Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ. «Ճիշդ Հնչենք» Աշակերտական Մրցում-Յայտագիրը Ունեցաւ 2025-ի Իր Երեք Նոր Մրցանակակիրները

June 12, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան չորս ամսուան մրցումներէ ետք, շաբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» աշակերտական մրցում-յայտագիրը ունեցաւ 2025-ի իր երեք մրցանակակիրները` հայերէն բառերը անսխալ հնչող, լիբանանահայ վարժարաններու վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու լաւագոյն աշակերտները:

Մրցում-յայտագիրին եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրը պատրաստող եւ ներկայացնող Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ ըսաւ. «Մեր մայրենին բառերէն շատ աւելին է: Ան ժողովուրդին յիշողութիւնն է, մեր ինքնութեան հիմքը: Իւրաքանչիւր ճիշդ գրուած եւ արտասանուած բառ արեւմտահայերէնի պահպանման երաշխիքն է եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցուելիք հզօր զէնք»:

Յայտագիրին նպատակին մասին խօսելով` ան ընդգծեց. «Ընկերային ցանցերու եւ արհեստական բանականութեան աշխարհին մէջ, երբ օտար բառերը թափանցած են մեր առօրեայ բառապաշարին մէջ, հայկական վարժարանները վստահաբար կը պայքարին այս երեւոյթին դէմ, իսկ «Ճիշդ հնչենք»-ը, իր կարգին, իր համեստ դերը ունի հայերէնը սիրցնելու եւ պահպանելու առաքելութեան մէջ»:

Հուրի Փափազեան-Էմմիեան նաեւ նշեց. «Իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին սփռուող յայտագիրի ընդմէջէն մեր բոլորին մտքերուն մէջ ծագեցաւ հետեւեալ հարցումը` «ինչո՞ւ այսօր մեր պատանիները իրենց կեանքին մէջ կենսական նկատուող սովորական բառերը ճիշդ հնչելու դժուարութիւն ունին»: Պատասխանը շատ պարզ է: Ընթերցանութենէ հեռու են: Երբ անոնք այդ բառերը յաճախակի դրութեամբ չեն տեսներ, չեն կրնար իւրացնել այդ բառը, ոչ ալչ անկէ կազմուած բարդ բառերը: Մեր պատանիները այսօր տարուած են թրենտներով: Ընթերցանութիւնը թրենտ չէ: Ընթերցանութիւնը կենսական է: Ո՛չ միայն ուղղագրութեան, այլեւ բառամթերքի զարգացման, երեւակայութեան հզօրացման եւ մտքերու արտայայտութեան համար: Հետեւաբար, ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը շեշտենք ընթերցանութեան կարեւորութիւնը: Հետեւաբար աշակերտները պէտք է յաճախ կարդան, որպէսզի Վարուժանի եւ Շանթի լեզուն մնայ ապրող լեզու: Աշակերտներ պէտք է սիրեն մայրենին, ինչպէս` իրենց ծնողները, որովհետեւ եթէ լեզուն կորսուի, մեր ինքնութիւնն ալ կը կորսուի»:

Խօսքին յաջորդեց մրցում-յայտագիրը, որուն առաջին փուլը կատարուած էր լիբանանահայ 12 վարժարաններու մէջ` մասնակցութեամբ 140 աշակերտներու եւ ներկայութեամբ 800 ուրիշներու: Ընտրուած 36 լաւագոյն աշակերտները երկրորդ փուլին մրցած էին «Վանայ Ձայն»-ի մէջ եւ ճշդած` աւարտական փուլ հասնող ինը աշակերտներ, որոնցմէ պիտի ընտրուէին լիբանանահայ վարժարաններու վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու հայերէնը անսխալ հնչող լաւագոյն երեք աշակերտները:

Մրցումները կատարուեցան երեք փուլով` դասարան առ դասարան, եւ իւրաքանչիւր փուլէ առաջ ցուցադրուեցաւ յայտագիրին երկրորդ փուլը եւ աւարտականի հասած երեք աշակերտները ծանօթացնող տեսերիզ մը: Կատարուեցաւ նաեւ ցուցադրութիւնը այլ տեսերիզի մը, որ կը ներկայացնէր մրցում-յայտագիրին հայկական վարժարաններ այցելութիւնը եւ «Վանայ Ձայն»-ի հետ հանդիպումը:

Մրցումներուն արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.

Վեցերորդ Դասարան

Առաջին- Սիրուն Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)
Երկրորդ- Ալեք Նեմշէհրիլեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Երրորդ- Անահիտ Տալտալեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան)

Եօթներորդ Դասարան

Առաջին- Վանայ Մանուկեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Երկրորդ- Վիքի Հաւաթեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան)
Երրորդ- Մարիա Այվազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)

Ութերորդ Դասարան

Առաջին- Մարիա Մարտիկեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Երկրորդ- Բալիկ Էթոյեան (Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան)
Երրորդ- Հրակ Պալեան (Հայ աւետարանական քոլեճ)

Մրցանակաբաշխութենէն առաջ խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց. «Մամուլը` գրաւոր, բանաւոր թէ ելեկտրոնային, նաեւ դաստիարակութեան միջոց է: Պէ՛տք է ըլլայ: Շատեր իրենց լեզուն սորված են, կատարելագործած են ընթերցանութեամբ` թերթով ու գիրքով, իսկ շատերն ալ` երկար տարիներ ռատիոկայանի հաւատարիմ ունկնդիրներ դառնալով:  Իբրեւ բանաւոր մամուլ` «Վանայ Ձայն» նման ունկնդիրներ ունեցող ռատիոկայաններու շարքին է, որովհետեւ ան միայն երգ եւ երաժշտութիւն, լուր եւ գիտելիք չի ներկայացներ: «Վանայ Ձայն» իր այլազան յայտագիրներով կը ջանայ «Ճիշդ հնչենք, միշտ հնչենք» սկզբունքով, հայերէն լեզուն` արեւմտահայերէնը պահպանել, սիրցնել եւ տարածել: Պահպանել` անաղարտ կերպով, սիրցնել` իր ամբողջ հարստութեամբ եւ տարածել կարելի բոլոր միջոցներով»:

Շարունակելով` Աւագեան դիտել տուաւ, որ «Ճիշդ հնչենք»-ի ներկայացման նոր տարբերակով` ռատիոկայանը աշակերտութեան մօտ տանելով, «Վանայ Ձայն» կարեւոր ճիգ ի գործ կը դնէ պատանի սերունդին մօտ հետաքրքրութիւն եւ կապուածութիւն ստեղծելու` հանդէպ հայ գիրին ու բառին, հայ մշակոյթին եւ ռատիոկայանին: Կապուածութիւն, որ յայտագիրի մը սահմաններէն անդին անցնելով` յուսալի է, որ ծառայէ` պատրաստելու «Վանայ Ձայն»-ի վաղուան ունկնդիրը, հայ երգի եւ յայտագիրի ծարաւ մարդը, հայեցի դիմագիծով ու նկարագիրով լիբանանահայը:

Աւագեան նաեւ ըսաւ. «Վերջին հաշուով, ի՞նչ է նպատակը ազգային մեր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, եթէ ոչ` հայը հայ պահել, հայուն մէջ հայկականութիւնը աւելի ամրապնդել` տեղ մը կրթական աշխատանքով, տեղ մը մարզական կեանքով, այլ տեղ` մշակոյթով, իսկ տեղ մըն ալ` ռատիոկայանի դաստիարակիչ յայտագիրներով»:

Խօսքին աւարտին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնը յայտնեց, որ` «Աւարտական այս հանդիպումով աւարտին կը հասնի «Ճիշդ հնչենք»-ի տասնմէկերորդ տարեշրջանը: Յայտագիրը ստեղծուած է շարունակուելու եւ զարգանալու համար` միշտ հաւատարիմ մնալով իր նպատակին»: Հետեւաբար ան շնորհակալութիւն յայտնեց անցնող յայտագիրին յաջողութեան նպաստած բոլոր աջակիցներուն եւ երախտագիտական յատուկ խօսք ուղղեց Մարաշի հայրենակցական միութեան, որ մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւներ կը յատկացնէ, եւ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, որ աւարտական փուլ հասած աշակերտներուն ամառնային ընթերցանութեան գիրքեր կը նուիրէ»:

Յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւնը: «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնը, Մարաշի Հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանը եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը մրցանակակիրներուն յանձնեցին նիւթական պարգեւներ եւ ընթերցանութեան գիրքեր:

Մրցում-յայտագիրը փակուեցաւ խմբանկարով եւ հիւրասիրութեամբ:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.