ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 30 մայիս 2025-ին «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի մշակութային օր» խորագիրով միջդպրոցական մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներ:
Երեք փուլերէ բաղկացած այս մրցումը կը նպատակադրէր հայ աշակերտին մէջ վառ պահել հայրենի Արցախը, ծանօթացնել Արցախը, անոր մշակոյթն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ` լուսարձակի տակ բերել ներկայիս բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող մշակութային ցեղասպանութիւնը:
Ա. փուլը արդէն իսկ սկսած էր 20 մայիսին, երբ իւրաքանչիւր մասնակից դպրոց պատրաստած էր լուսանկար մը` կենդանի պատկեր, գծագրութիւն կամ ելեկտրոնային նկար, որ կը ներկայացնէ Արցախի մշակոյթը: Այդ նկարը տեղադրուեցաւ ԼԵՄ-ի «Ինսթակրամ»-ի էջին վրայ, եւ իւրաքանչիւր դպրոց տարածեց լուսանկարը` ամէնէն աւելի հաւանութեան արժանանալու ճիգով:
Բ. եւ Գ. փուլերը տեղի ունեցան 30 մայիսին, առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէսօր: Այդ օր «Երջօ Սամուէլեան» սրահը վերածուած էր Արցախի մանրանկարի մը, որովհետեւ Բ. փուլով մրցակից աշակերտները պատրաստած էին տաղաւարներ` ներկայացնեով Արցախը իր պատմութեամբ ու մշակոյթով: Տաղաւարներ հարուստ էին` արցախեան մշակութային իւրայատկութեամբ, ճաշատեսակներով, Արցախի մասին պատմող գրութիւններով եւ նկարներով:
Գ. փուլը գեղարուեստական բաժինն էր. իւրաքանչիւր դպրոց 10 վայրկեանի ընթացքին հանդէս եկաւ արցախեան մշակութային կատարումով` թատրոն, երգ, պար, կենդանի պատկեր եւ այլն:
ԼԵՄ-ի ուղղած հրաւէրին ընդառաջած եւ այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Միացեալ վարժարան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան: Դատական կազմի անդամներն էին` Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան, Վաչէ Թազեան եւ Նորա Բարսեղեան:
ԼԵՄ-ի անունով տնօրէններուն, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, դատական կազմին եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց ԼԵՄ-ական Կալի Թագւորեան, որ դիտել տուաւ, թէ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած հայկական վարժարաններու միջդպրոցական Արցախի թեմայով հաւաքը եւ մրցումը ինքնին ապացոյց մըն է, որ ԼԵՄ-ը` հաւատարիմ իր առաքելութեան, հակառակ Արցախի կորուստին եւ Արցախի ժողովուրդին այսօրուան դժուարութիւններուն, Արցախի դատը եւ ժողովուրդի իրաւունքի ձեռքբերումը առաջնահերթ օրակարգ կը պահէ իր աշխատանքներուն մէջ:
«Այս պատճառով միջդպրոցական այսօրուան ձեռնարկը ինքնին կը նպատակադրէ հայ աշակերտին մէջ վառ պահել Արցախի սէրն ու դատը: Մեզի համար Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու ձեռքբերումն ու Արցախը իր իրաւական տէրերուն վերադարձնելու դատը սուրբ են եւ նուիրական: Այսօր պէտք է սերունդները դաստիարակուին ինչպէս Հայ դատի, նոյնպէս ալ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման օրակարգով», դիտել տուաւ ան` վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր վարժարան իր կարելին ըրաւ, որպէսզի իր մասնակցութեամբ մեր միասնական ուժը փաստենք:
Կալի Թագւորեան ըսաւ, որ Արցախի բռնագրաւումը, արցախահայութեան բռնի արտագաղթը, թանկագին Արցախի իր ժողովուրդէն դատարկումը, Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող գերիներու դատը եւ Արցախի մէջ մշակութային մեծաթիւ կոթողներու ջարդը լռութեամբ դիտող միջազգային մեծ պետութիւնները մեղսակից կը նկատուին կատարուած ոճիրներուն` իրենց անտարբերութեամբ եւ լռութեամբ:
«ԼԵՄ-ի առաքելութիւնը, անոր դաստիարակչական եւ քարոզչական ծրագիրները այս իմաստով մեծ դերակատարութիւն ունին սերունդներու դաստիարակութեան առումով, եւ այսօրուան ձեռնարկը այս իմաստով շատ կարեւոր է», հաստատեց ան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակցող վարժարաններուն, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ դատական կազմին:
Իր խօսքը եզրափակելով` Կ. Թագւորեան կոչ ուղղեց` Արցախն ու արցախահայութիւնը միշտ վառ պահելու մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:
Խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցան մասնակից վարժարաններու աշակերտները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սորված երգով, ներկայացուցած պարով, բեմադրական պատկերներով փորձեց` մարմնաւորել Արցախը, ներկաները փոխադրել մեր բռնագրաւուած հայրենի տարածքը, ուրուագծել Արցախի մղած պատերազմները, արձանագրած յաղթանակներն ու Արցախի դատարկումն ու կորուստը, բայց եւ այնպէս, միշտ շեշտելով, որ պէտք է վառ պահել վերադարձի յոյսն ու հաւատքը եւ պայքարիլ ատոր համար:
Աւարտին դատական կազմի անդամները երեք փուլերու արդիւնքներուն մէկտեղման լոյսին տակ յանգեցան եզրակացութեան:
Առաջին հանդիսացաւ Ազգային Միացեալ վարժարանը, երկրորդ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, իսկ երրորդ` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը:
Անկախ արդիւնքներէն, գնահատելի է իւրաքանչիւր դպրոց` իր տնօրէութեամբ, պատասխանատուներով, ուսուցիչներով եւ աշակերտութեամբ, որոնք միասնաբար իրենց ազատ ժամերուն ջանացած էին առաւելագոյնը ընել` Արցախի հետ իրենց կապը պահպանելու, զայն տարբեր ձեւերով արտայայտելու եւ Արցախի մշակոյթին նուիրուած այդ ձեռնարկին ամենայն պարտաճանաչութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերելու: