ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան, հինգշաբթի, 22 մայիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ դիմաւորեց Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին, որոնց նպատակն էր բժշկական անվճար ծառայութիւններ ցուցաբերել մեր հայրենակիցներուն:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Լալիկ Խօշեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան խորհուրդին, յատկապէս` առաքելութեան գլխաւոր նախագահ պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին, որ ոչ միայն գլխաւորած է այս պատուաբեր առաքելութիւնը, այլ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին եղած է անսասան կամուրջ մը` Ֆրեզնոյի, Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ: Անոր ջանքերով եւ յարատեւ նուիրումով է, որ այսպիսի բարի գործեր կ՛իրականանան` նոր շունչ ու յոյս պարգեւելով մեր ժողովուրդին : Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Սրտագին շնորհակալութիւն կ՛արտայայտեմ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի բոլոր ընկերուհիներուն անունով, ձեր ամէն մէկուն`այս առաքելութեան համար: Ձեր գործը ոչ միայն առողջութիւն կ՛ապահովէ, այլ նաեւ յոյս կը ներշնչէ, ոգի կը բարձրացնէ եւ կամուրջ կը ստեղծէ ժողովուրդներու եւ սերունդներու միջեւ: Բարի գալուստ` մեր գիւղ, մեր սրտերէն ներս: Թող ձեր այցելութիւնը լեցուն ըլլայ սէրով, գնահատանքով եւ փոխադարձ յարգանքով»:
Ապա յաջորդաբար շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեցին համայնքապետները, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ քաղաքապետը:
Աւարտին Պերճ Աբգարեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Այնճարի պատկան մարմիններուն եւ մասնաճիւղի անդամներուն, որոնց գործակցութեան շնորհիւ առաքելութիւնը կ՛իրագործէ իրեն վստահուած ծառայութիւնը: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որուն օրհնութեամբ առաքելութեան բժիշկները կը կատարեն իրենց ծառայութիւնն ու հոգատարութիւնը:
Ապա վարչութեան ատենապետը իւրայատուկ երախտագիտական գրութեամբ յուշատախտակով մը պատուեց հիւպատոսը:
Այնուհետեւ բժիշկները անցան աշխատանքի եւ շուրջ վաթսուն պարագաներու բժշկական հոգատարութիւն ցուցաբերեցին մինչեւ կ.ե. ժամը 4:00:
Աշխատանքի վերջաւորութեան վարչութիւնը գիւղի աւանդական ուտելիքներով հիւրասիրեց առաքելութեան բժիշկները եւ Շրջանային վարչութեան անդամները:
Իսկ յաջորդ հինգշաբթի, 29 մայիսին, առաքելութեան խորհուրդէն ամերիկացի երկու բժիշկներ` Պիրիլին Ճէյքոպսըն (ներքին հիւանդութեանց) եւ Ճեսքիրիթ Փիտուոլ (ընդհանուր մարմնի եւ երեխաներու) դարձեալ այցելեցին դարմանատուն եւ նախապէս արձանագրուած 18 պարագաներու բժշկական ծառայութիւն մատուցեցին:
Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները Այնճարի դարմանատան տրամադրեցին մեծ քանակութեամբ դեղորայք, ինչպէս նաեւ` բժշկական սարք մը (Automatic External Defibrillator AED), որ իրենց հետ ղրկուած էր Նշան եւ Արուս Տէր Գալուստեան ամոլին կողմէ` նուիրատուութեամբ տոքթ. Եուզմեն Ժավտ եւ հիւանդապահուհի` Ամանտա Գինկ (ծագումով հայ):
Բժշկական առաքելութեան մասնակից ամերիկացի բժիշկները անգլերէնէ հայերէնի թարգմանած էին AED բժշկական այս սարքին բացատրութիւնը, որ դիւրամատչելի եւ հասկնալի դառնայ մարզումի մասնակիցներուն:
Մարզուեցան գիւղի քաղաքապետութեան շտապ օգնութեան ծառայողները եւ դարմանատան յանձնախումբի անդամները:
Վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկներուն` իրենց կամաւոր եւ նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Նշան եւ Արուս Տէր Գալուստեան ամոլին` իրենց բարերարութեան համար: