Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին ընդունած է «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրԷն Շահան Գանտահարեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախ-սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է տեղեկատուական ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ խորացման եւ ընդլայնման:
Երկրին ղեկավարը Շահան Գանտահարեանին յանձնած է «Երախտագիտութիւն» մետալը, պարգեւատրելով «Ազդակ»-ը` երկարամեայ ազգանպաստ գործունէութեան համար:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է «Ազդակ»-ի գործունէութիւնը` նշելով, որ անիկա կարեւոր եւ հայրենանուէր առաքելութիւն կը կատարէ:




