Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Պիքֆայա

Ապրիլ 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները ներկայացնող վարչութիւններէ բաղկացած խումբ մը պատանիներ մեկնեցան Պիքֆայայի վանք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին դիմաց:

Պատանիները նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, ապա «Մշակ բանուոր» քայլերգով սկիզբ առաւ ձեռնարկը: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Արամ Սոմունճեան, որ դիմելով պատանիներուն ըսաւ. «Եկած էք այսօր հոս` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կրտսերագոյն սերունդի ներկայացուցիչներ, յարգանքի ձեր տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն եւ գոյատեւող նախահայրերու յիշատակին: Ձեզմէ ո՞վ չէ լսած իր մեծ հօր պոռթկումը: Ո՞վ չէ տեսած իր մեծ մօր արցունքոտ ժպիտը, ո՞վ չէ զգացած իր ներքին ցաւը, որ միայն ցաւ ըլլալէ անդին բռունցք  մըն է պայքարի եւ ժայթքող բոց մը` աւելի քան դար մը կուտակուած վրէժի: Այս էր նշանաբանը Խանասորի մեր ֆետայիներուն: Այս եղաւ նշանաբանը բոլոր անոնց, որոնք մահը անտեսելով խիզախօրէն պայքարեցան հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ի խնդիր»:

Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Սոմունճեան ըսաւ. «Այսօր տակաւին չէ աւարտած պատերազմը: Տակաւին թշնամին փորձեր կը կատարէ նուաճելու մեր հողերը` փորձութեան տակ դնելով այս անգամ Արցախը: Պայքարի դաշտը լայն է. օտարամոլութիւն, ձուլում, անտարբերութիւն եւ ծուլութիւն: Կա՞յ աւելի վտանգաւոր հարց: Հետեւաբար, այսօր, եւ ամէն օր, եղէ՛ք արթուն ձեր շրջապատին մէջ: Աշխատեցէ՛ք ամէն գնով պահպանելու մեր հայկական արժէքները: Եղէ՛ք ուժեղ եւ համարձակ, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ ալ մտովին: Երբեք մի՛ յուսահատիք եւ մի՛շտ մտածեցէք, որ այսօրուան ձեր աշխատածը վաղուան ճամբան պիտի հարթէ»։

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքէն ետք Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով պատանիները ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգով:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Եւ «Բեկոր» Մասնաճիւղեր. Կոմիտասի Նուիրուած Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Յաջորդը

Խորհրդաւոր Քայլարշաւ Դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Եւ Հաւաք Յուշակոթողին Շուրջ

RelatedPosts

Ո՛չ Հայաթափման Եւ Ո՛չ Հայրենազրկման
Գաղութային

Ո՛չ Հայաթափման Եւ Ո՛չ Հայրենազրկման

Օգոստոս 19, 2022
Շաքէ Կէօնճեան 50 Հազար Տոլար  Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան
Գաղութային

Շաքէ Կէօնճեան 50 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան

Օգոստոս 19, 2022
Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն. 80 Տարեցներ Այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Եւ Մրուժ
Գաղութային

Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն. 80 Տարեցներ Այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Եւ Մրուժ

Օգոստոս 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In