իսկական «Յաղթանակ» կերտելու եւ հաւաքական կամքի խորհուրդը:
Պարերուն մէջ մասնակցողներուն թիւն ու որակը, տարիքային բաժինները, համաչափութիւնը, այլազանութիւնը, տարազներու ճոխութիւնը, բեմի գունաւորումները եւ ձեւաւորումները միասնաբար ստեղծեցին խանդավառութիւն եւ ոգեւորիչ մթնոլորտ` ներկաներուն պարգեւելով հպարտութեան եւ արուեստը ըմբոշխնելու զգացողութիւնը:
Ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Քնար» պարախումբի 57 անդամներ: Ելոյթին նաեւ մասնակցեցան «Գայեանէ» պարի դպրոցի «Քնարիկ» խումբի 28 անդամներն ու «Սեւան» խումբին 15 անդամները:
Յայտնենք, որ հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցան գրքոյկներ, որոնց մէջ ներկայացուած էր Համազգայինի «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղին խօսքը, որուն մէջ գրուած է. «Այսօր, աւելի քան երբեք, հաւաքաբար կարիքն ունինք շունչ ու կորով մատակարարող ներուժի, որպէսզի կարենանք մեզ շրջապատող բազմատեսակ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման մնալ կանգուն ու շարունակել մեր երթը, եւ այս շրջագիծին մէջ արուեստն ու ի մասնաւորի պարը ունի ա՛յն իւրայատուկ յատկութիւնը, որ կ՛ոգեւորէ, կը թօթափէ հիասթափութիւնը ու հաստատակամ քայլերով կ՛առաջնորդէ պարտութիւններէն յաղթանակ կերտելու ուղիին»: Ապա կ՛ըսուի. «Նշեալ հասկացողութենէն առաջնորդուելով` Համազգայինի «Քնար» պարախումբի այս տարուան ելոյթը կը կրէ «Յաղթանակ» անունը, ա՛յն յոյսով, որ ազգովի կը վերականգնինք, կը միաւորուինք, կը վերադառնանք մեր արմատներուն եւ կը շարունակենք պահանջատիրական պայքարը»:
Այս առիթով վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ելոյթի նախագահ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, որ միշտ ալ քաջալերած է Համազգայինը` հաւատալով միութեան առաքելութեան: Վարչութիւնը նաեւ կը գնահատէ դերը պարուսոյցներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած են` խումբին ապահովելու կատարողական որակ եւ իւրայատուկ ու ազգային ոգիով առաջնորդուող կատարում: Վերջապէս, վարչութիւնը կ՛արժեւորէ բոլոր կամաւորոները, որոնք վարչական-կազմակերպչական աշխատանքներով ու նուիրումով իրենց օգտաշատ մասնակցութիւնը բերին բեմին վրայ «Յաղթանակ»-ը յաջողութեամբ պսակող 116 պարողներու ելոյթի յաջողութեան:
Պարային ելոյթէն ետք Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Սամիկ Կարապետեան ըսաւ. «Ընդառաջելով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խնդրանքին եւ առ ի գնահատանք մշակութային կեանքի վերելքի ու նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան մէջ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու անուրանալի ներդրումին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պիտի պարգեւատրէ արուեստագէտ զոյգը»: Կարէն ու Ժագլին Մակինեաններուն շքանշաններուն տուչութիւնը կատարուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ձեռամբ: