Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Ժողովրդային Համախմբում` ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի Կազմակերպութեամբ

Յունիս 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 30 մայիս  2025-ի երեկոյեան Լէյլաւան-Ֆանարի բացօթեայ դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին: Ձեռնարկը համախմբեց բազմաթիւ հայրենակիցներ` նշելու եւ վերարժեւորելու մայիս 28-ի ոգեղէն խորհուրդը:

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի կազմակերպչական աշխատանքի շնորհիւ` այս երեկոն դարձաւ ազգային միասնութեան եւ համախմբման բացառիկ առիթ:

Օրուան հանդիսավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, որ արտասանեց բացման խօսքն ու պարբերաբար ծանօթացուց յայտագիրը եւ կատարուած նուիրատուութիւնները:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ բարձր գնահատեց շրջանի ժողովուրդին աշխուժ մասնակցութիւնը` ընտրութիւններուն, եւ շնորհաւորեց բոլորը մայիս 28-ի ու մեր յաղթանակներուն համար:

Մթնոլորտը ճոխացուցին երգիչներ Սերժ Ահարոնեան, Լարիսա Աւետիսեան եւ Վարդանաքի:

Մթնոլորտը եղաւ ջերմ, ժողովրդային եւ ոգեշնչող: Մասնակիցները ոչ միայն վայելեցին մշակութային ծրագիրը, այլ նաեւ վերագտան համախմբուելու, հանդիպելու եւ ազգանուէր գաղափարներու շուրջ միաբանելու ուրախութիւնը:

Սոյն առիթով Ֆանարի համալիրին մէջ հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ բացումը  նոր սրահի մը` «Զոհրապ եւ Սիրվարդ Տէր Մարտիրոսեան» անուամբ մկրտուած:

Սրահը կը խորհրդանշէ ընտանիքի հայրենանուէր աւանդը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած նուիրումը ազգային գործին: Այս մէկը յարգանքի տուրք մըն է Տէր Մարտիրոսեան ընտանիքի երկարամեայ ծառայութեան` մշակութային, կրթական եւ հաւաքական կեանքին մէջ:

Յատուկ գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ բարերար Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանին, որ ոչ միայն պատկառելի նուիրատուութեամբ` 20 հազար տոլարով աջակցեցաւ այս ձեռնարկին, այլ նաեւ իր ընտանիքին անունով վաւերացուց շարունակական աջակցութիւնը համայնքային կեանքին:

Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ բոլոր բարերարներուն, բարեկամներուն եւ ի հարկէ` ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ երեկոն վերածեց ազգային ոգեղէն տօնի:

ՀՅԴ «Է. ԱԿՆՈՒՆԻ» ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Հոգեգալուստ` Եկեղեցւոյ Տարեդարձ

Յաջորդը

Մայրերու Տօնին Առիթով Նախաճաշ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Կազմակերպութեամբ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?