Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեան եւ դպրոցի ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու ներառման գործընթացի պատասխանատու ուսուցիչներ Լուսինէ Սայիեան եւ Ռուզաննա Աւետիսեան այցելեցին «Ազդակ» եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ: Հիւրերուն կ՛ընկերանային Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Ռիթա Ժամկոչեան եւ ուսումնական յատուկ դժուարութիւն ունեցող բաժանմունքի պատասխանատու, «Զարթօնք»-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան:
Մելսիդա Քարդումեան զեկուցեց Մարտակերտի դպրոցներու վիճակին, աշակերտութեան թիւին եւ այստեղ իրենց կատարած դիտարկումներուն, աշխատանքներուն եւ ձեռք բերուած փորձառութիւնները փոխադարձաբար օգտագործելու կարեւորութեան մասին:
Յիշենք, որ Արցախի ուսուցիչները Լիբանան կը գտնուին հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, գործակցաբար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան` «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» կարգախօսին տակ տարուող աշխատանքներու շրջանակներոուն մէջ: