Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ մամուլի երկարատեւ լոսանճելըսաբնակ գործիչ Յովհաննէս Բալայեան, որ զեկուցեց Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսնող թերթերու ընդհանուր վիճակին մասին եւ ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն:
Ան զեկուցեց նաեւ բարեսիրական այն աշխատանքին մասին, որ կը տարուի Գիւմրիի մէջ եւ որ կը վերաբերի հաշմանդամ երեխաներուն եւ մանկատուներու վերանորոգման: