ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն երէկ` հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր յարգանքի երեկոյ` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կրտսեր անդամ, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ հայութեան ազգային-հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչին` Ռոստոմին, անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Ղազարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան եւ հայութեան կեանքին մէջ Ռոստոմի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը: Ան շեշտեց, որ Ռոստոմ դաշնակցական անմահացած հերոս է, որ իր յեղափոխական տիպարով իրերայաջորդ սերունդներուն համար եղաւ ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ լիարժէք նուիրումի օրինակը, որ յղացաւ, կերտեց ու կազմակերպեց:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուած էր Ռոստոմի կենսագրականը, տարած բեղուն գործունէութիւնն ու ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը հայութեան կեանքին մէջ:
Ապա Անի Նալպանտեան եւ Սօսի Սէֆէրեան հանդէս եկան զուգերգներով, իսկ Քրիսթինա Սրապոնեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք»-ը:
Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ Ռոստոմի կենսագրական հիմնական տուեալները ներկայացնելով լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան ծննդեան ու կազմաւորման, հայկական ազատագրական պայքարին, հայութեան պահանջատիրութեան եւ հայուն կորովն ու կամքը կոփելու մէջ անոր ունեցած մեծ ու անժխտելի դերակատարութիւնը: Ան շեշտեց, որ Ռոստոմ եղած է այն անձը, որ բազմիցս հալածուած է, ձերբակալուած, աքսորուած, սակայն միշտ ու միշտ կրկին վերադարձած է Երկիր` ըլլալու իր ժողովուրդին հետ, լծուելու գործի ու լծելու ուրիշներ, պայքարելու հայութեան իրաւունքներուն ի խնդիր եւ մղելու հայութիւնը` տէր կանգնելու անոնց, առանց բացայայտ ու ցուցական ոճի, միշտ գործելով ստուերի մէջ, լուռ, սակայն ազդեցիկ, վայելելով բոլորին սէրն ու յարգանքը: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ համալսարանական տարիներուն Ռոստոմ արդէն սկսած է ձերբակալուիլ` իր յեղափոխական գործունէութեան համար:
«Ռոստոմը միշտ նկատուած է Դաշնակցութեան գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը. երբ 1890 թուականի ամառը զանազան խմբաւորումներ հաւաքուած կը խորհրդակցէին, կը խօսէին եւ բուռն ժողովներ կը գումարէին Դաշնակցութիւնը հիմնելու համար, Ռոստոմ Մոսկուա էր, հիմնադրութիւնը գործնապէս կատարուելէն ետք է, որ ան կու գայ, բայց հազիւ սկսած Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, անոր աշխատանքը այնպիսի ոճ եւ ձեւ պիտի ունենար, որ առանց կասկածի, Քրիստափորի եւ Զաւարեանի կողքին Ռոստոմ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացաւ», ըսաւ Ճինպաշեան:
Տիգրան Ճինպաշեան մատնանշեց այն բնագաւառները, ուր Ռոստոմ եղած է ստեղծող ու նախաձեռնող` Թաւրիզի մէջ Դաշնակցութեան զէնքի պահեստանոցի հիմնում, «Դրօշակ»-ի հրատարակութիւն, զինուորական դպրոցի բացում, կամաւորական գունդերու կազմակերպում եւ այլն:
Խօսելով Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր ժողովին մասին` դասախօսը ըսաւ, որ հոն Ռոստոմ կ՛ունենայ շատ ծանրակշիռ ներկայութիւն. «Մենք Ռոստոմին կը պարտինք Դաշնակցութեան ծրագիրին տեսական բաժինը, անոր կազմակերպութեան ձեւը, յատկապէս տնտեսական մասը, զոր ուղղակի ինք խմբագրած է», յայտնեց Տ. Ճինպաշեան:
Յիշելով 1906-ի հայ-թաթարական կռիւները` բանախօսը ըսաւ, որ այդ հանգրուանին Ռոստոմ ամէն տեղ էր` Ղարաբաղ, Երեւան, Շիրակ, Կարս, Շուշի: Ապա ան խօսեցաւ տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր մակարդակներու վրայ ու շրջանակներու մէջ Ռոստոմի տիրական ու ազդու ներկայութեան եւ տարած աշխատանքներուն մասին: Ռոստոմ մահացած է 18 յունուար 1919-ի. «ամբողջ կեանքը Հայաստանով, Հայաստանի գաղափարով ապրած Ռոստոմ մեռաւ Հայաստանի դրան սեմին` առանց տեսնելու իրականութիւն դարձած երազը»:
Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ, որ Ռոստոմի ամբողջ կեանքը եղած է անանձնական, երբեք ինքնիրմով չէր հետաքրքրուեր, համեստութեան մարմնացումն էր, ունեցած է թափառականի առօրեայ, ինչպէս Մալխասը կ՛ըսէ` ան նման էր խոտերուն մէջ թաղուած մանուշակի, որ հազիւ կ՛երեւի, սակայն բուրմունքը կը զգաս ու անով կը գինովնաս:
«Այդ աներեւոյթ մարդուն անշօշափելի գործերը միշտ դժուար եղած են, բայց կարելի եղած է զգալ, գիտնալ, սակայն անկարելի եղած է փաստել, որ ինքն է այդ գործը կատարողը: Հասարակ ուսուցիչ մըն է Էրզրումի մասնաւոր դպրոցի մը մէջ, համեստ է իր ապրուստով, հագուստով, ոչ ոքի ուշադրութիւնը կրնայ գրաւել իր պարզ շարժուձեւերով: Շատ քիչ կը խօսի եւ գրեթէ բնաւ չի ճառեր, կը խուսափի ամէն տեղ իր միտքերը արտայայտելէ, զինք շրջապատողներէն շատերը նոյնիսկ չեն հաւատար, թէ ան յեղափոխական կրնայ ըլլալ եւ նոյնիսկ երբեմն յեղափոխութեան դասեր ալ կու տան այդ ամէն բանէ անտեղեակ, թշուառ վարժապետին», ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան` շեշտելով, որ ան եղած է գործի մարդ:
Բանախօսը ըսաւ, որ Ռոստոմ իր գործակիցներուն քարոզել կու տար հետեւեալները.
1. Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրը դարձնել ժողովուրդին համար սրբութիւն մը, որ համազօր ըլլայ կրօնական զգացումներուն եւ նոյնիսկ գերազանցէ զանոնք:
2. Դաշնակցութեան դրօշին տակ պէտք է կազմակերպել, ըստ կանոնագիրի, քիչերը միայն, որոնք ո՛չ միայն կը հասկնան ու կը համակրին ծրագիրին, այլ նաեւ պատրաստ կ՛ըլլան անձամբ գործադրելու զայն եւ հարկ եղած պարագային նոյնիսկ զոհաբերել իրենց կեանքը:
3. Հայկական դատը Թուրքիոյ մէջ միայն ազգային ու կրօնական դատ չէ, այլեւ դասակարգային, դատ ճնշուածներու` ընդդէմ ճնշողներու: Եւ նկատի ունենալով, որ քիւրտերուն եւ թուրքերուն մէջ ալ ճնշուածներ կան, պէտք է ջանալ անոնց հետ միանալ ընդհանուր ուժերով պայքարելու համար կառավարութեան դէմ:
4. Հայ ժողովուրդը, իբրեւ հարստահարուած տարր, միայն զէնքով կրնայ փրկութիւն գտնել, եւ միմիայն անոր զինուած դիմադրութիւնն է, որ կրնայ կասեցնել կամ սահմանափակել բռնութիւնն ու կոտորածները:
5. Յեղափոխական գործիչը, մարտիկը իր անձնական օրինակով, կարգապահութեամբ, տառապանքով, հերոսութեամբ եւ նահատակութեամբ պիտի դաստիարակէ ժողովուրդը եւ պատրաստէ զայն ըմբոստութեան պայքարին:
Բանախօսը իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ այս բոլորը տակաւին բաւական այժմէական են:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Շաքէ Պաղտասարեանի կողմէ ներկայացուած ազգային երգերով: