Այսօր, ՀՅԴ տեղեկատուական մարզի գործիչներու խումբը` բաղկացած տեղեկատու գրասենեակի ներկայացուցիչէն եւ «Ազդակ»-ի, «Վանայ Ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներէն եւ խմբագիրներէն, մեկնեցաւ Երեւան:
Տեղեկատուական խումբը ուղղակի սփռումներով եւ թղթակցութիւններով լիբանանահայութիւնը իրազեկ պիտի պահէ կիրակի, 2 ապրիլին տեղի ունենալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող արդիւնքներուն հրապարակման եւ արժեւորումներուն մասին: