Դամասկոսի մէջ «Շարք» հրատարակչատունը հրատարակեց «Սուրիացի արաբ ականատես Ֆայէզ Ղուսէյնի յուշերը Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագիրով գիրքը (Թարգմանութիւնը` արաբերէն բնագիրէն, յառաջաբանը, ներածութիւնը եւ ծանօթագրութիւնները), զոր համահեղինակած են Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արշակ Փոլատեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Լեւոն Սարգսեան:
Հրատարակիչ, երեսփոխան Նեպիլ Թոմէ իր նախաբանին մէջ բարձր գնահատած է Ա. Փոլատեանի եւ Լ. Սարգսեանի կատարած աշխատանքը, զոր նկատած է մեծ ներդրում Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան զանազան հարցերու ուսումնասիրութեան ասպարէզին մէջ:
Փոլատեան իր յառաջաբանին մէջ շեշտը դրած է սուրիացի ականատես Ֆայէզ Ղուսէյնի յուշերուն վրայ` մեկնելով այն հանգամանքէն, որ ան վկայած է հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան: Փոլատեան այդ յուշերը նկատած է իբրեւ ամէնէն հին եւ ամէնէն կարեւոր արաբական վկայութիւնը` իբրեւ իրաւացի փաստաթուղթ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան:
Ան համոզուած է, որ զուգընթաց հեղինակի արաբերէն բնագիրին տպագրութիւնը անհրաժեշտ էր, ինչպէս նաեւ Ղուսէյնի յուշերուն հայերէն թարգմանութիւնը առաւելութիւն մըն է հայկական հարցի նիւթով հրատարակուած տասնեակ յուշերուն եւ ուսումնասիրութիւններուն առումով:
Առաջին անգամ արաբերէն բնագիրէն արեւելահայերէն գիտական շրջանառութեան մէջ կը դրուին արաբ ականատես Ֆայէզ Ղուսէյնի բոլոր յուշերը, որոնք արժանահաւատ նիւթեր կը մատակարարեն հայոց մեծ ողբերգութեան պատմութեան մասնագէտներուն:
Գիրքին բովանդակութիւնը կը կազմեն` յառաջաբանը, ներածութիւնը, Ֆ. Ղուսէյնիի «Ջարդերը Հայաստանի մէջ», Ֆ. Ղուսէյն «Իմ յուշերս արաբական յեղափոխութեան մասին», ծանօթութիւններ, ամփոփումը եւ օգտագործուած գրականութեան ցանկը:



