Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի Հերթական Նիստ

Յունիս 9, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը՝ Գ. Փանոսեանի

8 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նստավայրին մէջ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական նիստը, որ կը վարէր «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Նիստին կը մասնակցէին Լրատուամիջոցներու  համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս, «Հայկական ՓիԱր ասոցիացիա» հասարակական կազմակերպութեան  նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:

Նիստին հեռակապով միացան Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, «Օրեր» (Չեխիա) ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, «Զարթօնք» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Ալիք» (Իրան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, «Հորիզոն» (Քանատա) շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, «Նոյեվ Կովչեգ» համառուսաստանեան հայկական ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան, «Արմենիա» (Արժանթին) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Ռուբէն Գազանճեան, «Պայքար» (Միացեալ Նահանգներ) շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան:

Մասնակիցները նիստին սկիզբը իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին  Իրանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն առնչութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն գործուն աջակցութեան համար եւ շնորհաւորեց «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրուելուն առիթով:

Այնուհետեւ ներկաները քննարկեցին 18-էն 20 սեպտեմբեր 2017-ին տեղի ունենալիք Հայրենիք-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին առնչութեամբ շարք մը հարցեր: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան ներկայացուց Հայրենիք-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի լուսաբանման ծրագիրը, որուն  վերաբերեալ հնչեցին առաջարկներ եւ դիտարկումներ: «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կարեւոր նկատեց համաժողովի ուղիղ հեռարձակումը:

Մասնակիցները անդրադարձան նաեւ Հայրենիք-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին օտար լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայազգի լրագրողներու մասնակցութեան հարցին:

Նիստին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ համահայկական հարցերու ներկայացումը տեղեկատուական հարթակի վրայ: «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան նշեց. «Պէտք է աւելի զարգացնել պետականակեդրոն մտածողութիւնը հայաստանեան ու սփիւռքի լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու շրջանակներուն մէջ, եւ լրատուութիւնը ծառայեցնել նախ եւ առաջ հայրենիքի բարօրութեան»:

Մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկներն ու դիտարկումները, որոնք կը նպաստեն Հայրենիք-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ամբողջական եւ համապարփակ լուսաբանման կազմակերպման:

Քննարկուեցան նաեւ ընթացիկ հարցեր:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Նախագահին Ուղղած Նամակով Դատապարտեց Թեհրանի Մէջ Պատահած Ահաբեկչական Արարքները

RelatedPosts

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ.  «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ
Գաղութային

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ. «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ

Նոյեմբեր 19, 2025
Ակնարկ.Դիւանագիտական Խողովակներ Եւ Շահերու Սպառնալիքներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.Դիւանագիտական Խողովակներ Եւ Շահերու Սպառնալիքներ

Նոյեմբեր 18, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական  Կոմիտէներու Խորհրդաժողով` Երեւանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէներու Խորհրդաժողով` Երեւանի Մէջ

Նոյեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?