Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօն Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ. 100 Դպիր-Դպրուհիներու, 15 Կիսասարկաւագներու Եւ 6 Սարկաւագներու Հաւաքական Ձեռնադրութիւն

June 13, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վեհափառ հօր կողմէ 2025 թուականը հռչակուած էր որպէս «մարդուժ պատրաստելու տարի»: Առ այդ, եւ Հոգեգալստեան տօնին առիթով, կիրակի, 8 յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ձեռնադրութիւն` 100 դպիր-դպրուհիներու, 15 կիսասարկաւագներու եւ 7 սարկաւագներու, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը, նախքան խորան բարձրանալը, կատարեց 100 դպիր-դպրուհիներու ձեռնադրութիւնը եւ խարտավիլակը` Խորէն քհնյ. Մելքոնեան, ներկայացուց ձեռնադրուողները եւ սրբազան հօրմէն խնդրեց կատարել ձեռնադրութիւնը, ապա սրբազան հայրը անոնց տուաւ դպրութեան աստիճանները: Այնուհետեւ, Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի խարտավիլակութեամբ, կատարուեցաւ 15 կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն, որմէ ետք շարունակուեցաւ պատարագը: «Զի ողորմած» աղօթքի պահուն սկսաւ 7 սարկաւագներու ձեռնադրութիւնը` խարտավիլակութեամբ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի, երբ սարկաւագները ծնրադիր բարձրացան ս. խորան, եւ սրբազան հայրը իր ձեռքը դնելով անոնց գլխուն` տուաւ անոնց սարկաւագութեան աստիճան:

Ձեռնադրութեան աւարտին սրբազան հայրը ժողովուրդին յղեց իր պատգամը: Ան յայտնեց, որ Հոգեգալստեան տօնին առիթով, հաւատքի ապրումով եկած ենք քով քովի, որպէսզի եկեղեցւոյ հոգեպարար մթնոլորտի մէջ յիշենք, որ եկեղեցին միայն շէնք չէ, այլ` հաւատք ունեցող ժողովուրդ, որ աշխարհէն ներս կը ջանայ աստուածային ճշմարտութիւններու հետեւողութեամբ կեանք վարել ու քրիստոնէական առաքինութիւններ տարածել ընկերութեան մէջ:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ բախտը ունինք Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ ողջունելու մեր եկեղեցւոյ նորագիր սպասաւորները, եւ այդ առիթով  փառք  տուաւ Աստուծոյ, որովհետեւ մեր կեանքը չէ ամլացած, այլ Ս. Հոգիի զօրութեամբ եւ մեր ժողովուրդին հաւատքովն ու մատուցած ծառայութիւններովը մեր եկեղեցական կեանքը կը մնայ պայծառ:

«Մխիթարութիւն պատճառող հաւաքական ձեռնադրութեան եզակի այս առիթով մեր գոհունակութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ կարիքներուն դիմաց տակաւին մեր ժողովուրդի զաւակները կը լսեն մեր եկեղեցւոյ կանչը եւ սիրով ու նուիրումով կ՛առնչուին անոր կեանքին ու գործին», հաստատեց սրբազան հայրը եւ նուիրական այս առիթով աղօթեց, որ Աստուծոյ հոգին յայտնուի մեր եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն մէջ, որպէսզի ամբողջական գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ իրենց գործին նուիրեալները ըլլան անոնք, եւ մաղթեց, որ մեր եկեղեցիներու դպիրները, կիսասարկաւագներն ու սարկաւագները, նաեւ մեր հոգեւորականներն ու աշխարհական պաշտօնատարները, Աստուծոյ տան ծառայելով, մեծնան ու բարձրանան դէպի փառաւոր բարձունքները: Սրբազանը նաեւ մաղթեց, որ այս առիթը խրախոյս բերէ մեր համայնական կեանքին եւ պատճառ հանդիսանայ, որ նոր ճիգով դարձեալ ոգեւորուի մեր ընկերութիւնը, ու լիբանանահայ մեր կեանքը ապրի նոր վերելք ու ցանկալի աշխուժութիւն, յիշեցնելով, որ Հայ եկեղեցին մեր ազգի ամբողջութեան պատկանող հոգեւոր ժառանգութիւն է, հետեւաբար հարկ է նուիրումով շրջապատել զայն, որպէսզի կանգուն մնայ հայ կեանքը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը դիտել տուաւ, որ ժամանակները փոխուած են, սակայն մեր մէջ քիչեր կ՛անդրադառնան, որ ներկայ ժամանակներուն մէջ աճած են մեր ժողովուրդին պէտքերը, եւ գործի դաշտին մէջ մշակները դարձած են` աւելի սակաւ: Արդարեւ, այսօր մեզի պէտք են` դպիրներ ու դպրապետներ, սարկաւագներ ու երգչախումբի վարիչներ, հոգեւոր դաստիարակներ, տիպար քարոզիչներ եւ ուժեղ բազուկով իրենց հօտը առաջնորդող հոգեւոր հովիւներ, եւ այս բոլորը երկինքէն պիտի չյայտնուին, այլ պէտք է գան մեր տուներէն ու մեր ընկերութենէն:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն գէթ աղօթելու, որ Աստուծոյ տան ու ազգի սպասաւորութեան մէջ եղողները անարատ վարքով ու նուիրումով կատարեն իրենց աշխատանքը, նաեւ մեր եկեղեցւոյ զանգը շարունակաբար լսելի դառնայ մեր ժողովուրդին, որպէսզի  սրտապնդուին յուսալքուածները, մոլորեալները սթափին, եւ մարող լապտերներուն իւղը նորոգուի, ու արթննան քունի անցածները:

Նախորդը

Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն. Ազգագրական-Աշուղական-Հայրենական-Ժողովրդական Երգերու Փայլուն Մեկնաբան՝ Ճոնի Կէօքճեան

Յաջորդը

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.