Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը

Յունիս 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 1 յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան աւանդական եւ տպաւորիչ փառատօն:

Գօտեպնդիչ, յուսադրող եւ դէպի ապագայ նայող խօսքեր արտասանուեցան, խոստմնալից ու խրոխտ կեցուածքով, վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցեցին` մոկլիէն մինչեւ երիցագոյն տարազաւորները, ներկայացուցչական թէ ակադեմիայի մարզիկները, աշակերտները,  ԼԵՄ-ականներն ու պատանիները` բոլորը միասին մարմնաւորելով ապագան լիբանանահայութեան: Մայիսեան սխրանքներու ոգին, տարուած յաղթանակին հպարտութիւնը վերանորոգուեցան բոլորին մօտ, որոնք համախմբուած էին նորագոյն Հայոց պատմութեան մէջ իր դերն ու աւանդը ունեցող ՀՄԸՄ-ին շուրջ, որ իր գոյութեան ողջ ընթացքին գործեց հետեւելով իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին, բարձրացաւ իր միութենականներով ու բարձրացուց ժողովուրդն ալ:

Մայիսեան փառատօնը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կշռոյթով, Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով ու ջահավառութեամբ, որոնց համար Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերուն սկաուտները միասնաբար պատրաստած էին գեղեցիկ, 30 մեթր ու 12 մեթր բարձրութեամբ կանգնած տպաւորիչ ձեռակերտ դրօշակի կայմ ու անմար կրակի յատուկ բաժին: Նման ձեռայինի մը պատրաստութիւնը ժամանակ, ջանք ու միացեալ ծրագրում եւ գործադրութիւն պահանջած էր տարազաւորներէն, որոնց աշխատանքին արգասիքը զարդարեց դաշտը ամբողջ փառատօնին ընթացքին:

Անկէ ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած 2024-2025 տարեշրջանին Ընդհանուր ծառայութեան շրջանի կարգին իրենց մասնակցութիւնը բերած եւ աւարտած 18 երէց-պարմանուհիներ ստացան Ընդհանուր ծառայութեան շրջանի կարգ:

Անոր յաջորդեց ԼԵՎԱՄ-ի լաւագոյն մարզիկ եւ մարզիկուհիի մրցանակի եւ վահանի տուչութիւն: ԼԵՎԱՄ-ի 2024-25 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկուհիի մրցանակը ստացաւ Լորէն Ճերմակեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, լաւագոյն մարզիկի մրցանակը տրուեցաւ երկու աշակերտներու` Կի Խանճեան եւ Քալէ Դրօ Հարպոյեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, դպրոցը նաեւ արժանացաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահանին:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Վահան Համամճեան, որ ըսաւ, թէ նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ը իր ստեղծման առաջին օրէն իսկ ինքզինք գտաւ բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման եւ անմիջապէս լծուեցաւ Ցեղասպանութեան ականատես եղած, սակայն հազիւ ճողոպրած հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին, աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ը նոյն օրերուն նաեւ ձեռնարկեց հայրենի ժողովուրդի, պետականութեան եւ բանակին օժանդակութեան գործին, հաւատարիմ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին եւ սկաուտական խոստումին` ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պարտաւորութեան:

Համամճեան շեշտեց, որ այս կազմակերպութիւնը կրցաւ դիմակալել բոլոր դժուարութիւնները եւ դարձաւ ուժեղ բանակ` թուրքին տալով բարձրաղաղակ պատասխան մը: Կամաւորութեան եւ նուիրումի վրայ խարսխուած այս միութիւնը սփիւռքի մէջ հայութեան կազմաւորման հիմնական սիւներէն եղաւ, ժողովուրդին կողքին կանգնեցաւ, տէր եղաւ սերունդներու եւ ստանձնեց անոնց ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան կազմաւորումը հաստատելով, որ այս բոլորը կարելի եղաւ իրականացնել` շնորհիւ ազգ-կազմակերպութիւն անքակտելի կապին, գաղափարախօսական ամուր հիմունքներու կառչածութեան, ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքին հանդէպ անսասան հաւատքին եւ մանաւանդ` ՀՄԸՄ-ական յաջորդական սերունդներու անձնազոհ նուիրումին ու վճռական պայքարին:

«Հրաշքի համազօր է այսքան երկար ժամանակ մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը պահելը եւ թիւով ու որակով տեւաբար յառաջդիմելը, իսկ այդ հրաշքը մենք կը պարտինք մեր սքանչելի ժողովուրդին, որ մնայուն համակիրն ու քաջալերողն է մարզական խումբերուն, անփոխարինելի ներշնչումի աղբիւրն ու խրախուսողը` սկաուտական շարքերուն, իր զաւակը այս միութեան յանձնողն ու վստահողը», հաստատեց ան` դիտել տալով, որ այս միութիւնը իր գոյութիւնը հիմնականօրէն խարսխեց մարզական ազնիւ ոգիին վրայ, որուն մէջ համադրուած են մարդկային բոլոր առաքինութիւնները:

Շարունակելով իր խօսքը` Համամճեան դիտել տուաւ, որ մարզական ոգիի զուգընթաց, իբրեւ հայկական միութիւն, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղաւ հայ մատղաշ հոգիներուն մէջ քանդակել հայու ոգին, որուն շնորհիւ այս միութիւնը կարողացաւ դիմագրաւել ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ հայ պատանիին ու երիտասարդին մէջ նախ կերտեց մարդը, հայը եւ ապա` սկաուտն ու մարզիկը:

Այսօր նաեւ կը նշենք հպարտութիւնը 1918 թուականին կերտուած մայիսեան հրաշք անկախութեան: Մայիս 28-ը շունչ տուաւ հայութեան, ապրելու եւ յարատեւելու վճռական կամք ներշնչեց անոր:

«Այսօր մենք միասնաբար կ՛երդնունք կրկին ծառայել ազգին ու հայրենիքին, շարունակել մեր սրբազան պայքարը` մինչեւ ազատագրուի Արեւմտահայաստանը, մինչեւ վերատիրանանք մեր հզօր Արցախին, որովհետեւ մենք քաջ հաւատացողն ենք ու բարձրաձայն կը կրկնենք` Արարատը հայկական է, Արցախը համայն հայութեան է, Հայ դատի հետապնդումը նուիրական պարտականութիւնն է բոլորիս, մինչեւ որ եռագոյնը ծածանի Կարսի, Արտահանի ու Նախիջեւանի մէջ, իսկ Արցախի դրօշը` Ստեփանակերտի ու Շուշիի մէջ», իր խօսքը եզրափակեց Վահան Համամճեան:

Ապա տարազաւորները հանդէս եկան կենդանի պատկերով` ներկայացնելով բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներն ու բանակումի մթնոլորտը` հիմնականօրէն առանցք ունենալով այս տարուան 15-19 յուլիսին Լիբանանի Պասքինթա շրջանին մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 175 տարազաւորներ` Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ:

Երկրորդ կենդանի պատկերին թեման Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերն էին, որոնք 24  յուլիսէն 2 օգոստոս պիտի կայանան  Երեւանի մէջ, եւ որոնց պիտի մասնակցին միութեան 18 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն աւելի քան 750 մարզիկ-մարզիկուհիներ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Թալին Օրտողլեան, որ հաստատեց, թէ մայիսը կերտեց Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, ականատեսը եղաւ հերոսական Շուշիի ազատագրման, նաեւ լիբանանահայութեան եւ ՀՄԸՄ-ականներուն տարեկան ժամադրավայրը կը դարձնէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը, ուր տեղի կ՛ունենայ տողանցքը` նուիրուած 1918-ի փառահեղ յաղթանակին:

Ան նկատել տուաւ, որ անսահման ուրախութեամբ եւ հոգեկան անխառն գոհունակութեամբ  այս շարքերը վստահաբար կը դիտէ նաեւ երախտաւորներու այն սերունդը, որ 107 տարիներ առաջ յանդուգն գաղափարը յղացաւ հիմնելու ՀՄԸՄ-ը, որ աւելի քան հարիւրամեայ իր երթին ընթացքին ուռճացաւ ու բազմացաւ, դարձաւ համատարած ու համահայկական միութիւն մը, որ այսօր իր շուրջ կը համախմբէ աւելի քան քսանհինգ հազար անդամներ եւ նոյնքան ու թերեւս աւելի համակիրներ:

Օրտողլեան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այս սէրը եւ վստահութիւնը, ՀՄԸՄ-ի հանդէպ, ի՞նչն է, որ զայն կը տարբերէ ուրիշներէ եւ եզակի ու իւրայատուկ կը դարձնէ, ո՞րն է այն գաղտնիքը, որ 107-ամեայ այս հսկան կը պահէ միշտ երիտասարդ, բացատրելով, որ ՀՄԸՄ կը մնայ երիտասարդ, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր մանուկի մը կամ պատանիի մը մուտքը իր շարքերէն ներս` նոր աւիւն ու կենսունակութիւն կը բերէ իրեն հետ, նոր արիւն կը ներարկէ անոր երակներուն:

«Տասնամեակներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ը վստահութիւն ներնշնչելով` դարձած է հարազատ ու ապահով բոյնը հայ մանուկին ու պատանիին: ՀՄԸՄ-ի ակումբներն ու կեդրոնները պարզապէս հաճելի ժամանցի վայրեր չեն, այլ անոնք, ծնողքին ու հայ վարժարանին կողքին, հայեցի դաստիարակութեան դարբնոցներ են եւ հայապահպանման ամրոցներ», հաստատեց Օրտողլեան աւելցնելով, որ դիւրին չէ նման դերակատարութիւն ստանձնելն ու զայն անխախտ պահելը, յատկապէս` 21-րդ դարու նոր աշխարհին մէջ եւ անոր ամէնօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց: Արդարեւ,  ՀՄԸՄ-ը չի կրնար տեղքայլի մէջ մնալ, երբ արհեստագիտութիւնն ու անոր ընձեռած միջոցները կը կլանեն բոլորիս առօրեան, այլ պիտի գտնէ ձեւերն ու միջոցները` ըլլալու ա՛յս դարու կազմակերպութիւնը` քայլ պահելով փոփոխութիւններուն հետ` առանց սակայն զիջելու իր անխախտ սկզբունքներէն ու նպատակէն: Այս բոլորին զուգահեռ, ՀՄԸՄ-ը պիտի պահէ ազգային իր ինքնուրոյն դիմագիծը եւ ազգային հարցերով տոգորուած միութիւն ըլլալու յատկութիւնը. Միութիւն, որ իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան բոլոր փուլերուն ճերմակ թէ սեւ օրերուն: Իբրեւ համահայկական կառոյց` ՀՄԸՄ կը շարունակէ տարածուիլ գաղութներու մէջ` բարձրացնելով իր շրջաններուն եւ մասնաճիւղերուն թիւը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Թալին Օրտողլեան շեշտեց, որ երթը պիտի շարունակուի` հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն:

Այնուհետեւ հասաւ սպասուած պահը. ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան կշռոյթներով խրոխտ, հպարտ եւ հաստատ քայլերով, պահանջատէր ու ինքնավստահ հայու դոփիւնով տողանցեցին` ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը, Շրջանային խմբապետութիւնը, վեթերան խմբապետները, ՀՄԸՄ-ի մարզական ներկայացուցչական խումբերը, մարզական դպրոցի աշակերտները, մասնաճիւղերու մարզիկները, ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցած հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտները, ԼԵՄ-ականներն ու պատանիները:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան ողջունեց Հայոց պատմութեան շքեղագոյն դէպքին հետ մեզ հաղորդակցութեան մէջ դնող Մայիսեան սոյն փառատօնը, որ արդէն իսկ լիբանանահայ մեր կեանքին ու ապրումներուն հետ սերտօրէն հիւսուած նուիրական աւանդ է: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ ներկայիս հայութեան կեանքէն ներս չունինք Արամ Մանուկեաններ, բայց անիկա պատճառ չէ, որ մեր զաւակներուն նայելով` մենք չսպասենք նորերը, որոնք պէտք է գան մեր հայրենասիրական ապրումներէն,  Հայաստանի անկախութիւնը ամէն բանէ վեր դասող մեր ուխտապահ ժողովուրդի գիտակցութենէն, որ հակառակ իր ցան ու ցրիւ վիճակին` կը շարունակէ Հայաստանի տեսլականով վարել իր հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մարզական ու համայնական աշխատանքներն ու կեանքը, մեր ազգի լուսաւոր ապագայով ներշնչելու համար գալիք սերունդները:

«Մայիս 28-ը փառաւոր ժառանգութիւնն է մեր անցեալին, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ պատմութիւնն ու հայրենական յիշատակները պէտք է անեղծ մնան մեր յիշողութեան մէջ:  Հետեւաբար այս առիթը, մեզ ուխտադրութեան հրաւիրող սրբազան պահ է, որպէսզի նախ յիշենք, որ մեր ժողովուրդի նահատակութիւնն էր մեր ազգի անկախութեան գինը, ու նաեւ մեր ազգային երազներուն ու դարաւոր իտէալներուն հասնելու գիտակցութեամբ լաւապէս ըմբռնենք, թէ անոնք, որոնք կ՛ուզեն հաւատարմութեամբ ու պատուով մեր պատմութեան երթը շարունակել, պէտք է անցեալին չափ կարեւոր նկատեն ներկան ու ապագան ու անդրադառնան, որ մեր հայրենիքին անկախութիւնը պաշտպանելու համար պէտք է հաշտ ըլլանք մենք մեզի հետ եւ մեր ազգի ամբողջութեանը հետ: Առանց այդ գիտակցութեան` գոյութիւն չունի անկախութիւն, շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ ըսաւ, որ մայիսեան հերոսներու հոգին դարձեալ մեզ պէտք է հաւաքէ ու նոր սլացք տայ մեր կեանքին ու ապրումներուն: Մասնաւորապէս ներկայ քաղաքական ու շրջանային անորոշ դասաւորումներուն մէջ  ուշադիր պէտք է ըլլանք մեր ժողովուրդի ոգեղէն վիճակին ու հայրենանուէր կեցուածքին նկատմամբ,  որպէսզի Արցախի  անփառունակ ու անժամանակ կորուստէն ետք դաւադրութեանց զոհը չդառնայ նաեւ Հայաստանը, որուն հորիզոնին վրայ այսօր կուտակուած են մութ ամպեր: Հետեւաբար,  բոլոր ժամանակներէն աւելի, Հայաստան ու սփիւռք այսօր իրարմով ու միասին պէտք է ըլլանք, որպէսզի գալիքին համար քաջութիւն գտնենք:

«Փա՛ռք ու պատի՛ւ Հայաստանի անկախութեան համար զոհուած բոլոր դիւցազուններուն, որոնց քաղցր յիշատակը կը շարունակէ լուսաւորել մեր կեանքի ճամբան: Պատի՛ւ անոնց, որոնք հայրենի հողին ժառանգութիւնը պահելու ու անկախութիւնը պահպանելու համար ուժ եւ կամք կը տրամադրեն, եզրափակ»ց Շահէ արք. Փանոսեան:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառա՛ջ,  նահատակ»-ով:

 

 

 

Նախորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Բացում Եւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Յաջորդը

Թենիս. Ճոքովիչ Յաղթեց Զվերեւին Եւ Պիտի Մրցի Սինըրի Դէմ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?