Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին գրաւոր հայց ներկայացնելով, Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին իրաւական յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց`
Առաջին, 7 դեկտեմբեր 2016-ին իրեն ներկայացուած Սիսի կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը: Արդարեւ, մտահոգիչ կացութիւն մը, որուն նկատմամբ, ինչպէս կը յիշեցնէ իրաւական յանձնախումբի հայցը, Եւրոպական խորհուրդի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի ներկայացուցիչը` 15 փետրուարին, եւ Վենետիկի յանձնաժողովը` 13 մարտին իրենց մտավախութիւնը յայտնած էին, բազմաթիւ այլ երկիրներու ու կազմակերպութիւններու շարքին:
Երկրորդ, իրաւական յանձնախումբը նաեւ կ՛առաջարկէ արագացնել Սիսի կաթողիկոսարանի դատավարութիւնը Եւրոպական դատարանի 61-րդ յօդուածին համաձայն“ նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ անոր մերժումը, ինչպէս նաեւ դատին ներկայացուցած կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին համար:
Յայտնենք, որ իրաւական յանձնախումբը վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ մօտէն կը հետեւի Սիսի դատին առնչուած աշխատանքներուն:



