Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փորթուգալի 2016-ի Ուիքի Ճամբարը Լեզուն Ու Զուարճութիւնը Իրարու Միացուց

Նոյեմբեր 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

wiki_110116

Գրելու սէրը եւ ամառնային մարզախաղերը բնորոշեցին արեւմտահայերէն երկրորդ Ուիքիճամբարը, որ տեղի ունեցաւ Փորթուգալի Թեմփօ տէ Ավենթուրա երիտասարդական կեդրոնին մէջ (Քատաւալ), 17-էն 26 օգոստոս 2016-ի միջեւ:

Այս տարի Ուիքիճամբարին խումբը կը բաղկանար 50 երիտասարդներէ եւ 7 վարիչներէ: Կու գային Աթէնքէն (2 հոգի), Պէյրութէն (8), Պոլիսէն (19), Լիոնէն (4), Մարսէյէն (2), Փարիզէն (12) եւ Երեւանէն (10): Շաբթուան ընթացքին, մասնակիցները յօդուածներ գրեցին ու խմբագրեցին «Ուիքիփետիա»-ի եւ Ուիքիբառարանի (Ուիքշընըրի) համար, բազմազան եւ այլազան նիւթերու շուրջ` սկսելով Հարի Փոթըրէն եւ ընդգրկելով ճարտարապետութիւն, կենսագրութիւններ, մինչեւ իսկ` հովանոցի պատմականը: Գրական աշխատանքի կողքին, երիտասարդները բացօթեայ զանազան զբաղումներ ունեցան` լողացին, թիավարեցին, պարանով սահեցան եւ շատ մը հաւաքական մարզախաղերու մասնակցեցան:

Փորթուգալի Ուիքիճամբարի հիմնական նպատակն էր քաջալերել մասնակիցներուն արեւմտահայերէն գրելն ու խօսիլը իբրեւ ամէնօրեայ արտայայտութեան միջոց: Բայց կը միտէր նաեւ ստեղծել ընկերային հետաքրքրաշարժ միջավայր մը, որ ծնունդ տար աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը` նոր բարեկամութիւններու: Բնականաբար` մասնակիցները անմիջապէս առցանց խումբ մը ստեղծեցին եւ կանոնաւոր կապ կը պահեն մէկ երկիրէն միւսը:

Թէ՛ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ թէ՛ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան քանիցս այցելեցին Ուիքի ճամբարը եւ խորապէս տպաւորուեցան մասնակիցներուն եռանդով:

Փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 24 օգոստոսին: Մասնակիցներն ու վարիչները վկայականներ ստացան: Վերջին օրը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը դէպի Լիզպոն զբօսապտոյտ մը կազմակերպեց, որուն ընթացքին Ուիքիճամբարի մասնակիցները առիթ ունեցան այցելելու հիմնարկութեան թանգարանը եւ լուսանկարուելու պարտէզին մէջ զետեղուած Գալուստ Կիւլպէնկեանի նշանաւոր արձանին մօտ:

Երբ մեկնելու ժամը եկաւ, մասնակիցները «Ուիքիփետիա»-ի համար  արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու իրենց պատրաստակամութիւնը պարզեցին: Ոմանք մինչեւ իսկ իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ «Ուիքիփետիա»-ի գրական ակումբներ հաստատելու փափաքը յայտնեցին:

Փորթուգալի Ուիքիճամբարին նպատակը միայն յօդուածներու քանակը աւելցնել չէր մրցութային մթնոլորտի մը մէջ. շեշտը դրուած էր լեզուական իւրացումի, գրական ձիրքերու զարգացումի, ինքնավստահութիւն ձեռք բերելու եւ հաւաքական մասնակցութեամբ աշխատանք կատարելու վրայ:

«Անսովոր բան մըն է հայերէնի հանդէպ այսպիսի հետաքրքրութիւն եւ ստեղծագործական ոգի տեսնել երիտասարդներուն մօտ», ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան: «Ուիքիճամբարները լեզուն զուարճալի եւ մատչելի կը դարձնեն, փոխանակ զայն վերածելու բեռի մը կամ մասունքի մը», աւելցուց ան:

«Վիքիմետիա Հայաստան»-ը հիմնուած է 2013-ին: Ան միջազգային Ուիքիմետիա հիմնարկութեան գործօն անդամ մըն է, որ ճանչցուած է Սուսաննա Մկրտչեանի ղեկավարութեան տակ իր նորարար նախաձեռնութիւններով: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը  2015-ին սկսաւ աջակցիլ «Վիքիմետիա Հայաստան»-ին` երիտասարդ հեղինակներու մօտ արեւմտահայերէն գրելու մղումը քաջալերելու հեռանկարով:

Նախորդը

Մովսէսն Ալ Մեկնեցաւ

Յաջորդը

Հոլլանտ Խոստացած Է Քալէի Մէջ Գաղթականներու Նոր Ճամբարի Ստեղծում Չարտօնել

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?